Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԸՆԿԵՑԻԿԸ

Բուքը կը մռընչէ: Շըքեղ տան մ'առջեւ.
Կէս գիշերին, հո՛ն, մայրը առաւ կանգ:
Յոյզէն կը դողայ սիրտը, զերդ տերեւ.
Մարմինը ձիւնէն հագեր է պատանք:

Կը նիրհէ գըրկին մէջ դեռ երեխան.
Գուցէ անօթի, գուցէ նըւաղած…
Կաթէն կաթիլ մը, մարգարտի նըման
Բերանին վըրայ ցուրտէն է պաղած:

Պէտք է լըքե՛լ հոս: Ի՞նչ նըկուղի մէջ
Ծընաւ ծաղիկն այդ՝ զարնուած եղեամէն…
Ունեցա՞ւ շապիկ, կամ օրոցք մը գէջ…
Հրեշտակ մ'իջա՞ւ վար՝ ժըպտելու իրեն:

Հայր մ'հաւատարիմ ունեցա՞ւ արդեօք՝
Որ խառնէր քըրտինքն՝ իր արտասուքին.
Թէ կոյս մը խաբուած սիրով մը բորբոք
Անոր մայր եղաւ՝ նախ չեղած դեռ կին:

Չըգիտեմ. միայն այդ մայրն է տըժգոյն՝
Խոնաւ քարին տակ բուսնող սէզին պէս:
Ոտքերն են բոպիկ, հասակը նըկուն՝
Զոր պիտի փըշրէ ցուրտ քամին կարծես:

Թօշնած են ծիծերն՝ ուրկէ բըղխեցուց
Սէրը՝ կաթի տեղ՝ շիթ մը շարաւի:
Մերթ թափը հովին կուրծքը կու տայ ցոյց,
Ուր վիշտն է պառկեր, ձիւնը կը մաղուի:

Պէտք է լըքե՛լ հոս. կը դընէ տըղան
Ծածքին տակ քիւին, տանը շեմին վրայ…
Իր կանեփ շալով կը սքօղէ վըրան.
Ինք երկընքին տակ, մերկ, կը դողդըղայ:

Զայն կը համբուրէ եւ կ'ուզէ փախչի՜լ…
Բայց սիրտը քայլին չի՛ հըպատակիր.
Ո՜հ, ինչպէ՛ս բաժնել, փետե՜լ հոգեխիլ
Իր աղիքն որդւոյն աղիքէն կարմիր:

Եւ հոն կը սպասէ մինչեւ արշալոյս.
Խելայեղ ուրուն կ'ըլլայ գիշերուան.
Ու երբոր տըղան կու լայ սըրտայոյզ՝
Մարմար շեմին վրայ մերթ կ'օրօրէ զայն:

Կը խորհի. գուցէ ունենայ որդին
Վաղը այս կեանքէն կեանք մը լաւագոյն.
Դըրուի օրօրան. ծիծերն ըստընտուին
Իրեն աւելի՛ առատ կաթ մ'հեղուն:

Ունենայ գուցէ նոյնիսկ խաղալիք.
Պուպրիկ մ'իրեն պէս բեհեզներ հագած.
Մարդիկ զայն կարծեն իշխան մը փոքրիկ.
Եւ զայն իր հրեշտակն ընդունի Աստուած:

Ա՛յսպէս կը խորհի մայրը դողդոջուն,
Մայրը՝ հոն հագած պատանքը ձիւնին…
Այգը կը ծագի. փողոցներն համբուն
Կեանքի շըշուկով տակաւ կը լեցուին:

Կ'երգէ աքաղաղն, որդին կը ճըչայ,
Զի կոպերն անոնց շո՛ղն է համբուրած:
Մայրը խելացնոր, մայրը ակամայ,
Ըշտապ կը փախչի՜ սիրտը հոն թողած: