Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Քարէ սանդուխներէ վեր, երեք յարկ բարձրութեան մը վրայ, քրտինքս սրբելով մեծ շունչ մը առնելով.

  Աս որքա՜ն երկար է, ըսեմ ու կը կենամ։

Դիմացս, փութկոտ շարժումով մը, ոտքի ելած էին երկու նորատի պարմաններ։ Ժպտուն դէմքով կը նայէին։ Մօտեցայ։ Կեդրոնականացիներ էին, անցած շրջանի առաջին դասարանէն։

Բարեւեցինք զիրար, ու ա՛լ քով քովի էինք։ Երրորդ մը մէջ տեղ ելաւ, ուրիշ ոտնաձայն մը եւ ուրիշներու շշուկը դուռը բաց սենեակի մը մէջ։ Ներս կը մտնենք. օ՜, եօթը-ութը հոգի. տարեկից, դպրոցակից, հայրենակից, ամէնքն ալ Կեդրոնականի միեւնոյն դասարանէն, ու ամէնքն ալ Մշեցի։

Այդ մշեցիները, կամ աւելի ճիշդ խօսելով, բոլոր մշեցիները համակրանքի պէս բան մը կը ներշնչեն ինձ միշտ. կամ այն է որ, պատմական աղուոր դէմքերու եւ դէպքերու շնորհիւ, շատ դեգերած եմ սրտով՝ Մամգուններու տեղին ու տեղացիներու վրայ, կամ մինչեւ վերջը, շա՛տ զբաղված Տարօնցիներով։ Որն ալ ըլլայ այդ երկուքէն, սա գիտեմ որ մշեցի համալն ալ, ինծի համեմատաբար աւելի համակրելի եղած էր իր շինականի անխարդախ ու կտրիճ տիպարովը։

Օդին կրակէ տաքութեանը ներքեւ, քրտինքի մէջ են ամէնքն ալ, այդ խումբ մը պարմանները. գլուխնին բաց, հագին ունին մէկ շապիկ, անհոգ, կոճակները քակուած. լանջք, թեւեր հոլանի։

Ի՞նչպէս էք, տղերք, ի՞նչ կ’ընէք, լա՞ւ էք։

Լա՛ւ, ո՛րքան հնար է մեզ կեանքի այս պայմաններու մէջ։ Թերեւս աւելի լաւ ըլլանք։

Դպրոցի օրերը կը մօտին։

Գլուխները իսկոյն վար ծռեցան, եւ րոպէական տխրութիւն մը պատեց բոլոր դէմքերը։ Անդրադարձայ արտասանած խօսքիս վրայ, կշռելու թէ անհարկի բա՞ն մը ըսած էի արդեօք, ու՝

Ի՞նչ կայ, ինչո՞ւ յանկարծ տխրական երեւոյթ մը առիք. կը հարցնեմ։–

Այո, «դպրոցի օրերը կը մօտին», բայց չենք դիտեր թէ բախտ պիտի ունենա՞նք շարունակել դպրոցական կեանքը՝ որ այնքան սիրելի եղած է մեզի։

Ի՞նչ կը նշանակէ ատ. ու կը լսեմ զիրենք ուշադրութեամբ։ Նպաստի Յանձնախումբը, երկու ամիս առաջ, յայտարարած է որ իր կողմէ յատկացուած ամսական գումարը պիտի շարունակուի մինչեւ օգոստոս վերջ, ու անկէ ետքը, սեպտեմբերի սկիզբը, երբ դպրոցները կը բացուին, ա՛լ ոչինչ պիտի տրուի նպաստընկալ ուսանողներուն։ Ու մեր այդ անտէր անտիրական ուսանողները, այդ պաշտօնական ցուրտ ազդարարութենէն պէտք է հասկնային, առանց պատիպատ դարձուածներու, թէ իրենց համար կը փակուին Ազգին մէջ, բարեսրտութեան ամէն դուռները. ա՛լ, այնուհետեւ, իրենց կը մնար գլխունուն ճարը նայիլ։

Խօսքեր կան՝ որոնք լոյս տեսնելու չեն՝ ականջը չհասնելու համար։ Կարծես թէ այդ խօսքերն ալ Նպաստի Յանձնախումբին ըսուածներն են։ Լաւ, ի՞նչ կրնան ընել ատոնք. շա՜տ շատ ստիպուած, ցիրուցան պիտի ըլլան աշխարհի այլ եւ այլ անկիւնները ու ըլլալ ինչ որ հնար է, իրենց անտիրական պայմաններուն մէջ։

Նպաստի Յանձնախումբը, իբրեւ վերջին սփոփանք, ըսած է որ կրնան Պատրիարքին դիմել, վարչութեան գրել՝ իրենց վիճակի մասին, ու բան մը որ փութացած են ընել նպաստընկալ ուսանողները։

Ի՞նչ պատասխան։

Դեռ ոչինչ։

Կրկնեցէ՛ք ձեր դիմումները։

Մի՞թէ հարկ կայ։

Այո՛, կ’ըսեմ ակամայ։

Վարչութիւն կամ Պատրիարք, հաւանաբար, գրեն Նպաստի Յանձնախումբին։ Բայց ի՞նչ պիտի ըլլայ՝ եթէ այդ վերջինը մատնանիշ ընէ իր գանձին դատարկութիւնը։ Այդտեղ է ահա հանգոյցին զարհուրելի լուծումը։

Իբրեւ անկեղծ խօ՞սք կ’ըսէք թէ հարկ է որ կրկնենք մեր դիմումը, ըսաւ անոնցմէ մին։

Պատասխան չտուի։

Մեր խօսակցութեան հետեւանքը եղաւ այդպէս ճնշող տրտմութիւն մը։ Ես ալ որ, րոպէ մը առաջ, բաւական ուրախ տրամադրութեան մէջ էի, շրջապատուած նորատի մշեցիներէս, ջլատուած գտայ ինքզինքս։ Եւ սակայն այդ թախծոտ տրամադրութեան մէջ պէտք չէր թողուլ զիրենք։ Անոնցմէ մէկուն համար, ասկէ առաջ, գտած էի միջոց մը, միւսներուն ալ։

Տղե՛րք, մի՛ վհատիք, կ’ըսեմ, օրը դեռ չծնած, ինչե՜ր կ’ըլլան։– Ու սկսանք շօշափել այն ամէն հարցերը՝ որոնք ամէն մտքի որոճանին էին։ Երկա՜ր խօսեցանք ոտքի վրայ, սենեակը ինքնին լայնցած էր, ու հետզհետէ այնքան ոգեւորուեցանք որ Նպաստի Յանձնախումբի ցուրտ որոշումը մոռցուեցաւ, մոռցուեցաւ նաեւ Վարչութեան ձգձգուած պատասխանը, ու ամէն ինչ որ տխրեցուցած էր մեզ։ Տղաքը կարմրած էին, աչքերնին բոցկլտուն, մազերնին քստմնած իրենց ճակտին վերեւ, ալ բնաւ տրտմութիւն մնացած չէր հոն։

Ժամացոյցը բացի։ Տարաժամ էր։ Ստիպուած դուրս ելայ սենեակէն։

Պատին տակ, վերէն փչող հովին առջեւ, դրուած է սեղանի պէս բան մը, ուր մշեցիները փոփոխակի պիտի կատարէին իրենց գրաւոր պարտականութիւնները ու գրէին այն կարօտի թղթիկները՝ որոնց մէջ ծրարած իրենց սրտերը, իրենց կրակները, կը յանձնեն թղթատան մը՝ դէպի իրենց Հայրենիքը՝ կրակէ, սուրէ, զուլումէ մնացած սիրելիներու։

Մնաք բարի, տղերք։– Ու յառաջացայ դէպի սանդուխը։

Նորէն յաջողեցանք թեթեւցնել մեր ճնշող րոպէները, մրմնջեց ետեւէս մշեցիներէն մէկը։

Կամաց կամաց վար իջայ, աստիճանները համրելով։ Երբ վերջին աստիճանը կը խփէի, ամբողջական թիւը միտքէս թռած էր. լռիկ կը կրկնէի.

Ինչո՞ւ կարելի չըլլար ինծի, փոխանակ րոպէներու, դպրոցական բոլոր տարիները թեթեւցնելու այդ անտիրական ուսանողներուն համար։

Անգամ մըն ալ վարէն վեր նայեցայ։ Հոն էին մեր տղաքը։

Շոգենաւս մեկնած էր արդէն։ Ա՛լ պէտք չունէի աճապարելու։ Կռիւ մը կը սկսէր մէջս։ Եթէ այդ առոյգ պարմաններու տեղ, հիւանդ, բժիշկի ու դեղի կարօտ ախտաւորներ ունենայինք, ձեռքեր կ’երկննային անոնց օգնելու համար, մինչեւ հիւանդանոց ճամբայ ցոյց կը տրուէր իրենց, եւ որովհետեւ կեանք ունին, բան մը չեն արժեր։ Ճիշդ է որ հիւանդներէ զատ ո՛չ մէկ բանի կրցած կամ գիտցած ենք նայիլ։

Ատեն մը մշեցի բեռնակիրներն էին՝ որոնք կը խճողուէին խաներու վարի յարկերը, հիմա մշեցի ուսանողներն են՝ որոնք կը գրաւեն խանի վերի յարկը։ Տառապանքը դարձեալ տառապանք՝ փոխուած է միայն իր ձեւը, համալին բեռներ պէտք էին՝ յատակին վրայ կեանք մը քաշքշելու. ուսանողին նպաստ պէտք է՝ թեւ թռիչ առնելու համար. առաջինը բեռ կը գտնէր իր վիզն ու թիկունքը ճկելով, վերջինը, մշուշի մէջ, չի գիտեր թէ ուրկէ՞ պիտի գայ չնչին նպաստ մը՝ թռչելու համար։

 

«Ազատամարտ» 1909, թ. 62.