Հայրենի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀԱՐՍԻՆ ՎՐԷԺԸ
* *

Աղա՛, սեւ ոչխար մը մատաղ ընենք Ամենափրկիչին, չըլլա՞ր, հէ՞։

Ծերուկ Համբօն չխօսեցաւ, ծռեցաւ օճախին, քանի մը կոճղ նետեց կրակներուն վրայ ու ճերմակ յորդ պեխերը շտկեց։ Գոհար եկաւ ծալլապատիկ ծերերուն մօտ նստիլ, տեսակ մը գինովութիւն եկած էր վրան, երազներով, յիշատակներով միտքը կը խճողէր, ու ապրած տասը տարուան այրիի դժնէ կեանքն անհետացած, մեռած կ՚երեւար իրեն համար։ Երբեմն իր հեշտ մրափէն կ՚արթննար, աչքերը կը բանար ու կը մրմնջէր անլսելի շունչով մը.

Իրա՜ւ ալ Պետոյին հետ մէկ անկողինի մէջ պիտի պառկինք. կ՚ամչնար այս մտածումին համար ու տեսակ մը ամօթով ծերերուն կը նայէր։

Համբօն ընդմիջեց մէկէն.

Հարս, կը կաթէ՞ նորէն։

Ո՛չ, ա՛ղա ընդմիջեց պառաւ Բրաբը, հարսը մունջ էր, լողած օրէդ ի վեր չի կաթիր։

Ծերուկ Համբօն քաշեց մէջքէն իր հսկայ նկարուն փայտէ ծխափողը, տեղաւորեց ծխախոտը մէջը, վառեց ու հանդարտօրէն քաշել սկսաւ, աչքերը կիսախուփ։ Երեքն ալ կը լռէին։ Ու երեքն ալ միեւնոյն երազով կ’օրօրուէին։ Հովը փեղկուած պատուհան մը կը ծեծէր ու հիւղը կը սարսէր։ Երբեմն փուխերիկէն ներս կը վազէր զուարթ անհասկնալի աղաղակներ ձգելով ու ծուխի հոսանք մը տարածելով սենեակին մէջ, կը հեռանար։

Հա՛րս, կովին խոտ տուի՞ր աս իրիկուն, էծերը կաթ կուտա՞ն, ձայնեց ծերուկը։

Հարսը ցնցուեցաւ, ու ամօթահար գլխի հաւաստող շարժում ըրաւ։

Բրաբ գլուխը կ՚առաձգէր, ժպտուն՝ երբեմն աչքերը կը բանար հարսին վրայ։

Ծերունի Համբօն ծխամորճը կարմիր գօտիին անցուց ու աղտոտ շալվարին ծալքերը շոյեց, ապա քանի մը ցախեր ալ նետեց մարող օճախի մէջ, ծունկի եկաւ փչեց ու մեներգեց առոյգ շունչով մը.

«Լեռնէն ձորէն կ՚անցնիս կուգաս տուն իմ եար

Քեզի նըման ղումրի չունիմ ես ու եար»

Երգն ընդմիջեց ըսելով.

Է՜ս ի՜նչ, էս ինչ ցուրտ, հա՛րս, ղըզըմ, եկուր թոզլուխներս հանէ։

Գոհար ցատկեց ու գոյնզգոյն բուրդէ գուլպային շարժուն մասը քակեց։ Համբօն չդիմացաւ. համբուրեց հարսին այտերը կուշտ ու ականջին ըսաւ, հատիկ, հատիկ.

Հարս, զաւա՛կս, էրիկդ վաղը կամ էնդիի օր կուգայ։

Գոհար յաղթական հեռացաւ, վեր առաւ անկիւնը կուտուած անկողիններու սեւ ծածկոցը, երկու բազմոց տարածեց գետինը, տեղաւորեց առանց ծածկոցի բարձերը, այծի մազէ հիւսուած երկու շալեր նետեց անկողիններուն վրան։

Համբօն քաշեց Բրաբի թեւն ուժգնօրեն։

Բրաբ, վեր ցատկեց հասկցաւ ամուսինին նշանը, ու երկու ծերուկները մէկ անկողինի մէջ քով քովի տարածուեցան։

Գոհար ալ քակեց էնթարիին կոճակները, ու խօրասանի գօտին.

Հովը մոլեգնօրէն կը սարսէր հիւղը։

Մարող կրակները հազիւ մաշած վարդագոյն մը կը քսէին օճախի սեւ անկիւններուն վրայ։

Հիւղը կը մրափէր։

Ոտքի հարուած մը հիւղին դուռը ցնցեց։

Հարուածը կրկնուեցաւ։

Գոհար ետին դարձաւ շուարած։

Ոտքի երրորդ հարուած մը հիւղն որմերէն ցնցեց ու կորդ տաճկերէնով գոչեց սարսռացող ձայն մը.

Բացէ՛ք դուռը, բացէ՛ք շո՜ւտ, շան ծնունդներ։

Երկու մրափող ծերերն ոստում մ’ըրին վեր։ Համբօն քաշեց հաստ փայտ մը ու սպառնալից դուռին մօտեցաւ գոչելով.

Ո՞վ է ատ, չենք կրնար ընդունիլ։

Վերջին հարուած մը թռցուց նիգը, ու դռնակն ընկրկեցաւ։ Համբօն, Բրաբն ու Գոհար լեղապատառ անկիւն մը սեղմուեցան իրարու մօտ։

Սպառազէն անծանօթ մը ներս մտաւ, ցասկոտ հայհուչներով եամշին նետեց գետին, հրացանը տեղաւորեց պատին, օճախին մօտ ուղղուեցաւ ու զզուանքով կրկնեց.

Մի՛ վախնաք, վախկոտ Հայեր, բան չկա, եկէ՛ք։

Ծերուկ Համբօն մօտեցաւ անծանօթին ու հարցուց.

Ի՞նչ կ՚ուզես մենէ։

Ոչի՜նչ, կրկնեց դաժան նորեկը, հոս գիշերել կ՚ուզեմ, վաղն առտու կ’երթամ, քիչ մը կերակուր ինծի, սանկ համով բան մը ըլլայ, ընկերներէս զատուեցայ հոս ինկայ սխալ ճամբով, ինծի, ինծի կ՚ըսեն Էշղիա Հասօ։

Հասօ՜, հեկեկացին երեք տնեցիները։

Հասօ քանի մը կոճղ նետեց օճախին մէջ ու յարեց.

Այո՛, Հասօ՛, Հասօ՛, էշղիա Հասօ։

Հարսն եւ Բրաբ կծկտեցան անկիւնը։

Համբօն բերաւ սեր, չորթան, թութ, սերկեւիլ մը դրաւ էշղիային առջեւ յարգանքով ու նստաւ, ձեռքերը բարեւած։

Կեավո՜ւր, ուրիշ բան մը չունի՞ս սուլեց Հասօն։

Ոչի՜նչ, Պէկ, Աստուած վկայ։

Կը ստես, շան զաւակ, ու Քիւրտը չար ծիծաղ մը շարժեց դէմքին վրայ։

Հրոսակը կ՚ուտէր ախորժով ու երբեմն խոշոր ձեռքերը կ’երկարէր օճախին, ուր կրկին բոցերը կը հրճուէին դեղին գալարներով։ Համբօ երկիւղանքով կը նկատէր Քիւրտին, ու չար նախազգացում մը իր գեղջուկի միտքը կը փոթորկէր։

Հասօն էր, էշղիան, Նահանգին սարսափը, նահանգի փաշային կողոպուտի ընկերը, վերջապէս, Հասօն։ Արծաթապատ ու ծաղկենկար խանչէր մը կախուած էր «զպուն»ին վրայէն, անոր քով կարմիր կաշեպատ վեցհարուած մը՝ Մարթին հրացանի կապարները կուրծքին վրայ կը խաչաձեւէին։ Սոսկալի էր Էշղիային երեւոյթը։ Հասօ լափեց սեւ հաց մը ամբողջ ու ինչ որ կար, լզեց ախորժով մատները շունի մը պէս, ու ոտքերը կրակին երկարեց.

Խահվէ չունի՞ք, հրամայեց։

Ո՛չ, Պէկ։

Ծխա՛խո՞տ։

Չենք ծխեր, Պէ՜կ։

Քիւրտը կրկին չարաշուք նայուածքներ պտացուց ու հայհոյեց մեղմիւ։

Երկու կիները կծկտած անկիւնը կը դիտէին մարդը արհաւիրքով։

Ծերունին մտախոհ էր ու ճակատը կնճռոտած։

Ի՞նչ է անունդ լսելի ըրաւ Քիւրտը։

Համբօ՛։

Է՜ Համբօ՛, իմ անունս է Հասօ, ըսէ, ճի՛շտ ըսէ, քանի՞ տաւար ունիս։

Չունիմ, Պէկ։

Կը ստե՛ս, քեզի կիտի կեավուր։

Մէկ կով ունիմ։

Ոչխա՞ր։

Չունի՛մ, Պէկ, չունի՛մ, արեւուդ մատաղ։

Է՜, Համբօ, երէկ լաւ օր էր, երկու Հայ տղամարդ թալլեցինք ճամբան.

Ծերուկն ուշադիր նայեցաւ Քիւրտին.

Քիւրտը խանչէրով կը խաղար ու զայն կը շոյէր՝ հպարտ։

Հայերն աղջի՜կ են, աղջի՜կ, մէկը կծկեց ու միւսը տաւարի պէս մեռաւ պոռալով։ Աստուծոյ սիրուն, կին ունիմ. հար ունիմ մար ունիմ, ո՞վ մտիկ կ՚ընէ։

Դաշոյն մը երեք սիրտերը խոցեց վերջին խօսքերուն։

Գոհար անկիւնը ցցուեցաւ, տաքութիւն մը մարմինէն անցաւ ու մօտեցաւ Քիւրտին։ Ծերուկ Համբօն գետին կը նայէր մթամած։

Քիչ դրամ չէր, Համբօ՛, Աստուծոյ համար, յիսուն կարմիր թանկ քսակով մը, յիսուն կարմիր։

Ստամպոլէն կուգար շեշտեց Քիւրտը։

Տեսակ մը կրակ Հարսին թուշերը վառեց ու գլուխը կ’այրէր կարծես։ Համբօն յիմարի մը պէս կը նայէր Էշղիային։

Է՜, Պէկ, Ստամպոլէ՞ն,

Այո՛, անանկ։

Քանի՞ տարու էր, Պէկ կը ներես, քանի՞ տարեկան ձայնեց ցաւագին ծերուկը։

Տեսակ մը նախազգացում իր հոգին կ՚ալեկոծէր։ Հապա հարսի՞նը։

Է՜, է՜, աղտոտ մարդ, ատ ի՜նչ լեզու, քեզի ի՜նչ, հա, երեսուն մը կար, տղամարդ ըսի։

Հարսն Էշղիային մօտեցաւ քայլ մը։

Այդ մարդն իր Պետօ՞ն էր, օ՜հ, սուրբեր, չա՛ր սուրբեր։ Չուզեց խորհիլ ատոր վրայ.

Ո՛չ, ո՛չ մտածեց, բնաւ։ Բայց կասկածը սիրտն երկաթներու մէջ կը դնէր, ի՞նչպէս հարցնէր Քիւրտին, Էշղիան գիտէ՞ր մարդուն անունը։

Էշղիան ժպտեցաւ կիրքով պեխերուն տակէն հարսին ու ըսաւ խնդալով.

Համբօ՛, հարսդ ի՜նչ աղուոր է, ատ ի՜նչ պօ՜յ…,

Համբօ չլսեց, հարցուց փաղաքշանքով

Պէկ տղան Ստամպօլէ՞ն կուգար, հա՞ ոտիցտ մատաղ։

Այո՛։

Պէկ, ոտքերդ պագնեմ, մատաղ քեզի պէկ, ի՞նչ ըսաւ։

Ինչ ըսաւ… ի՞նչ կ՚ըսէ, Հայ մը մեռա՜ւ հորթի մը պէս։ Հարս ու կեսրայր ակնարկով զիրար չափեցին։ Ու միեւնոյն չարաշուք մտածումը նորէն խայթեց երկու հոգիները։ Պառաւն անկիւնը կը հեկեկար գաղտուկ։

Երկննամ յոգնած եմ յօրանջեց հրոսակը, ու աւելցուց.

Ինչ աղուոր հարս…. ի՜նչ աղուոր հարս, քովս եկուր, ճանս։

Պէ՜կ, պէկ, մրմնջեց հեկեկանքով Համբօն։

Պէ՜կ, մրմնջեց հարսն որոշ, ձայնը կը խեղդուէր կուրծքին մէջ։

Ինչ կ՚ուզէք, ի՜նչ կ’ուզէք, խոզի ձագեր, ձգեցէք զիս հանգիստ. աչքերով հարսին մարմինը չափելով գոչեց էշղիան.

Համբօ՛, կանուխ պիտի երթամ, ճերմակ հաց, հաւկիթ, սէր պատրաստէ, շարունակեց քիւրտը։

Խորին մահուան անշարժութիւնն հաստատուեցաւ հիւղին մէջ, բայց չարաշուք կասկած մը հոգիներէն ներս սպրդած էր.

Պէ՜կ, պէկ հառաչեց ծերունի Համբօն։

Հասօն ցնցուեցաւ, ու սուլեց կատաղօրէն.

  Ի՞նչ կ՚ուզէք, մեռնի՞լ, շան ձագեր, վատազգիներ, ձգեցէք զիս. Էշղիան ձեռքը խանչարին մօտեցուց դէպի գօտին սպառնական, ու երբ ձեռքը գօտիէն ուժգին վեր բարձրացուց, ուլունքէ գոյնզգոյն քէսէ մը գետին ինկաւ։

Ծերուկ Համբօն ուշադիր դիտեց քսակը,

Հարսը ծռեցաւ քսակին վրան։ Քիւրտը բռնեց հարսին թեւէն ու գոչեց։

Ի՜նչ կը նայիս, Ստամպոլցիին քսակն է, քո՜վս եկուր, սանկ…. ։

Վա՜յ, Պետոյի քէսէն գոչեցին ցաւակոծ ուժասպառ երեք գիւղացիները։

Էշղիան ցնցուեցաւ, չորս կողմը դիտեց զարմանքով ու անհոգ գլուխը դրաւ գետին։

Պառաւը շարժեցաւ ուժգին դողով մը ու անկիւնը փռուեցաւ։

Համբօ շանթահար ինկաւ կռնակին վրայ։

Կէս մը հակած՝ Գոհարը վեր ուղղուեցաւ, շրջեցաւ սենեակին անկիւնները, դարձաւ Քիւրտին մօտ։

Քիւրտը գոցած էր աչքերը, ու կը շնչէր արագ։

Գոհարի գլխուն մէջ ծանր մարմին մը կը շարժէր, ու իրերը կը պարէին իր մթագնած աչքերուն առջեւ։

Էշղիան բացաւ նորէն աչքերը, հարսին ուղղեցաւ եւ ըսաւ.

Ի՜նչ կ՚ըլլաք, կը սպաննեմ ձեզի հա՛ ամենքդ ալ մէկ դանակով, Սթամպօլցիին պէս։ Յետոյ հրամայեց.

Հա՛րս, մօտս եկուր, շո՛ւտ…։

Էշղիան կէս մը վեր ելաւ, ձեռքերն երկարեց Գոհարի կողմն ու անոր թեզանիքէն քաշեց ուժգին։

Վրէժը հարսին կուրծքն ուռեցուց։

Պետոյի դիակը տեսնալ կարծեց Էշղիային քով, մօտեցաւ Հասօին ու հակեցաւ անոր վրայ։

Հրոսակն հեշտօրէն գոցեց աչքերը, անցուց բազուկներէն մին հարսին մէջքին ու իրեն քաշեց։

Ակնթարթի մը մէջ հարսը խլեց խանչարը բեկին մէջքէն ու անոր ուսը մխեց մինչեւ երախակալը։

Հասօն ցատկեց վեր վիրաւոր կորիւնի մը նման մռնչելով.

Ա՜հ, կեավուր կին, զիս սպաննե՞լ կ՚ուզես։

Այո՛, շան ծնունդ, դուն իմ արիւնս խմեցիր, Պետոս, ա՜խ, գոչեց մոլեգին հարսը։

Ու հարուածն երկրորդեց։

Քիւրտը մէկ ձեռքով գրկած Հայուհին, միւսով վեցհարուածը կը ջանար պատեանէն մերկացնել։

Կատաղի էգի մը ու հպարտ արուի մը ամեհի պայքարն էր այս, որ հինգ վայրկեան տեւեց։

Հարսը Էշղիային կուրծքին փորին վրայ կը խաղցնէր խանչարն ու արիւնը կը վազէր տախտակամածին վրայ անձրեւի յորդութիւնով։

Քիւրտն հազիւ բարձրացուցած վեցհարուածն հարսին կուրծքին, դիտապաստ ինկաւ արիւնի լճակի մը վրան։

Օճախը մարած էր ու սենեակը խաւար։

Հովն ամեհի, անհուն եղերերգ մը կ՚արձակէր սարսուող հիւղին շուրջ…