ՔՆՆԱԴԱՏԸ
Արշակ
Չօպանեան
արժանիքը
ունի
մեր
քննադատութիւնը
սկսած
ըլլալու,
ու
մեղքը՝
զայն
տակաւին
իր
խանձարուրքին
մէջ
կարծելու,
ուրիշ
խօսքով՝
ինքզինքն
ու
շրջապատը
տեսնելու
եւ
դատելու
իննսունական
թուականներու
ոլորտէ
մը։
Տխուրը
հո՛ն
է,
որ
իր
բազմապիսակ
զբաղումները,
հետաքրքրութիւնները,
մեծ
չափով
քաղաքական
վաստակները
ատեն
չեն
ձգած
իրեն
քալելու
իր
ժամանակին
հետ։
Այնպէս
որ՝
կը
զարմանայ,
երբ
կը
տեսնէ
ուրիշներ,
որոնց
իր
սկսած
գործը
կը
տանին
աւելի
հեռուն,
հետեւելով
աշխարհիկ
իրերու
ճակատագրին
ու
չի
հանդուրժեր,
որ
մարդիկ
փորձեն
իրմէ
ետքը՝
ինչ
որ
փորձած
էր
ինք,
իր
ատենին։
Հոս
է,
որ
կը
բաժնուիմ
իրմէն
ու
առանց
իրեն
պէս
ջղայնանալու
կը
թողում,
որ
սերունդը
քալէ
ինք
իր
գլխուն,
արհամարհոտ
կամ
անտարբեր
(փոյթս
չէ
ատիկա),
բայց
քալէ։
Իրմէ
ետքը
Արեւմուտքին
հաղորդակից
մեր
միտքը
գնաց
շատ
աւելի
հեռու
ու
ճանչցաւ
ծալքեր
ու
խորութիւններ,
որոնց
կասկածը
չունէր
իր
ուրիշ
զբաղումներէն
կլլուած
Պ.
Արշակ
Չօպանեանը։
Քսան
ու
աւելի
տարիէ
ի
վեր,
անիկա
քննադատութիւնը
վերածած
է
խմբագրութեան։
Այժմեան
«
Անահիտ
»ին
մէջ
իր
քրոնիկ
ները
—
յատկանշական
է
բառը
ու
օրագրական
իր
արմատը
կ՚արժեցնէ
լիովին
—
օրաթերթի
յօդուածներ
են,
քիչ
անգամ
փետանթիզ
մով,
յաճախ
թեթեւ,
սահուն,
հաճելի,
բայց
որոնք
չեն
մնար,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
չեն
դիմանար
իրենց
սեպհական
ծանրոցով։
Չեմ
մօտենար
այդ
առիթով
հոս
ու
հոն
արձակած
անոր
սլաքներուն,
հաշուեյարդարի
խանդին
ու
կիրքին,
որոնք
կը
պղտորեն
պարզ
այդ
ճիգին
ճակատագիրը։
Որո՞ւ
համար
են
արդեօք
այն
անուշիկ,
սիրուն,
կոշտ,
անկիրթ
ածականները,
որոնք
ամէն
մշակւած
ուղեղ
պիտի
չներէր
իրեն
ըսել,
բարեկիրթ
շրջանակի
մը
մէջ,
ո՛ւր
մնաց
գրել։
Պ.
Չօպանեան
կը
մոռնայ,
թէ
ուրիշներ
իրմէն
աւելի
գիտեն
հայհոյելը
եւ
եթէ
կը
զգուշանան,
պատճառը
ինքզինքը
յարգելու
քիչ
մը
լուրջ
կեցուածքն
է
ու,
մա՛նաւանդ՝
սէրը
գործին,
որուն
աշխատաւորներն
են
իրեն
հետ։
Իմ
մասիս,
ես
չունիմ
դառնութիւն,
վասնզի
տխուր
բան
է
առանց
չարամտութեան
ծերերը
գրգռելու
անզգուշութիւն
մը։
Ու
յետոյ՝
չեմ
ալ
դարձնել
իրեն
իր
բառերը,
որոնց
համար
անշուշտ
կ՚ամչնայ։
Բայց
չեմ
կրնար
չըսել,
որ
իր
քրոնիկներուն
մէջ
Պ .
Արշակ
Չօպանեան
աւելորդ
յաւակնութիւն
կը
զետեղէ
ու
կը
յամառի
ինքզինքը
տեսնել
իր
երիտասարդութեան
լուսապսակին
մէջ։
Կար
ատեն
մը,
երբ
անիկա
մեր
վարպետն
էր,
եթէ
կ՚ուզէք՝
ածականով
մըն
ալ։
Ատոր
գոհունակութիւնը
ինչո՞ւ
պղտորել
ու
չհասկնալ
աշխարհին
օրէնքը։
Ֆրազի,
ոճի,
բանաստեղծական
շեղումի
խառնուրդ
իր
քննադատութիւնը,
այդ
նորաժամ
ռոմանթիզմը,
այսօր
չի
խօսիր
մեզի
(լայն
է
անհասկացողութեան,
տգիտութեան,
սոփեստութեան
բաժինը
այդ
ծանծաղ
գործին
մէջ։
Անիկա
նմոյշն
ալ
է
այն
աճպարարութեան,
որով
մարդիկ
հմտութեան,
թափանցումի,
խորութեան
տուրքերը
կը
փոխարինեն
ու
ոճին
շուքով
կը
խղտեն
իրականութեան,
ճշմարտութեան
փափուկ
ծաղիկը։
Կը
մեղադրեմ
զինքը,
որ
միջակութեան
պաշտամունք
մը
ստեղծեց
ու
առձեռն
բառարաններու,
գրագիտութեան
պատմութեանց
տեղեկատուութիւններու,
բոլոր
գրականութեանց
ամփոփոյքներու
ծանօթութիւնները
բաւ
սեպեց,
ու
նախընտրեց
արուեստին
օրէնքը
եղող
խոր
incubationէն։
Կը
մեղադրեմ
զինքը,
որ
մեկուսացաւ
ճշմարիտ
արուեստին
աշխատաւորներէն
ու
իր
քլիք
ը
ուզեց
ունենալ։
Իրեն
հետ
չեղան
մեր
տաղանդաւոր
գրագէտները։
Գիտեմ,
թէ
պիտի
քշէ
անունները
բոլոր
անոնց,
որոնք
իր
հանդէսներուն
մէջ
երեւցան։
Բայց
ատիկա
չի
հերքեր
անոնց
ու
իր
միջեւ
օր
մը
փորուած,
փորուելիք
անջրպետը։
Միտքէս
չ՚անցնիր
նոր
խարազան
մը
ուրուագծել
Պ .
Չօպանեանի
գլխուն:
Բայց
պարտաւոր
եմ
ըսել
ինչ
որ
կը
մտածեմ
իր
մասին։
Ու
կ՚ըսեմ
ատիկա
իրմէն
դուրս,
իրմէն
վեր
պայծառութեամբ
մը։
Կը
ցաւիմ,
որ
իր
քէներուն,
կողմնակցութեան
մէջ
վատնած
ըլլայ
գեղեցիկ
իր
տաղանդը։
Ի՞նչ
պիտի
մնայ
իրմէ
յիսուն
տարի
ետքը։
Կը
մտածէ՞
արդեօք
ատոր։
Եւ
սակայն
այնքան
լաւ
բաներ
կարող
էր
անիկա
ընելու),
քանի
որ
դատելը,
զգացական
իր
տարրերէն
հետզհետէ
ազատած՝
այսօր
իմացական
երեւոյթ
է,
հետամուտ՝
թօթափելու
ա՛լ
գրական
ջնարակը,
վերածուելու
համար
իմաստներու
խորաչափման
մը,
քարտիuահանումի
մը
ու
ժողովուրդի
մը
հոգին
խաչաձեւող
խոշոր
հոսանքներու
ցուցակագրումին։
Պ.
Չօպանեան
կը
շարունակէ
«
Անահիտ
»ի
իր
քրոնիկները,
առանց
նեղուելու
ընթացիկին
ճնշումէն,
զոր
դիզած
է
իր
ուսերուն՝
իր
իսկ
աշխատանքը
այդ
ուղղութեամբ։
Քլիշէն,
պատրաստ
գաղափարները,
տարազները
չեն
նեղեր
զինքը.
իր
մօտ
տեսակ
մը
a
rebours
հռետորութիւն
է,
չըսելու
համար՝
քնարական
զեղում,
գիրքերու
վրայ
խօսելու
ամէն
առիթ։
Ու
չի
զգար,
թէ
ցուցամոլութիւն,
գիտցուկութիւն
կը
ծախէ
մեզի։
Չի
կրնար
հայ
խոնարհագոյն
գրողին
անունին
հետ
չարտասանել
անունները
միտքի
հսկաներուն.
ու
դարերու
տիրակալ
դէմքերը
ծիծաղելի
կ՚ընէ՝
զանոնք
չխղճահարելով
մօտեցնելու
մերիններուն։
Օ՜,
իր
յատուկ
անունները։
Իր
tomeերը։
Իր
գզրոցները:
Երբ
կը
խօսիմ
ասոնք,
մտքիս
մէջ
անհանգիստ
եմ,
ցանկութեամբ
մը,
զոր
ունեցել
եմ
իր
մասին,
ամէն
անգամ,
որ
ձգած
եմ
իր
մէկ
յօդուածին
ընթերցումը՝
նուիրուած
մեր
գրական
դէմքերուն։
Ի՜նչ
գեղեցիկ
արդիւնք
դուրս
պիտի
գար
իրմէ,
եթէ
մեր
գրողներուն
գործերը
դատելու
գրքունակ
ու
ի
վերջոյ
տիրացուական
աշխատանքին
փոխարէն
(ուրիշ
բա՞ն
է
մեր
մէջ
քննադատութունը)
ապրեցնէր
անոնց
անձնաւորութիւնները
մեր
առջին։
Այս
տեսակէտով
անիկա
օժտուածներէն
մէկն
է,
թէ՝
իր
շրջանակովը,
թէ՛
ջերմ
ու
փաթեթիք
իր
խառնուածքին
տուրքովը։
Vie-romancéeներու
նախատիպ
հեղինակը
պիտի
ըլլար
անիկա
մեր
մէջ,
տակաւին
սեռէն
առաջ։
Հաւատաւոր,
հիացող
կամ
ատելավառ,
միշտ
իր
sensibilitéն
է,
որ
կը
մտնէ
իր
կողմէ
ուսումնասիրուած
որեւէ
գործի
ու
ասոր
հեղինակին
մէջտեղը։
Այս
բերմունքը
պատճառ
է,
որ
հեղինակին
դէմքը
ցցուի,
գունաւորուի,
բայց
ստուերուի
գործին
նկարագիրը։
Այս
գիծով`
չեմ
յիշեր
իրմէ
կարդացած
ըլլալ
աւելի
գեղեցիկ
բան
մը,
քան
Պ.
Ադամեանի
նուիրուած
իր
փորձը
(essai)։
Յաջողութիւնը,
կը
խորհիմ,
թերեւս
անկէ
է,
որ
տիպարը
մատչելի
էր
իրեն,
առաւելապէս
զգացական
գետինէն
(դերասանի
մը
մասին
մարդ
գրական
ֆրազներ
չի
կրնար
քշել,
պարտաւոր
է
կեանք
ու
ջիղ
տալու)
ու
իր
ջիղերուն
փորձառութիւնն
է,
որ
կ՚անդրադառնար
իր
էջերուն։
Ընդհանրացուցէք
այս
յաջողութիւնը
մեր
ուրիշ
դէմքերուն
ալ
վրայ,
որոնց
մեծ
մասին
հետ
անոր
ջիղերը
շփումի
են
մտած,
ու
դուք
պիտի
ունենայիք
գեղեցիկ
շարքը
այն
կենդանագիրներուն,
որոնք
Սէնթ-Պէօվի
մը
գործը
այնքան
յանկուցիչ
ու
շահեկան
կ՚ընեն
տակաւին
մինչեւ
այսօր։
Ինչ
որ
Հ.
Ասատուրը
փորձած
է
գրողներու
վրայ
—
անեկասթիք
ու
հատուածական
յօրինում
—
Պ.
Չօպանեանի
գրչին
տակ
պիտի
վերածուէր
համապարփակ
ու
լայն
պատմումի,
իր
զանազանութեան
մէջ
հրապուրիչ
ու
կենդանութեամբը
տպաւորող։
Պ.
Չ.
ձգած
է
այս
գեղեցիկ
կարելիութիւնները՝
հաւատարիմ
մնալու
համար
բառերու
critiqueին։
Եւ
սակայն
ատեն
է,
որ
իրեն
յիշեցնեմ,
թէ
ի՜նչ
թանկագին
ծառայութիւն
մատուցած
կ՚ըլլայ
մեզի,
եթէ,
հրաժարելով
ծեր
քարոզիչի
աննախանձելի
դերէն,
խորհէր
կեանքին
ուղղութեամբ։
Մօտաւորապէս
կէս
դար
ունի
իր
գոյութեան
ցանցին
մէջ։
Ու
այդ
ցանցը
ընդարձակ
է
շատ։
Հոն
իրեն
ուրուաստուերը
ունին
մեր
նորագոյն
պատմութեան
բոլոր
դէմքերը։
Անիկա
եղած
է
շատ
մը
մարդերու
շունչին
ու
հոգիին
հետ
ու
մէջ։
Անիկա
կը
ճանչնայ
մեր
բոլոր
գրողները
ու
մասնակից
է
մեր
ներքին
շարժումներէն
կարեւորագոյններուն։
Թող
այդ
ընդարձակութեամբ
աշխարհէ
մը
անիկա
պատմէ
մեզի
ինչ
որ
զգաց
ու
տեսաւ,
իր
հաճելի,
խայթող,
երբեք
տափակ
ոճին
տակ
(Չօպանեանին
ոճը
անհանդուրժելի
է,
երբ
կը
ճոռոմաբանէ,
կը
փիլիսոփայէ
ու
կը
քերթէ)
այդ
մարդերը,
տրուած
Օտեանի
մը
բնականութեամբը,
բայց
ոչ՝
անոր
ցամաքութեամբը,
կենդանի
պատմութիւն
մը
պիտի
կազմէին,
վէպի
մը
պէս
շահեկան
ու
այլապէս
գեղեցիկ։
Յետոյ
կարծեմ՝
տարիք
յիշատակներու
ա՛լ
զարկած
է
անոր
դուռը։
Ահա
լուրջ
ու
մնայուն
աշխատանք։
Գալով
այժմեան
«
Անահիտ
»ին,
անիկա
մեր
ընթերցող
հասարակութեան
որոշ
մէկ
clanը
կը
կշտացնէ
ու
փաստաթուղթ
մըն
է
իբր
այդ։
Առաւելապէս
case,
հասուն,
իրենց
իմացական
շրջափոխումի
վերջին
փուլին
հասած
գրասէրներ
գուրգուրանքով
կը
հետեւին
իրենց
երէց
ընկերոջ
այդ
վերջին
լուսարձակումին։
Այդ
խումբը
սրտառուչ
եղբայրակցութիւն
մըն
է
վաւերական
ծերութեան
եւ
թարմ
տարիքի
մէջ
զառամ
ու
հիւթասպառ
երիտասարդութեան
մը։
Ես
ըսի
մէկ
մասը
իմ
մտածումներուս։