Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀՐԱՇՔԻՆ ԱՂԲԻՒՐԸ

Աղջի՛կս, եկո՛ւր, քեզ տանիմ
Բլուրին գօտի եղող ճերմակ ուղիէն
Վըճիտ Աղբիւրն Հըրաշքին:
Հիւանդներուն թափօրն անոր կը դիմէ
Արեւին տակ հազալով:
Լուրթ ու կարմիր վարշամակով, խուռներամ,
Կ'երթան դանդաղ. կը լըսե՞ս ձայնն աղօթքին
Բլուրին գօտի եղող ճերմակ ուղիէն:
Ձեռքդ ինծի տուր, դուստը՛ր, աչքերըդ ծածկէ
Ձիւնասպիտակ քօղիդ տակ՝
Որ ըզգաս խոր մինչեւ դըպչիլը հոգւոյդ
Արեգակին հոտն առողջ՝
Որ շուրջը մեր կը բարձրանայ աւասիկ
Անդորրաւէտ այգիէն:
Տերեւներուն տակ լայնշի
Կը կարմըրին ողկոյզներն, ո՜րքան ատոք.
Որթատունկէն կորակոր
Կարծես գինին որ աշնան
Ծունկերուդ ուժ պիտի տայ
Հողին վըրայ պիտի թափի անհամբեր:
Քալէ՛, աղջիկը՛ս, քալէ՛,
Մօ՛տ է Աղբիւրն Հըրաշքին:
Վատախտարակ ամբոխը զայն չըծածկած,
Աղջիկը՛ս, տե՛ս, ի՜նչպէս հըզօր կը բըղխի
Ժայռին ծոցէն գուռին մէջ:
Սարաւանդէն թըխապըտուղ մորենին
Անոր վըրայ է կախուեր:
Ո՜րքան մարգրիտ ակին մէջ.
Եւ գուռին մէջ ո՜րքան լոյս:
Հովիտին խորը թագնուած
Ան ադամանդ ու երգ է,
Երգ մըն է ան՝ մենութեան մէջ գըլգըլուն՝
Որուն ի լուր մայր բընութիւնը շուրջի
Գիշերուան մէջ կ'աւշաւէտի, կը մեղմէ
Ծըլարձակման աշխատանքն իր ծանրակիր:
Հեռուներէ՜ն ու խորերէ՜ն ան կու գայ.
Կ'անցնի թագուն անձաւներէ՝ ուր առկախ
Շըթաքարեր կան լազուարթ
Նայադներու աչքերուն պէս արտասուող,
Ուր կայ սառոյց բիւրեղեայ՝
Որուն հազիւ կը հասնին
Մայրիներուն վիմապատառ արմատներն.
Հոն կան բրածոյ ադամանդեայ խըլուրդներ,
Մարգարտացած հին օձեր,
Հոն կան հուրեր, լոյծ ոսկիի լըճակներ,
Լայնածաւալ անտառներ՝
Իրենց մէջի մրրիկներով ածխացած…
Հեռուներէ՜ն ու խորերէ՜ն ան կու գայ:
Եւ կը պատմեն թէ առած է ա՛յն օրէն
Պայծառութիւնն իր լուսեղ՝
Երբ սըրբուհի մը մօտակայ գիւղերէն
Եկաւ անոր մէջ լըւալ
Համեստ աչքերն այր մարդէ բնա՛ւ չհամբուրուած:
Ո՜հ, ջուրն է սուրբ, աղջի՛կըս, ջուրը դեղ է՝
Գերեզմանի հոտ բուրող
Ամէն տեսակ ախտերու:
Հիւանդներուն հոտն ահա
Ի՜նչպէս անոր լոյսին վըրայ կը հակի:
Կ'ըմպե՜ն, կ'ըմպե՜ն, եւ ջուրին մէջ կը հազան.
Կ'ըմպե՜ն, կ'ըմպե՜ն, եւ ջուրին մէջ կը տըքան:
Կիներ են, տե՛ս, որ բընաւ
Վարդ շըրթունքներ եւ վարդ այտեր չունեցան.
Ծըխախոտի արտերուն մէջ թունաբեր
Ծառին բունին վրայ բուսնող
Սունկերուն պէս դեղնեցան:
Իրենց արգանդը երբեք
Բեղմնաւորել չըզօրեց սերմն առնական:
Կ'ըմպե՜ն, կ'ըմպե՜ն, եւ կը կապեն մաքրենի
Մորենիին ճիւղերուն
Հարսանեկան նուրբ նարօտնին իբըր նուէր.
Ու աւասիկ պտուկներն իրենց ծիծերուն
Անգամ մըն ալ կը թաթախեն Աղբիւրին
Զովութեան մէջ, ու կ'ըմպե՜ն…

Տըղաքներ են, պատանիներ ջլախտաւոր,
Գործատունի մէջ ծընած,
Որոնց աչքին մէջ խուժեց
Արիւն մ'հիւանդ ու տեռատես, կամ որոնց
Թեւն ու սըրունքը, մեքենան հաստաբեստ
Իբրեւ վիշապ մ'ամեհի՝
Խըլեց, խառեց, կուռ ժանիքովը կասկեց.
Կու գան ահա՛ նըւիրական ջուրին մէջ
Լըւալ իրենց Աշխատանքի վէրքերուն
Բերանն հրաբորբ, եւ բիծերն
Իրենց երկար թարթիչին:

Կոյսեր են, տե՛ս, ժանեկազարդ քոյրեր են՝
Որ բարձին վրայ հալեցան
Փըրփուրներու պէս անգայտ,
Որոնց թոքին կէսն, աւա՜ղ,
Դատարկեց որդը սիրոյ,
Եւ արդէն իսկ պըտըտցուց
Սըրտերնուն վրայ իր սողոսկիւնը ցըրտին:
Ահա լայնշի քօղերուն տակ կը հակին
Աղբիւրին վրայ, կը խըմեն փա՜կ աչքերով.
Աւերն իրենց դէմքերուն
Չըտեսնելու համար խորունկը ջուրին՝
Կը խըմեն փա՜կ աչքերով:
Եւ կը զօդեն մազերնէն փունջ մ'օծանուտ
Մորենիին՝ արդէն նուէրով բեռնաւոր,
Ու կը դառնան մըրմունջներով աղօթքի
Բլուրին գօտի եղող ճերմակ ուղիէն:

Դո՛ւստըր, ահա մինակ ենք.
Հաւատքը թող տաք անձրեւի մը նըման
Մեր սըրտերուն մէջ ցօղի:
Եկո՛ւր, եկո՛ւր, ո՜վ իմին Սէրս անուշակ,
Զանակացոլ աւազուտին վըրայ նուրբ
Ծալլէ ծունկերըդ դողդոջ
Եւ Աղբիւրին վրայ ծըռէ:
Ահա ես քօղըդ ե՛տ առի. ո՜րքան լոյս
Ճառագայթեց դէմքիդ վրայէն՝ ակին մէջ:
Կարծես բերնին մէջ Աղբիւրին՝ երկինքէն
Աստըղ մ'ինկեր կը ցոլայ:
Ըմպէ՛, աղջի՛կըս, ըմպէ՛…
Եւ թող կուրծքիդ տակ մեռնի
Եղեռնաւոր սէրն այն հըպարտ պարմանին՝
Որ քեզ տըւաւ իր մատանին, սիրտը՝ ո՛չ:
Մի՛, մի՛ հազար, ըմպէ՛, աղջի՛կըս, ըմպէ՛:
Այս ջուրը ջինջ Աստուածամօր արտօսրով
Է քաղցրացած, թախիծդ ընդհուպ կը բուժէ.
Նորէն այտերդ գինիի մէջ թաթախուած
Շուշանի պէս՝ պիտ' բուրեն
Գեղ եւ առոյգ թարմութիւն.
Եւ երբ քալես պիտի սըրսփայ միսըդ յոյր
Բիւր ձեւերով ներդաշնակ:

Ըմպէ՛, աղջի՛կըս, ըմպէ՛.
Եւ Աղբիւրին ձօնելու
Նըւէրդ ահա՛, կը տըրոփի ափիս մէջ.
Տատրա՜կն է այս Աստղիկին,
Վարդ կըտուցով, փետուրներով ձիւնաթոյր
Տատրա՜կն՝ որ միշտ թեւածեց
Շուրջը գլուխիդ, ըստինքներուդ վրայ թառած՝
Խըմեց ջըրիկն իր անյագ
Սըրտիդ ակէն վիրաւոր:
Այս՝ քու հիւանդ սիրոյդ պտկերը, մորթէ՛,

Գուռին քարին վրայ մորթէ՛:
Հերի՛ք ծոցիդ մէջ գըգուես
Գըլուխը ժիր եւ մագիլներն իր խոցող:
Հերի՛ք լուսեղ ափիդ մէջ
Կերցընես կուտն իր անգին.
Աստղիկի այդ տատրակը վարդ կըտուցով,
Գուռին մամռոտ քարին վրայ,
Մորթէ՛, աղջի՛կըս, մորթէ՛: