Հայրենի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՏԷՐՏԷՐԻՆ ՈՃԻՐԸ
* * *

Եկեղեցիի այդ այցելութենէն վերջ Տէր Բարթողի միտքն օրերով, շփոթ, ախտաւոր վիճակի մը ենթարկուեցաւ։ Ամէն օր նոր զգացողութիւն մը կ’ունենար, ու տեսակ մը հոսանք իր միտքը կ՚այրէր։

Հազար պատկերներ իր ուղեղին մէջ կը պարէին։ Միտքը կ’ոստոտէր նկարէ նկար, մտածումէ մը ուրիշ մտածում, նիւթէ մը դէպի տարբեր երեւոյթ, ու վերջապէս կանգ կ’առնէր յանկարծ սարսուռով՝ եկեղեցիին աւերակին մօտ։ Քահանան այս վերջին տեսիլին հետ չէր կրնար ինքզինքը զսպել վայրկենական չար խորհուրդէ մը։ Ցաւագին հարցում մը կրօնաւորին տկար ուղեղը կ’աւերէր, անոր խոր անմտած հաւատքին կուտար ցնցող հարուածներ։

Տէր Բարթողի համար հաւատքը կեանքի արժէքն ունէր, ինքն անոր մէջ էր ծնած, անով սնած, անով մեծցած, ու անով ալ կ’ապրէր։ Քահանան աղօթքին, սուրբերուն, մասունքներուն զօրութեանը, բարեխօսութեանը, հրաշքին ապաւինելով հանգիստ քնացած էր մինչեւ այդ վերջին օրերը։ Հիմա սակայն իր յիմարի, ցնորածի թափառումներուն մէջ վերջին անգամ կանգ կ’առնէր իր անխորտակելի հաւատքին ամբարտակներուն մօտ, ու կէս մը մահացած կը զգար ինքզինքը, անորակելի ապշութիւնով լեցուած, երբ կը տեսնար թէ իրողութիւն մը իր հաւատքը կը ցնցէր։ Այդ իրողութիւնն ո եւ է կերպով չէր կրնար լուծել իր հաւատքին ի նպաստ։

Ինչո՞ւ Աստուած իր խորանը թալլողներուն, մասունքները կոյանոց նետողներուն, սուրբ պատկերը պղծողներուն չտուաւ ազդու պատիժ մը։ Մէկ երկու հատին թեւերն ետին դարձնէր գոնէ, ուրիշներուն ոտքերն անդամալուծէր, մէկն ալ խորանին առջեւը քար դարձնէր, կը կրկնէր յաճախ կրօնականը մտով։ Ա՛լ քահանան սուրբերուն զօրութեանը չէր անդրադառնար, անոնք արժէք չունէին, մեղք այնքան խունկին ու մոմին։

Առջի օրերուն այդ յանդուգն հարցումը կը շամբրէր քահանային ուղեղը, ու մինչեւ ոտքի մատներուն ծայրը զայն կը ցնցէր, կը քրտնեցնէր, ու խռովուած կրօնականը հարցումը վանել կը ջանար, հազարումէկ մանր պատմութիւններու խորհելով։

Չա՛ր սատանայ, հեռացի՛ր ինծմէ, հեռացի՛ր։ Տէր, ներէ իմ անօրէնութեանս, ներէ ծառայիդ՝ կը մրմռար կրօնքի մարդը։

Բայց՝ վարժութիւնով, որ մտածումի մը ու զգացողութեան մը յաճախակի կրկնումէն կը ծնի, այդ հարցումը սովորական աշխատութեան մը վերածուեցաւ իր մէջ։

Տակաւ տիրապետող ալ կ’ըլլար Նախախնամութեան անզօրութեան գաղափարը այդ կքած գանկին տակ։

Այդ մտային անսովոր վիճակին իբր դարման քանի մը շաբաթներ Տէր Բարթող իր ծուխերուն կ’այցելէր զբաղեցնել կը ջանար միտքն ուրիշ նիւթերով։

Միսիօնարներ անգործածելի զգեստներ տուած էին իրեն՝ բաժնելու համար ժողովուրդին։ Որո՞ւն տար, ամէն տուն հաւասարապէս աղքատացած էր, ամէն տուն արիւն կուլար, ու ամէն աչքէ արցունքը չորցեր էր։

Իր հօտէն շատերն ալ օտար փարախ կ’երթային։ Պատուելի մը հաւատքի կը բերէր Հայ քրիստոնեաները, բողոքական ընելով զանոնք։

Չէ՞ որ Ամերիկայէն եկած քրիստոնէութիւնը տարբեր Քրիստոսէ մը հիմնուած է։

Տէր Բարթող որո՞ւն հասնէր, որո՞ւ երկարէր իրեն ջլատ բազուկները, թէեւ ա՛լ ջարդի օրերուն սարսափը, անոյս մռայլ դէմքերը չէին մնացած։ Հայը վարժ միշտ համակերպութեան, տառապանքի կեանքին կ’ընդգրկէր զայն իբր ճակատագրական նուէր մը։

Բայց ցուրտ հովերը կը սկսէին, սառոյցի օրերը մօտաւոր կ’ըլլային, ու թերեւս ալ ձիւնէր քանի մ’օրէն։ Չէ՞ որ աշունն ալ կը վախճանէր, հեռաւոր գիւղի ուղիներն եւս չէին ղրկեր եզնասայլերու փայտէ անիւներուն երկարաձիգ անդադրում ճռինչը։

Այդքան խիստ կլիմայի տակ մերկ, անպատսպար, սոված կիներու, տղաքներու, ծերերու հօտն ի՞նչ պիտի ընէր։ Քանի մը տատող երիտասարդ բազուկներ կրնայի՞ն ամէնուն բերնին պատառ երկարել։

Տէր Բարթող կը սկսկէր խորհիլ, մօրուքը սեղմած։ Կուտակուած թշուառութեան այս պատկերը զինքն իր հին մտածումներուն ու հարցումին մէջ կ’ամրապնդէր։

Աս ինչ իրաւունք, ի՞նչ աշխարհք, ի՞նչ մարդկութիւն, կը գոչէր։

Քահանան կ’աւելցնէր սակայն իր գործունէութիւնը, կը դիմէր ամէնուն գթութեանը, քաղաքին Գայմագամին, պատուելիին որ անոր չսանտուած մօրուքին կը խնդար հեգնօրէն։ Վերջապէս կը վազէր հոն՝ ուրկէ կը յուսար նպաստ մը խլել, մոռցած իր տունն եւ իր մերկութիւնը։ Երբեմն խիստ քերուըտուք մը Տէրտէրին ողնաշարին վերին մասերուն վրայ, անախորժ սարսուռ մը կը տարածէր։ Արդէն անոր գուլպաներն ալ ներբան չունէին։

Տէրտէր, ի՞նչ պիտի ընենք այս ձմեռ, կը հարցնէր երէցկինը, շատ անգամ յայտնի ցաւով։

Օրհնեալ է Աստուած, Աստուծոյ ուժը մեծ է, երէցկի՛ն, մեր ժողովուրդն հոգանք, Աստուած անոնց ողորմի, անո՜նց ողորմի։

Աստուած բառը բնազդօրէն արտասանուած, կը նորոգէր կրօնաւորին մէջ թալանուած եկեղեցիին պատկերը, ու անոր մտքին մէջ կը սողոսկէր ընդհուպ հին հարցումը։ Այդ հարցումն այնքան յաճախ կը կրկնուէր Տէրտէրին մէջ որքան որ յեղյեղուէր հաւատքի խօսք մը։ Այս մտային վիճակին հանդուրժել անկարելի կը թուէր Տէր Բարթողին։ Մարդը զայրոյթով խառն զարմանքի մէջ կ’իյնար երբ կը մտածէր թէ իր անցուցած քառասուն տարիներուն մէջ, առաջին անգամ ըլլալով այդքան երկար կը մտածէր։ Ալ իրաւ չէր կրնար հանդուրժել, պէտք էր մարել ամէն բան։ Որոշեց քահանան իր անօրէնի մէկ մտածումը խեղդել եւ անդարձ կերպով սպանել զայն։

Նոյն իսկ շաբաթ մը եկեղեցիին մօտէն անգամ չանցաւ։ Այն ատեն ինքզինքը բաւական կազդուրուած զգաց, բայց աղօթքի մասին գործուած այս թերութիւնը մտատանջութեան ու խղճահարութեան մէջ ձգեց քահանան։

Ինչո՞ւ այսպէս Աստուծոյ տունն առանց պաշտօնի կը ձգեմ, խորհեցաւ։

Ու առտու մը կրկին կանուխ եկեղեցի մտաւ։

Երկար աղօթեց, փոշեպատ գետինն համբուրեց ու խաչակնքեց անհամար անգամներ։ Աղօթքէն վերջ ինքզինք թեթեւցած զգաց, ու խիղճը մաքրուած գտաւ։

Ներէ՛ մեղքերուս, Տէր, ներէ՜, փառք քեզ, փա՜ռք, գոչեց քահանան ու թափուր ժամն արձագանգեց վերջին վանկերն աղաղակին։

Մեկնելու միջոցին կողմնակի որմին վրայ սրածուած նկար մը կրկին Տէր Բարթողին ուշը գրաւեց, ու անոր միտքն յանկարծ որոճաց.

Աստուած ինչո՞ւ չպատժեց «Ս. Միւռոնը» գետինը ցրուողները։

Գաւիթին կողմնակի աստիճանին վրայ ինկաւ կրօնաւորն յոգնաբեկ, մթագնած բիբերով, ու իր միտքին մէջ միեւնոյն մտածումը քանի մը անգամ անսովոր արագութիւնով փայլատակեց։

Արհաւիրքն այս խեղճ հոգիին վրայ տարածուեցաւ, գոցեց մթագնած աչքերը։ Կ’ուզէր արտասուելով ու ճիգ իսկ կ’ընէր, կուրծքն այնքան լեցուած էր։ Ան սկսաւ բարձրաձայն չոր հեկեկանքներ արձակել ոռնալ։

Տէր Բարթողի դէմքը նախկին կորովէն մերկացած էր. անոր երկար ու հաստատ քթին երկու կողմնակի էջքերուն վրայ, փոքրիկ փոթեր՝ մինչեւ գոց, առանց թարթիչի կոպերուն կը մօտենային։ Քանի մը ճերմակ թելերով արծաթուած իր շէկ մօրուքն յայտնօրէն կը խրամատուէր թուշերուն վրայ, ուրկէ աւելի կը խիտնար մօրուքին երանգը։ Մաշած, գունատած փակեղին եզերքներէն կը զգացուէր խաւաքարտի ճերմուկութիւնը, եւ քունքերը փոսացած, դէպ ի գլուխ անցքեր կը գոյացնէին։ Գործաւորի կոշտ, ամեհի ձեռքերն իրար միացուցած ծունկերուն վրայ, որ վերարկուին տեղ տեղ ծխագոյն, մութ կանաչած թեզանիքներովը կը ծածկուէր, մնաց քահանան բաւական ատեն լքուած իր դիրքին մէջ։

Աղմուկով մը սթափեցաւ Տէր Բարթող, կարծեց թէ երազէ մը կ’արթննար, դիտեց զարմացումով չորսդին, յառաջացաւ տաճարին ու գլուխը վեր բարձրացուց։

Կամարին մէջտեղն Յիսուսի նկարին արծաթէ շրջանակը կը փայլէր սովորականէն աւելի։ Այս արծաթին տեսքը թեթեւութիւն մը տուաւ Տէր Բարթողին, անհասկնալի յոյս մը ձգեց անոր մէջ։

Երկար զննեց կամարն ու արծաթէ շրջանակը։