Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄԱՄՈՒՍ ԱՂՕԹՔԸ

Լիալուսնին դէմ նըստած
Մամս ալեւոր կ'ընէ աղօթքն իրիկուան:
Գըլխուն վերեւ սեւ չըղջիկներ կը դառնան.

Կ'ապրի սըրտին մէջ Աստուած:

Շըրթունքներն իր (սո՜ւրբ վարդեր
Թոռմած առջեւն Աստուածամօր խորանին)
Կը շարժին ա՛յնքան մեղմօրէն՝ որ հոգին
Իր ըսածն ի՛նք չի լըսեր:

Ցո՛ւրտ շողին տակ լուսինին
Հանդարտօրէն վար կը կախուի գլուխը ծե՜ր,
Տըխրահա՜կ, խո՜նջ, իբրեւ նմանիլ ան ուզէր
Մեր այս դարուն հաւատքին:

Հայր մեր… Բայց չի՛ դառնար ա՛լ
Գարունն հին, մա՛մ, կալերուն երգը աղու.
Արիւնն ետ չի՛ շեղիր զարկէն. Վայլելու
Իղձդ արթընցաւ, բայց մա՛հն ալ:

Ողջոյն… Բայց միշտ պիտ' պարապ
Մընան ոսկրերդ աւիւնի մեծ հոսանքէն,
Եւ մերթ բեղուն կողերուդ մէջ պիտի լռեն
Ա՛լ հին սէրերն հըրատապ:

Բայց ո՛հ, գիտեմ, դուն ծարաւ
Ես Երկինքին՝ որուն մինչ ցարդ հաւտացիր,
Որուն համար մարմինըդ միշտ ծընրադիր
Հոգւոյդ առջեւ ապրեցաւ:

Երկինքը քո՛ւկդ է, ո՛վ մամ,
Քանի որ ծեր բիբերուդ մէջ դեռ անեղծ
Մընաց անոր կապոյտն՝ ամէն ամպէ զերծ.
Քանի որ, մայր բարեխնամ,

Արիւնիդ հետ միասին
Ծիծերըդ հինգ զաւակներու քամեցիր:
Եղար աննենգ. եւ բարձէդ մաս չըտըւիր
Օտարներու գըլուխին:

Եւ հիմա որ, ո՛վ հանիս,
Ճերմակ մազերդ լուսնին խառնած՝ մեր կրօնքին
Փուլերուն վրայ կանգուն կ'մեռնիս ծեր եւ կին՝
Պիտ' վաղը կո՛յս վերածնիս: