Անջրպետի մը գրաւումը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՆԱՑՔ

Ոչ ուժ է, ոչ ախտ՝

Մարդատեաց հոգիս,

Այլ ճամբորդ մ’աղքատ՝

Քաղաքէ մ’ուրիշ

Քաղաքի միջեւ,

Ձգածիս ընդմիշտ

Եւ դեռ անորոշ

Գալիքին միջեւ։

 

Ապակիին դէմ,

Ուր կը կռթընիմ,

Հոսող եւ անհիմ

Իրերու վրայ

Գլուխս է դալկադէմ՝

Ծովամայրի պէս,

Երբ շոգեկառքէս

Դէպի հակառակ

Սիրտըս կը սուրայ։

 

Բազուկը, որ զիս

Սեղմած՝ կը տանի,

Շարժումով մը խիստ

Կը քաշէ արագ

Լաթը սեղանին՝

Հողերու տակէն,

Ուր գըլորելէն

Տուներ կը թափին,

Լապտերներ գոյն-գոյն,

Կայմեր հերարձակ

Հեռաձայններու։

 

Մեքենան ծառ մ’է,

Որ աստղերուն տակ

Տերեւներն ամէն

Պիտի տայ հովին

Մինչեւ լուսածագ։

 

Կամուրջներու խոր

Փորերէն՝ մուրճի

Թափօրներ, խռպոտ

Ոգիներ կ’աճին։

Ու սուր մը՝ գետէն

Կը նետէ անդին

Յուշերըս բոլոր։

 

Պէտք չէ գանգատիլ,

Պէտք չէ ետ դառնալ, -

Հրեշտակը կ’ըսէ.

-Ձգածիդ դիմաց՝

Եթէ չես ուզեր

Ճամբայիդ կէսէն

Քարանալ յանկարծ

Ղովտի կընոջ պէս։

Նայէ՛ աւելի՝

Կաղանդի ծառին,

Որ սիրտըդ կապես

Անոր ծայերուն,

Ուր լուռ՝ կը վառին

Բազմահայելի

Պարասըրահներ,

Խանութներ փայլուն։

 

Այս քաղաքը նոր,

Լապտերներն անոր,

Ջրվէժներն անվերջ

Գործատուներուն,

Այս թառը անհուն՝

Տուներու ճերմակ,

Որ կոյր՝ կը սպասեն

Լուսնկային տակ,

Ու դեռ անոր մէջ

Ինչ որ կը տեսնես,

Ինչ որ կ’իմանաս,

Դանիէլի դէմ՝

Ոսկի, անվընաս

Պառկող առիւծն է։

 

Գետը կ’անհետի։

Վերելակ մ’յանկարծ,

Ու վերելակին

Վիժումէն ծակած

Սիրտըս։ Իր ետին

Դուռ մը, դուռէն դուրս՝

Կիներ, պարոններ,

Մարդ մ’ալեմօրուս։

 

Բոլորն ալ լըռին,

Բոլորն ալ տարտամ՝

Ծովախոյզներու

Տըկար լոյսին տակ։

Սինեմայի լուռ

Վարագոյրին պէս՝

Նորէն սըրարշաւ

Պատուհան մ’անդին։

 

Ու անիւները,

Գնդիկներ ուժգին՝

Որ կը սալարկեն,

Կը կազմեն դեռ զիս,

Մոնթէ-Քրիստոյի

Բանտին պատին պէս՝

Որուն ետեւէն

Դառնութեան մը հետ

Գանձ մը կը խօսի։

 

Քաղաքը, սակայն,

Որ ալ կը լըքես,

Երբ խածած է քու

Քայքայուած սրտիդ

Թնճուկուած ծայրէն,

Կը պարպէ յանկարծ

Եւ անվերջ՝ զքեզ,

Ճախարակի պէս՝

Քանի հեռանաս։

 

Ոչ ուժ է, ոչ ախտ՝

Մարդատեաց հոգիս,

Այլ ճամբորդ մ’աղքատ՝

Քաղաքէ մ’ուրիշ

Քաղաքի միջեւ,

Ձգածիս ընդմիշտ

Եւ դեռ անորոշ

Գալիքին միջեւ։