ՄՆԱՔ
ԲԱՐՈՎ
Երակներուս,
ջիղերուս
լօռերուն
մէջ՝
այս
առտու
Ձուկ
մ’է
նայուածքըդ,
Մարի՛.
իր
կըտուցին
ես
կ’առնեմ
Խուլ
հարուածներն
ու
օդի
պղպըջակները
տրտում։
Ծուխի
մը
պէս
կը
փրթի
շոգեկառքս
քաղաքէն,
Որ
ցատկոտող
լոյսերով
մորթըւած
հաւ
մ’է
հեռուն՝
Ու
սաւառնակ
հրդեհուած։
Այս
առաւօտ
ես
կ’երգեմ։
Թրանսատլանտեան
նաւերու՝
նայուածքըդ
լուռ՝
կ’ունկնդրէ
Թմբուկները
թաւալող։
Մարի՜,
Մարի՜,
մի՛
մոռնար
Սիրել,
ճշդել
սիրտըս
սա,
որ
կը
կարծես
կղմինտրէ։
Թաշկինակըդ
աղաւնի՝
օրհնող
հոգի
մըն
է
սուրբ…
Ես
կը
խեղդեմ,
կը
մարեմ
զղջում
մը
հին
օրերու։
Ներէ՛,
Մարի,
ծննդեան
ախտըս
աշխարհ
շրջելու։