Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՃԻՒԱՂԸ Կ'ԱՆՑՆԻ

Գիշերուան մէջ, փողոցներէն ամայի
Կ'անցնի սարսափ մը թեւին հետ հովերուն,
Եւ բարտիներն անհունօրէն կը սարսռան
Աստղերուն մէջ ընկըղմած:
Շուն մը նըստած գերեզմնատան պատուարին՝
Քաղքին վերեւ միշտ կ'ոռնայ,
Ու երդին վրայ խոշոր կատու մը ճերմակ
Բուխերիկին տակէ յանկարծ կու տայ խոյս՝
Կենալով մերթ ուշադիր
Քայլի մ'ըշտապ՝ որ թեւին հետ հովերուն
Կ'անցնի կ'երթայ փողոցներէն ամայի.
Կենդանացած կըմախ մ'է,
Կըմա՛խ մըն է լուսասփիւռ
Քօղի մը սեւ ալիքին տակ ծածկըւած:
Գերեզմանի դեղին հողերն յորդառատ
Կապիճներուն խոռոչներէն կը հոսին.
Ու ծընօտները մսաթափ
Լըռութեան մէջ կը կափկափեն չարախինդ:
Ջուրի նըման՝ ոսկորներուն մէջ քամին
Յորձանապտոյտ կը մըռընչէ ու կ'անցնի:
Ճամբուն վըրայ պառկող շուներն՝ աւելի՛
Ցռուկնին իրենց պոչերուն տակ կը թաղեն:
Գըլխուն վերեւ ճիւաղին
Պատուհաններն շըռընդալից կը փակուին:
Ան միշտ կ'անցնի. գարշապարներն ոսկրակուռ
Մայթերուն վրայ կը հըսըրտին ծաղիկներն են խամրած, ծղօտ առ ծըղօտ:
Ճակատնե՜ր լի խորշոմով, խորշոմնե՜ր լի քըրտինքով.
Արիւնոտ հաց մ'են կերեր՝ իրենց հոգին ծախելով:
Գիտեն որ այդ վաստակով պատանք մը լոկ կը ստանան.
Բախտ մ'է սակայն ունենալ կուշտ փոր մը օրը մահուան:
Հարիւր հազա՜ր են անոնք. անոնք են որ կանգնեցին
Անմահութիւնն բուրգերուն, եւ խորհուրդներն ըսփինքսին:
Կմախնին, մարմար առ մարմար, սանդուխ եղաւ գահերուն՝
Ուրկէ Դենպետն ու Արքան ելան մինչեւ աստղերուն.
Մինչեւ այսօր, հիմին տակ պալատներուն, կը գըտնես
Շուշանն անոնց կրծոսկրին, անբաւ սրտերն ողջակէզ.
Անոնց արեան շաղա՛խն են պատերը մռայլ Եըլտըզին.
Վատիկանի կամարներն, հողաթափերը Պապին
Անոնց լուսեղ քըրտինքին մարգրիտներով են ծեփուած.
Անոնց խոփին նախ յանձնեց կորդ բընութիւնը՝ Աստուած.
Կուռքերն անո՛նք դրօշեցին, եւ նոյն անո՛նք զոհ եղան.
Խաչն անոնցմով ճաճանչեց, բայց ուրիշներ փըրկուեցան.
Յըղկեցին միշտ իրենց յաղթ ոսկորներով կարծրացած
Յաղթողներու նժոյգներուն լայնշի պայտերը արծարծ:
Փեռեկտեցան պարեխներն անոնց ուժին դէմ ռամիկ՝
Եւ հոսեցին ոսկիի եւ արիւնի ջերմ ալիք,
Եւ մեր դարուն Յաղթութեան Կամարն այսօր կը հանգչի
Հարիւր հազա՜ր բանուորի ուսերուն վրայ արճիճի:
Ու երբ այսօր ելլելով գործատունէն՝ կը ցըրուին
Կորագըլուխ, մերկալանջ, անոնք նման են գերիին՝
Զոր աճուրդի կը հանեն տօնավաճառ օրերուն:
Նըման գետին, որ ակէն դուրս ժայթքելով փրփըրուն
Կը բաժնըւի սըրընթաց առուակներու անհամար,
Անոնք կ'երթան ծաւալիլ գռեհներուն մէջ հազար.
Բիւրապատիկ գլուխներու անդընդածին ալիքով
Քաղաքն ամբողջ կ'ողողեն՝ ամէն անկիւն յորդելով:
Բոլոր քաղցա՜ծ են, քաղցա՜ծ, քոսոտած շան մը նըման՝
Զոր խաշնարածը հօտէն հալածեր է անգուման:
Սակայն իրե՛նց է ինչ որ կ'իյնայ կտուցէն վար ցինին.
Իրե՛նց է խիւսը թեփին, բայց ո՛չ նըկանն ալիւրին.
Խառնապուրներն իրե՛նց են զոր գըլխահակ կը լակեն
Ճակատներէ վար՝ անոնց մէջ քըրտինքներ հոսելէն.
Նեխած միսերն իրե՛նց են, ու բորբոսները հացին՝
Զոր կը գընեն ումպ մը ջրով կըրպակներէն փողոցին.
Երշիկն իրե՛նց է, լեցուած ճարպովը ծեր ջորիի,
Յետոյ ծխամո՜րճը սեւցած, միակ ըսփո՜փն հոգիի:
Ահա՛ բոլոր յոյսն անոնց, երազն անոնց փորերուն՝
Զոր կ'երազեն գործատան միջօրէի հեշտ ժամուն…

Ու կը քալե՜ն, կը քալե՜ն, փոշւով, կուպրով միշտ ծեփուած
Նեղ կու գան այդ ուղխերուն պողոտաներ լայնաբաց:
Իրենց յորձանքը կարծես խուլ զայրոյթով կը փորէ
Դղեակներու հիմունքներն ու սալարկներն որձքարէ:
Կարծես մեռե՜ր են Քաղքին մէջ միւս կեանքերն ինքնագոհ
Միայն Սարսափն այդ ահեղ բանակներուն՝ կու տայ գրոհ.
Սիրտերն հըզօր կը տրոփե՜ն, եւ միշտ կ'ըլլան լըսելի
Սովալըլուկ կողերու բաբախիւններ ահռելի.
Կը կըճըրտուին ակռանե՜ր, ու կը ծամուին լեզունե՜ր.
Քաղցը ինքզինք կը կըրծէ, գազանի պէս շաղղակեր:
Ախորժակներն, աւելի գըրգըռուած եղկ արեւէն,
Կը զայրագնին ու քարէն իսկ հացի հոտը կ'առնեն:
Դուն կը լըսե՞ս, ո՛վ Ընկեր, գըռեհներէն բիւրաւոր
Մըշտագալար փորերու խուլ աղաղակն ահաւոր:
Բիբերն յանկարծ կ'ընդլայնի՜ն, եւ ըղեղները կ'եռա՜ն.
Կը սեղմըւին բըռունցքներն՝ ուր կը ձուլուի Ապագան.
Ճարճատիւնին ընդմէջէն կըմախներու տըրտմագին
Աստուածային ոճիրներ կանչող ճայնե՛ր կը լըսուին:
Օ՜, այդ սիրտերը հըսկայ, որոնց տրոփները, նըման
Փոսապեղի մը բրիչին հարուածներուն, կը թընդան.
Օ՜, բազուկներն այդ ստրուկ, խարանուած բորբ երկաթով,
Որոնք կարմի՜ր պիտ' ըլլան օր մը գանկե՛ր դարբնելով.
Օ՜, այդ քայլերն, որոնց բիրտ սանդալներուն հունչը գոռ
Փողոցներուն թէ՛ երգն է, թէ՛ մահազանգն ահաւոր.
Օ՜, իրաններն այդ ռամիկ, այդ մարդակներն՝ որոնք ցանգ
Աշխարհը վեր են բըռներ, ու փըտեր են անոր տակ…
Ատոնք բոլոր մըրրի՛կ են, ատոնք բոլոր կայծա՛կ են՝
Որոնք գոռան պիտի օր մ'ու Մարդկութիւնը սարսեն:
Վաղն, ո՛վ Ընկեր, պիտի այս ամբարտաւան Քաղքին վրայ
Ճայթի Ամպրո՛պն, ու վառէ հազար ջահերն իր հըսկայ,
Զի կը տեսնե՞ս գըռեհներն, յոյր աղիքները անոր,
Գետնայարկերը խոնաւ, կոյուղիներն աղբաթոր.
Եւ կը տեսնե՞ս անոնց մէջ Քաղցին ճիւաղն յոգնահեռ՝
Որ քինայոյզ կը սողայ, կուշտին կը կրէ կայծակներ.
Վաղն, ո՛վ Ընկեր, ո՛վ Ընկեր, Քաղաքին վրայ այս գոռոզ
Պիտի Ամպրո՜պը ճայթի, վառէ ջահե՜ր բարբարոս: