Մայրիներու շուքին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Յ. ՕՇԱԿԱՆ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ 

Հին թուղթերուն մէջ գտայ նաեւ Օշականի այս` կարճ ակնարկը
Վահան Թէքէեանի մասին։ Նշանակուած չէ վայրը, ուր
գրուած է այս նոթը ո՛չ ալ թուականը (հաւանաբար 1932ին)։
Կու տամ եղածին պէս։ 

 

Երբ կը խօսինք բանաստեղծութեան տագնապի մը մասին, չեմ կրնար չանդրադառնալ մեր մէջ եզակի դէմքի մը, որ տարօրինակ ճակատագիրը կ՚իրագործէ մեզի համար շատ մեծ բանաստեղծ մը ըլլալու ու երէկուան դպրոցականին չափ իսկ իջած չըլլալու համբաւին կրկէսը։ Անիկա միակ ու անառարկելի քերթողն է հիմա մեծ սերունդի մը, որ Արեւելքի ու Արեւմուտքի զգայութեանց երբեմն դաշն, երբեմն եղերական խառնուրդին մէջ, իր ջիղերը բացաւ արուեստին։ Եղան՝ որ մեծաքանակ տեսիլքներու ու տենդավառ երեւակայութեան մէջ (Սիամանթօ եւ Վարուժան) պատմեցին իրենց ցեղին փարթամ տուրքերէն ու անոր միտքին անկորուստ զանակները սեւեռեցին մշտական շքապսակի մը շափիւղաներուն մէջ։ Ուրիշներ, միշտ նոյն Արեւելքէն, գտան վառ շնորհը ցեղին նայուածքին, որ արիւնին շղարշին իսկ մէջէն կը տեսնէին քաղցր ու, կրակէն այրելով հանդերձ, հանգիստ կ՚որոնէին ծաղկի ու խոտի, ջուրին լոյսերուն ու «գոյներուն խմբերգ»ին վրայ . Մեծարենց)։ Վ. Թէքէեան այդ սերունդին մէջ եղաւ խուլ ու խոր խղճմտանք մը, ինչպէս է թաքուն այդ զգայարանքը մեր ժողովուրդին ալքերուն մէջ։ Անիկա եղաւ դաշն, ինչպէս է զարկը մեր սրտին ետեւ։ Անիկա երկարած է ինքզինքը դէպի հունչերը, վանկերը «երջանկութեանց աննուաճ կարօտին», անձնակի ու շեղակի, ու ըսաւ մեր կարօտին եղերական պատգամը անհամեմատ վայելչութեամբ ու սուգով։ Եղաւ անիկա մեր ժամանակներուն թախիծէն եւ բեկուն գեղեցկութիւններէն  գրաւուած տրտում տեսանողը եւ ուրացուած մարգարէն։ Անշուշտ մեղքը իրն է քիչ մը, որ չէ կրցած ճարել իրեն ուրիշներու լպրծուն ոտքերը եւ ճկուն ափերը, սողալու կամ մագլելու մարզանքին համար, որ մեր օրերուն հոմանիշ է արժէքին. եւ յիմար եղաւ՝ հաւատալու չափ անհուն իր տաղանդին ու ազնուազգի իր խառնուածքին, որոնք, էր երբեմն, բանաստեղծը կը յատկանշէին։ Չեմ գիտեր ո՞ր սերունդին պիտի վիճակուի փառքը՝ զայն ազատելու լռութեան սուր, հաշուըւած ներբողին քղամիդներէն ու տանելու իր տաճարին, արդար իր պաշտամունքին։ Անիկա, մէկ–երկու մեծերու հետ, կը ներկայացնէ մեր զգայնութեան շեշտ մէկ շերտը՝ տրտում, խոր, լուրջ, քաղցր, անկեղծ ու խոկուն մասնաբաժինը մեր հոգիին։ Պիտի գտնե՞ն թերթերու ու հանդէսներու բաւիղներուն մէջ մոլորած-ինկած նուիրական այդ ուխտաւորը, ու պիտի բանա՞ն անոր առջեւ դուռները առնուազն ուշացած սիրոյ մը, չեմ ըսեր սուտ ու ստոր յոբելեանին։ Նորերուն գործը չէ անշուշտ ատիկա։ Ու գիտեն այս բառերուն տարողութիւնը անո՛նք՝ որ մեր մէջ կարելի կ՚ընեն սուտին ու կեղծին պաշտամունքը, այնքան լիրբ, հոլանի, փոխարինելու չափ տանտէրը եկուորին հետ։`