Հայրենի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԿԱՂԸՆՏԻՆ ԶՈՀԸ
* *

Դեկտեմբերի վերջին օրն ալ կ՚անցնէր, մռայլ ու հողմակոծ։ Առաւօտէն մինչեւ երեկոյ անընդհատ ձիւնի մանր հատիկներ գորշ պաստառի մը վրայ հողմէն հալածական կը պարէին ու սահմանաւոր հորիզոն մը կը ճնշէր գիւղին մօտաւոր հիւղերուն վրայ իսկ։ Զարման տքնեցաւ Կաղանդի վերջին պատրաստութիւններուն, պղինձէ տապակներուն մէջ լեցուց ընկոյզն ու չոր նուշը, չոր թութն ու խնձորի կտորները…։ Խոշոր բոլորշի պղինձէ ափսէին մէջ տեղաւորեց պահքի կերակուրները, ու անկիւն մը զետեղեց։ Երկու օրէ ի վեր ծոմ էր. ոտքերուն մէջ, սրունքներուն վրայ թափը կը պակսէր, բայց զուարթ կ՚ուզէր ըլլալ, ճիգ մը կ’ընէր յաղթելու իր ընկճուած մարմինին։ Կը սպասէր անհամբեր մութին, կ’ուզէր այդ Կաղընտի գիշերուան առաջին լոգացողն ինք ըլլալ, նոր տարուան ամէնէն բախտաւորն ըլլալու համար։ Օրն ուշ կը վերջանար, Զարման տղու մը չափ անհամբեր կը դառնար։ Երդիքին խափանքը ծածկուած բոլոր փոքրիկ պատուհանները ներսի սենեակի գոցուած էին լաթով ու հոն տաք քրքջալիր շաղակրատում մը արդէն կը սկսէր այր մարդոց մէջ։ Խռիւներն օճախին մէջ կը ճարճատէին ու բուխերիկէն խուժող հովի հոսանքէն թափով մը կը բռնկէին զառաչաձայն։

Ի՜նչ ձիւն, ի՜նչ ձիւն, մենախօսեց Զարման, կը երեւի թէ լաճեր դուրս չպիտի կրնան ելլել այս բուքին պտուղ հաւաքելու համար։ Բակին մէջ մութը կ’իջնար, առարկաներն անորոշելու աստիճան։ Հարսը մաքրեց սահմաններն ու անորոշ գոհունակութիւնով մը քաշեց լաջակը բերնին, ու ձեռքերը կարմիր գոգնոցին վրայ բեւեռած մտաւ սենեակ։

Նստէ, հարս, խոժոռ ձայն մը անկիւնի մինտէրէն բարձրացաւ։ Զարման կծկուեցաւ։ Օճախին մէջ խռիւները կը ճաճանչէին ու երբեմն լոյսով կ’ողողէին բոլոր տնեցիներուն դէմքերը։ Խօսք չկար, հանդիսաւոր գիշեր մը նոր տարիին գիշերը, յետոյ ճրագ ալ պէտք չէր վառել, օճախին լոյսը կը բաւէր։ Բոլոր գեղջուկ ճակատներն ալ թաղուած երազի մը մէջ որ չէր լրանար չէր հատներ, ոմանք ծալլապատիկ արմուկնին յեցած ծունկերու ու իրենց ափերովն այտերը բռնած։ Ծերուկին թէզպիհը բզզացող շառաչով մը կ՚աղմըկէր անդորրը եւ ամեհի պախուրցն որ փուխերիկին մէջ զուարթ նօթեր կը նետէր, դիւցազնակատակ քերթուած մը կ՚ոլորէր վայրկեաններով, հարիւրաւոր յայրատ կատուներուն կսկիծը կ’երկարաձգէր, կ’ողբար, կ’ոռնար. հովիւներու սուլումները կը նետէր ու յանկարծ կը խուսափէր։ Պահ մը ուշադիր դէմքերը, կիսադէմքերը կ’երերային, ու կը գծագրուէին մութին մէջ պղինձէ շրջագիծով հրահրումէն բոցերուն։

Խօսեցէ՛ք, տղաներ, եավրում, Համբօ, երկու ճուղապ, հորթերն ինտո՞ր են, ծերուկ Պետօն կը կրկնէր ու թաւ պեխերուն տակ համր դող մը կը ծաւալէր։ Անկողինի մէջ ոչ մէկը պիտի քնանար այդ գիշեր, ամենքն ալ կանուխ, հաւախօսէն առաջ աղբիւր պիտի երթային լուացուելու ու յետոյ ժամ աղօթք երգելու։

Տեսնանք ո՛վ պիտի ըլլայ առաջին աղբիւր գացողը, կրկնած էր ծերուկ տան տիրուհին։

Հարս. ղըզըմ, քիւթիկը չի մոռնաս տեղաւորելու օճախին մէջ, հնչեցուց տանուտէրն ու կողմնակի տապալեցաւ մեղմիւ բազմոցին վրայ։ Ծերունիները կը խռկային, տղաքը կը ֆշային ու կը ֆսրտային։ Զարման գրկեց բերաւ խոշոր չոր կոճղն ու տեղաւորեց օճախին մէջ, նստաւ պարտասած, տեղաւորեց շիւղերը, պիտի քնանար ինքզինքը հիմա ազատ կը զգար խորհելու, երազելու, երկարեց ոտքերն ու մրափի մը անձնատուր իր կեանքին տխուր կծիկը քակեց։ Երբեմն սիրտը կ’ուռէր արտասուելու չափ, կուտար Արութին անունը, անխոստովանելի տենչերուն կրակովը կ’այրէր սիրտը, կը բաբախէր, մարմին մը կ’ուզէր գալարուելու անոր վրայ, կսկիծ մը ծայր կ’առնէր երիկամունքներուն մէջ։ Այդ մարդուն պապակովը չէր լեցուած տակաւին, այնքան կ’ամօթէր ինքզինքը Զարման այդ մութ բնազդներու համար. եթէ մարդիկ չէին իմանար զինք, սուրբե՞րն ալ չէին կրնար դատել իր մտածումները։ Ի՞նչ կ’ընէր այդ հանդիսաւոր գիշերը Արութ, ո՜ր անկիւնն էր, յոգնա՞ծ, պարտասա՞ծ, հիւա՞նդ, կը մտածէ՞ իրեն ու մէկհատիկ լակոտին վրայ, եթէ զինքը դէպ ի հայրենիք չէր քաշեր։ Հարսը կարծեց տեսնալ Արութը խանի մը սենեակին անկիւնը միայն, մտածկոտ ու կնճռոտ ճակատով, անոր կարմիր ու լեցուն այտերը փոսացած էին, ծիւրած ու ծունգերը դողահար։

Տէր Աստուած, Տէր Աստուած, հեկեկաց Զարման, դուն իրեն ու ինծի ողորմիս. խառնեց օճախը, ցրուած վառող ճիւղերն ամփոփեց ու աւելի մօտեցաւ անոր։ Յամր սարսուռ մը սենեակին որմերը կը գրկէր ու առաստաղին սեւ անփայլ մարթակներուն վրայ անշրջագիծ կիսալոյս ստուեր մը կը շողար։ Հովը լսելի կ՚ընէր ողոքներ, ու քրքջալիր առասպելներ ծխնելոյզին մէջ եւ անհամաչափ ու խորթացող շնչառութիւններն հառաչներու նման աւելի խորունկ կ’ըլլային։

Է՜հ, թերեւս ա՛լ լաւ կեանք մը կ’անցընէ Արութ, խորհեցաւ Զարման զզուանքով, Ստանպօլ հաղար գլխով աժտահարներու տեղ է. հոս ափ մը գիւղին մէջ աղջիկներն երիտասարդներու խելքը կը գողնան, ո՜ւր մնաց հոն։ Արութ թերեւս հիմա այդ հրէշներէն մէկուն գիրկն էր, աննման սենեակի մը մէջ ու հարսին գեղջուկ գանկը կը ջանար երեւակայել իրեն անծանօթ սենեակ մը, որուն բոլոր մանրամասնութիւնները կ’ուզէր կազմել, ճոխացընել։ Ինքը լսած էր Ստամպօլի քածերու պատմութիւնը, Զարման կատաղօրէն շարժեց փայտը՝ որով օճախը կը հրահրէր, թուլցաւ իր թեւերը, նորէն ինկան, չէ՛, չէ՛, հազար անգամ ո՛չ, Արութն իրն էր. իրմէ զատ ո՛չ մէկը կրնար սիրել ու համբուրել։ Զարման ճամբաներու հեռաւորութիւնը, ծովերն երեւակայեց. ի՛նչ էր ծով մը, ջուրի օվա մը, անանկ ըսեր էին, ջանաց բաբօռի մը պատկերը գծել մտովի, ու անյաջող եղաւ, ի՜նչպէս կը քալէին նաւերը ջուրին վրայէն, յետոյ ինքնիրեն վազող կառքի մը վրայ խորհեցաւ առանց ձիու, ամուսինն էր գրած, երանի աչքերուն, արդեօք ինչե՜ր տեսած էր, ի՛նչ հրաշալիքներ, ի՜նչ շէնքեր, ի՜նչ մարդիկ ու ի՜նչ ձեւով հագուած։ Ասոնք բոլորը չկազմուած աւրուած, տարօրինակ անորոշ ստուերներու պէս հազիւ կ’անցնէին Զարմանի մտքէն։ Արութ ամէնն ալ տեսած էր, հարկաւ երբ գար պիտի պատմէր, ու Զարման հպարտութեամբ հառաչեց սփոփուած պահ մը, իր ամուսինը գիւղին Րէսն ալ կրնար ըլլալ, հարկաւ դրամ ալ պահած ունէր։

Սենեակը մեռած կը թուէր քանի մը վայրկեան, Զարման յանկարծ ցնցուեցաւ, հովի մը ոռնուք սթափեցուց զինքը, վեր առաւ գլուխն ու ժպիտով չորս կողմը դիտեց. կոճղն օճախին մէջ կը ճարճատէր։

Ա՜խ, անոյշ երազ, քանց մեղրն անոյշ, ըսաւ, Զարման, Արութին հետն էինք, քով քովի հարսնութեան առաջին կաղանդը կ՚անցընէինք։ Թաղուեցաւ կրկին հին օրերու մէջ։ Տասը տարի առաջ անցուցած կեանքէն պահեր երեւցան իրեն, խիտ, որոշ ու զուարթ դրուագներով։ Պարերգի մը յանկերգն հնչեց իր սրտին մէջ.

Սարերու հովին մեռնիմ,

Իմ եարին պօյին մեռնիմ,

Ես էն օխտն օր չեմ տեսեր

Տեսնողին աչուին մեռնիմ։

Զարման, ընդհուպ դժգոհանք մը զգաց, ուշ կը լուսնար։ Անասունի ոտքի ձայներ ախոռին մէջ զգալի կ’ըլլային. կ՚երգէ՞ին արդեօք աքլորներ ու ինք չէր իմանար. ականջը տախտակամածին դրած սպասեց Զարման հաւախօսին. տախտակին վրայ բոլոր ոսկորներուն ցաւիլը կ’զգար, բայց արիւնը կ’եռար, մարմինը կ’այրէր, ու յուզումէն ականջներն անորոշ խժրտուքներով կը լեցուէին, անհամբեր էր, ամէնէն առաջ ինք պիտի երթար լոգնալու բոլոր մարմինովը։ Նոր Տարւոյն առտուն կանուխ լուացուելու գացողներ աղբիւրին ոսկի հոսիլն էին տեսեր։

Ես ոսկի չեմ ուզեր, իմ բախտս միայն յաջող դառնար։ Արութս կարգադրէր գործն ու դառնար հայրենիք։ Խեղդուկ ձայն մը հասաւ Զարմանի ականջին, ձայնը կրկնուեցաւ, երրորդուեցաւ աւելի ուժեղ, ախոռին մէջ ոտնաձայներու աշխուժութիւնը կը յաճախուէր։ Զարման վազեց հողէ պտուկ մը առած, սլացաւ դուռը, աղխը քաշեց ու մինչեւ ազդրերը բարձրացող ձիւնին մէջէն կը գահավիժէր, ձեռքերը, դէմքը կը մխրճուէին ձիւնին մէջ, կ’իյնար կը բարձրանար ու մոլեգին հովը իր մազերուն տասը անջատ հիւսքերը կը նետէր հովին մէջ։ Աղբիւրին մօտ էր, քակեց պարեգօտը, շապիկը, մերկացաւ, ձեռքով խորտակեց աղբիւրին սառը ու մոռցած ամէն ինչ՝ զինք ծեծող ձիւնը, բուքը խարազանող, ան կը լեցնէր մարմինին ամէն մասերուն վրայ ջուրն որ տաք կը թուէր իրեն. կը լեցնէր անխնայ կորսուած, մոլեգնած, վիթխարի անասունի մը թափովը կատաղի ու յետոյ իբրեւ ուրուական մը որ կը հալածուի, բոլոր հանդերձները թեւերուն տակ դարձաւ տուն։ Ներսը ամէն ալ կը քնանային շատ աւելի մեղմ, անշշուկ, ու կը շարժտկէին։ Զարման չորցուց մարմինը, նայեցաւ մերկութեանը ու դողաց, ինչպէ՜ս հիւծեր էր. բայց այդ պահուն գոհունակ խաղաղութիւնով լեցուած էր հոգին իբր իր բոլոր երազները իրականացած ըլլային։ Իջաւ ախոռ, տուաւ անասուններուն չոր խոտ։

Երբ վեր կը բարձրանար Զարման դող մը զգաց, ուժգին սարսուռներ կը պտըտէին անդամներուն մէջ ու կարծես շնչառութիւնը նախ կ’երագուէր, ապա կը դժուարանար։ Բոլոր ննջողները կ՚արթննային ու կը մեկնէին աղբիւր։

Տժգոյն ու ախտաւոր առաւօտ մը կիսաբաց դուռնէն, բակին հողէ գետինին կը հպէր մաշած գորշութիւնով մը։ Զարման կը զգար խրիլը կողերուն մէջ սուր շեղբի մը. սարսուռները աւելի տեւող կ’ըլլային, տենդով ընդմիջուած. ծունկերը կը դողային, անկարող կ’ըլլար ոտքի վրայ մնալու։

Սա ի՜նչ հիւանդութիւն է, մրմնջեց, կաղըտի օրով։

Տունի բոլոր անդամներուն հետ ինք ալ գնաց համբուրելու կեսրայրին ու կեսրոջը ձեռքերը, ընդունեց անոնցմէ վարդագոյն լաչակ մը նուէր։

Հա՛րս, Զարման, ինչո՞ւ չի խնդար երեսդ, ընդմիջեց ծերուկ տանտէրը։ Զարման կիսատ ժպիտ մը շինեց դէմքին վրայ. դողը միշտ աւելի զօրաւոր եւ աւելի ուժգին թափով զինք կը համակէր ու ամէն փոքր շնչառութեան, կողերուն վրայ ու ստինքներուն տակ ցաւն անտանելի կը դառնար։ Զարման կծկուեցաւ անկիւն մը ընկճուած։ Հրճուանքով կը լեցուէր այդ օր տունն, ու տանիսին լուսամուտէն կախուած իւրաքանչիւր տոպրակ՝ հարսներն ու լաճերը դատարկ չէին վերադարձներ։ Հովը կը դադրէր ու կը ձիւնէր նարնջածաղիկի թերթերու մեծութիւնով հանդարտ, վարանքով։ Երբեմն գեղջկական մաղթերգ մը կը լսուէր մօտի երդիքներէն։

Հիւա՞նդ ես, հարս, ի՞նչ ունիս, մօտեցաւ սկեսուրը խստութիւնով ու Զարման մունջ էր, գլուխը տատանեց հաստատական ու սկսաւ արտասուել որպէս կորսուած տղեկ մը։

Տէ՜, տէ՜, բան մը չունիս, հարս նազ չեմ ուզեր, էրկանդ ծախէ ատ նազերդ, ել գործիդ։ Զարման կը հեկեկար աւելի բարձր ու ողորմելի՝ կողերը բռնած։

Հիւանդ է, անկիւնէն մրմռաց կարեկցօրէն ծերուկը, թող պառկի, է՜հ, բան մը չէ Զարման, բան մը չէ զաւակս, կ’անցնի…։