Հայրենի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՏԿԱՐԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
*

1894ի ամառն էր։

Երեք Հայեր գիւղէ կը վերադառնային քաղաք, անհոգ, գոհ ու աշխոյժ։ Առեւտուրը լաւ էր եղած, ու իրենց շրջուն չարչիի ապրանքները փոխանակած էին ցորենի, իւղի, հաւկիթի ու ոսպի հետ։ Անոնք ընդարձակ խոպան դաշտի մը վրայէն կը քալէին։

Դաշտն ընդարձակ էր, ամայի, ու վերջին հունձքի մը հետքերը տակաւին կը նշմարուէին յարդի փայլուն դեղինովը որ կը տարածուէր արեւէն կիզուած ածուներուն մէջ։

Լա՛ւ էր Գոգոր, լա՛ւ էր աս տարի հունձքը։

Մե՛նք ալ լաւ գործեցինք Սիմոն, եթէ հունձքը լաւ չլինէր, ի՞նչպէս էշերը կրնայինք տքացնել։

Ճիշտ է տղա՛յ, ճի՛շտ է գոչեց ուժեղ ծիծաղով մը ամէնէն տարէցն Ակօն, ու շարունակեց.

Է՜ աս ձմեռ ալ տղերքը հանգիստ թող ապրին, աս քանի՞ տարի կայ որ շէնք շնորհք ձմեռուան պարէն մը չի շտկեցինք։

Ու երեք անձերը նայեցան վստահութիւնով էշերու, գոչեցին միաշունչ.

Հօ՛, հօ՛ հօ՛, ու խթեցին երկար չպուխներով էշերուն քամակները, էշերն իրենց ընթացքը երագեցուցին, ականջնին ցցած զռալով։ Այս համերգն երեք Հայերուն ուժ տուաւ, ու երեքն ալ աւիւնով սկսան երգել.

Եկուր կապեմ սուրը մէջքիդ

Ասպար կապեմ քո վզին,

Եւ հայրենեաց սուրբ դրօշակը

Թող ծածանի աջ թեւիդ։

Յոյս մը լեցուց երեք հայերուն սիրտը։ Երեքին ալ կուրծքերը բարձրացան ու շնջեցին դաշտին առոյգ մթնոլորտը։ Ակօն կասկածի ակնարկ մը նետեց դաշտին չորս ծայրերն ու գոչեց.

Ճչե՛ցէք. տղաք, ձեր ուզածին պէս, մարդ անասուն չիկայ։ Աստուած ձեր ձայնը կը լսէ ու Հայուն կ’ողորմի, դաշտին վրայ երկինքը մօտիկ է։

Հով մը հեռաւոր, ծածուկ ծաթրիններուն, վայրի ռեհաններու շունչը կ’անցնէր ճամբորդներու մօտէն, ու կոճուկներուն թեզանիքները փեղկերու պէս կը ճօճէր։ Մարդիկը կը քալէին ու դաշտն անծայր կը թուէր։ Կրկին Գոգոր իր անոյշ ձայնովը մեներգեց.

Հովէն սարէն ուստի՞ կուգաս,

Ազատութեան դուն անուշ ձայն,

Հովէն սարէն ուստի՞ կուգաս,

Իմ հայրենի անուշիկ ձայն։

Կրկին կը դանդաղէին էշերը իրենց ընթացքը, ու քայլերն աւելի մեղմ կը բացուէին։

Տղա՛ք, երեք ժամուան ուղի ունինք, պէտք չէ աճապարենք, տակաւին ցերեկ անգամ չէ, ընդմիջեց Սիմօն։

Լա՛ւ, բայց անգամ մը անցնինք Ղան տէրէսիէն, աւելցուց Ակօն։

Մի վախնար Ակօ ցերեկ օրով հոն աւազակ չի մնար։

Է՜։

Երեք մարդերը պահ մը գետինը նայեցան ու կրկին խթանեցին էշերը։ Յուլիսի վերջն էր, տաք արեւ մը կ’իջնար դաշտին վրայ, ու հեռուները գորշ մանիշակի երանգներով հողերէն վեր գոլորշիները կը բոցավառէին։ Թռչուններ կ’անցնէին հողերու մօտէն դանդաղ գնացքով ու յարդատանիքներ կողմնակի հեռաւոր անջրպետներու մէջ կը լուծուէին.

Տղա՞ք, բան մը իմացա՞ք։

Ի՞նչ, Ակօ՛, հետաքրքիր գոռացին երկու ընկերները։

Վեց նահանգներուն խնդիրը…։

Վեց նահանգնե՞րը, է՛, լրացա՜ծ է, լրացա՜ծ։ Վահան վարժապետ էդպէս ըսաւ, ինկիլիզն էր որոշեր, քիչ օրէն ազատութիւն պիտի ըլլայ, վրայ տուաւ Սիմօն։

Մե՜ռնիմ, պօռաց Ակօն, ապրի հայուն պաշտպանը, ու կասկածով շարունակեց.

Բայց տղա՛ք, հայը շատ խաբուած է, այդ ալ թերեւս սուտ է… է, հայ, վա՜յ…։

Սո՛ւտ, սո՛ւտ դժգոհանքով խօսեցաւ Գոգորը, ի՜նչ կըսես Ակօ՛ կըլլա՞յ, խաղալիք է ինկիլիզին խօսքը։

Է ո՞վ գիտէ տղաք, թերեւս ողորմի Աստուած աս ապաշխարանքին, վերջացուց Ակօն։

Դաշտին արահետը կը հակէր, զառիվայրն զգալի կըլլար հետզհետէ ու Ղան Տէրէսին կը նշմարուէր։

Էշերն աւելի կը դանդաղէին ու կը ցնցուէին իջնալով։

Խօսքը դադրեցաւ, լուռ ու մունջ կ’իջնային երեք չարչիները։ Երեքն ալ անզէն էին ու երեքն ալ յաղթ հասակով։

Տղա՛ք, զէնք ունի՞ք, հարցուց Գոգոր։

Զէնք, ի՞նչ ընելու համար, կրկնեցին ընկերները։

Դեղ կ՚ըլլար, ժպտեցաւ Գոգորը։

Ինջնող արահետը կասեցաւ ու երկու ծառախիտ ժէռոտ բլուրին մէջէն շարունակեցին իրենց ճամբան։ Արեւը շատ աւելի այրող էր հիմա ու ֆէսերը մինչեւ ճակատ ծածկող չալմաներուն տակէն քրտինքը կը հոսէր առատօրէն երեքին ալ թրծուած դէմքերուն վրայ։

Ձորը կ’անցնէին, վերջին զօրեղ կանաչով ծածկուած ծառերու մէջէն լուռ, ջանալով անաղմուկ քայլեր առնել։ Յանկարծ էշերէն մին երկարաձիգ խազերով սկսաւ զռալ, ու բլուրները կողկողագին արձագանգումներ ունեցան, ձորը շարժեցաւ կարծես ու քարերը ձայնեցին։ Երեք հայերը միաբերան սուլեցին, ու իջան ուժգին իշուն քամակին փայտերով, ու մռնջեցին զայրագին։

Հա՛, ճիշտ ատենը գտար աւանա՛կ, շան ծնունդ։ Էշը ետեւի ոտներուն վրայ կքեցաւ ու սկսաւ արշաւել.

Կողմնակի թուփեր խշացին ու հրազէնի ձայն մը ձորը դղրդեց։ Երեք հայերը կանգ առին, ու անոնց աղիքները շարժեցան վէրքի սուր խիթով մը։

Կեցէ՛ք, մի՛ շարժիք, եթէ մեռնիլ չէք ուզեր գոչեց բիրտ ձայն մը։

Երեքը մէկ քարացան։

Քակեցէ՛ք էշերուն բեռները, հրամայեցին չորս հրացանի փողեր, ճամբորդներուն վրայ շտկած փայլուն, արիւնով լեցուն, վայրագ աչքերով անծանօթներ, ու ժպտեցան։ Քակեցէ՜ք բեռները ու տուէք քսակնիդ։

Հայերն յիմարներու պէս կը մնային։

Շո՜ւտ, շո՜ւտ…

Ամա՜ն, բաշա՜ս, հազիւ լսելի ըրաւ Ակօն, ձեր, ձեր արեւուն…։

Շո՜ւտ, կ’ուզէ՞ք մեռնիլ, ու անոնցմէ մին դաշոյնը փայլեցուց որ արեւէն շողարձակ, քարերուն վրայ ճերմակ լոյս մը նետեց։

Շո՜ւտ, կը կենա՞ք, կեավուրներ, ուրեմն կեանքերնիդ կամ մալերնիդ…։

Երեք կորովի մարդերը ծերերու նման հակած, բնազդօրէն վեց էշերուն մօտեցան։

Աճապարեցէ՛ք, երկա՜ր տեւեց, քակեցէք ապրանքները, է՜ վատեր, ուրիշ գործերէ մեզ ետ ձգեցիք։ Կը փռենք հիմա ձեզի, կը փռենք՝ մենք՝ Եաշարի մարդ ենք։

Ու պարկերը, կողովները կարգաւ ինկան պզտիկ արահետին մէջ կարգաւ։ Էշերը թեթեւցած, սկսան վազել։

Յետոյ աւազակներէն մին, երեք հայերը խուզարկեց, անոնց քսակները պարպեց ու հեռացաւ։

Դէ՛հ, էշերուն հետեւեցէք հիմա, հրամայեց ձայն մը։

Երեք հայերը քալեցին, քալեցին, քալեցին, անխօս անմռունջ, իբրեւ դժոխային երազէ մը արթնցած, ու կէս ժամ յետոյ հազիւ, երբ ձորէն բարձրացան դէպի սարահարթը, իրենց ետին ձգեցին ակնարկ մը պաղատանքով, վախով ու վրէժով լեցուն ու մրմնջեցին.

Անօրէննե՜րը…։

Կէս օրը կ’անցնէր երբ անոնք քաղաքին մօտը հասան։

Ի՞նչպէս ներս պիտի մտնանք, տղերք, ձեզ մատաղ, աս ի՞նչ ամօթ, հէ՜յ վախ, գոչեց Ակօն։ Հէ՜յ վա՜խ, հէ՜յ վա՜խ։

Երկու ընկերները չ’խօսեցան։

Պէտք է խոնախ երթանք, տղա՜ք, ու բողոքենք, յուսադրեց Ակօն։

Խոնա՜խ, լա՛ւ, բայց ի՞նչ օգուտ, մեր մալերը ետ կուգա՞ն հեկեկաց Սիմօն։

Երթա՜նք, հոգ չէ, բողոք տանք, մեր ձայնը ըռին թերեւս, ուղակի Ղայմախամին ելլենք, ա՜խ, աս ի՞նչ օրէնք, ի՞նչ կեանք, հա՜յ, վա՜յ…։

Երեք ճամբորդները դատարկ, անբեռ էշերով մօտեցան քօնաքին։

Երկու զինուոր քօնաքի դուռին մօտ կը հսկէին.

Ի՞նչ կ՚ուզէք, հարցուց անոնցմէ մին։

Քեզ ղուրպան Հիւսէյին չավուշ, կողոպտեցին մեզ։

Ո՞վ, ո՞ւր հարցուց յայտնի ցաւով մը զինուորը, ժողովուրդի հարազատ զաւակը։

Ղան տէրէսին, Եաշարի մարդերը։

Ա՜հ անիծուածներ, դէ՜հ շուտ վեր ելէք Ղայմախամին մօտ, դեռ չէ մեկնած։

Հսկայ դուռնէն երեք հայերը ներս մտան, յայտնի յոյս մը կար իրենց դէմքին վրայ նկարուած։ Պահ մը վերջ երեքն ալ մտան Ղայմախամին սենեակը, ծռեցան ու համբուրեցին անոր բաճկոնին թեզանիքը, նահանջեցին մինչեւ հաստ կաշեպատ վերմակով գոցուած դուռը, ձեռքերնին իրենց փորին վրայ խաչեցին ու մնացին։

Ի՞նչ կուզէք ի՞նչ պատահեցաւ ձեզի, հարցուց դաժան դէմքով, հանդիսաւոր, հրամայական, թաթարի նեղ աչքերով, ցանցառ մօրուսով, դեղնամորթ միջահասակ մարդը։

Մեզ կողոպտեցին։

Ո՞վ։

Եաշարի մարդիկը, Ղանլը Տէրէն, էֆէնտի, լսելի ըրաւ Ակօն ծռելով յարգաբար։

Կը ստես, շուն, շնորհիւ Ն. Վեհափառութեան չի կրնար ատանկ բան մը ըլլալ։ Երբե՛ք, երբե՛ք։

Երեք հայերը խոնարհութիւն մ’ըրին։

Այո՛, այո՛, մրմնջեց Գոգոր, մեր վեց դատարկ էշերը Քօնաքին առջեւ են էֆէնտի։

Ձեր վեց էշե՜րը, քօնաքին առջե՜ւը, հա՜, ի՞նչ, հոս ախո՜ռ է, վայ սրիկաներ, ի՞նչ համարձակութիւն, գոչեց զայրացած մարդը, ու աւելցուց ոռնալով.

Դուք Ֆէտայիներ էք, ինծի նայեցէք, ինչո՞ւ գիւղ գացած էիք։

Մենք չարչի՛ ենք, ապրանք կը ծախենք, լսելի ըրաւ Սիմոնը։

Չարչի՛, սեւ օձեր, օձեր կը ստէք, տէ՛ ճի՜շտն ըսէք. դուք գիւղերը զէնք չ’բաժնեցի՞ք։

Երեք Հայերը սահմռկեցան, զգացին որ երկաթ մը իրենց վիզերը կը գրկէ։

Ո՛չ, ո՛չ, մենք չարչի ենք, աղաղակեցին։

Ես ձեզ կը ճանչնամ, իմ մօտս թուղթեր ունիմ ձեր մասին, հեգնոտ մռնջեց գայմագամը, ոչ մէկը ձեզ չէ՛ կողոպտած, ատիկա կարելի չէ՛ շնորհիւ…։

Երեք հայերը զգացին թէ ինչ ամբաստանութիւն կը ծանրանար իրենց վրայ ու անիծեցին զիրենք հոդ առաջնորդող որոշումը։

Էէ՜հ շան ձգածներ, չը խօսի՞ք, այո՛, այո՛, դուք Ֆէտայիներ էք, զէնք կը բաժնէք, տէրութեան ապերախտնե՛ր, խօսեցէ՛ք, խոստովանեցէ՛ք։ Մարդը հետզհետէ սպառնական կ՚ըլլար։

Մենք, ընդմիջեց Ակօն, մենք պէյ էֆէնտի, քեզ մատաղ, մալ կը ծախենք գիւղերը, մեր վիզերը ձեր ոտքերուն տակ, մենք զմելի մ’անգամ չունինք, մենք Ֆէտայի չենք, տէրութեան ղուլերն ենք մենք ձեզմէ արդարութիւն կը պաղատինք, մեզ կողոպտեցին։

Կեղծաւո՜ր, շողոքորթնե՜ր այո՛ դուք Ֆէտայի էք. դուք չէք կողոպտուած, դուք կը կողոպտէք միայն, հանրային անդորրութիւնը ձեզի նման վատերը միայն կը խանգարեն, ա՛լ, շնորհիւ Ն. Կ. վեհափառութեան դուք չէք կրնար կողոպտուած ըլլալ, այդ բանը կարելի չէ, կատաղութեան նոպայով լեցուած գայմագամը ոտքի ելլելով գոչեց, կեցէ՛ք, հիմա ձեր պատիժը պիտի տամ, կե՛ցէք։ Արիւնը գլուխն էր ցատկած տէրութեան պաշտօնեային։

Հիւսնի աղա՛, քէօ՜ր Հիւսնի եկո՛ւր, եկո՛ւր գոչեց գայմագամը։

Դաժան նայուածքով հսկա՛յ երիտասարդ մը ներս մտաւ։ Դրան մօտ կանգ առաւ։

Զարկ երկաթները Տէրութեան այս խայիններուն ձեռքերուն ու քսանական չիպուք զարկ, յետոյ բանտը նետէ, ասոնք Ֆէտայի են, ասոնք, այո՛, ասոնք են, գիտեմ… տէրութեան որդերը։

Մենք անմեղ ենք, մենք չարչի ենք, հեկեկացին երեքը մէկ կողկողագին։

Կորսուեցէ՛ք, կը հասկնա՛ք հիմա, շուն Հայեր…

Կէս ժամ վերջ, մերկ, կապուտցած, ուռեցած, արիւնախեղդ ոտքերով, հսկայ, մեռելատիպ երեք հայերը ցածկեկ տունէ մը ոտքի հարուածներով ներս ինկան։ Բանտին մէջ էին…։

Արդեօք դաշտն ակա՞նջ ունէր, խորհեցան մեռած երեք հոգիները։

Ծառան վերադարձաւ գայմագամին մօտ, ու պեխերը շտկելով գոչեց հրճուոտ.

Պէտք եղածէն աւելին տուի իրենց։

Է լա՛ւ ուրեմն, էշերը տունիս գոմն առաջնորդէ, ու քմծիծաղ մը շարժեց քթին տակ գայմագամը։