ԼՈՒՍԱԲԱՑ
ԾՈՎԱՀԱՅԵԱՑ
ՊԱՏՈՒՀԱՆԻ
ՄԸ
ԴԻՄԱՑ
Մղձաւանջի
գիշերէն
վերջ
լոյսն
օրհնէնք
մ’է
ինծի,
Զարթնող
քաղքին
ժըխորով
թափող
զով
ջուր
մը՝
որուն
Տակ
կը
քակեն
երակներս
իրենց
վէրքերն
հանգոյցի
Ու
կը
սուզուին,
կ’արմատուին
երազներու
մէջ
խորունկ։
Ծովերու
վրայ
ծըփացող
Յիսուսին
պէս
թափանցիկ,
Պատուհանէս
կը
թափի
առատ
երկինք
մը
ամրան
Առաստաղիս
մէջ
մաշած,
ուր
բիւրեղներ
սառոյցի՝
Սուրբեր,
խունկեր,
ստուերներ
ծաւալելէն
կը
թրթռան։
Գիշերէն
վերջ
ու
պարապ
փնտռտուքէ
վերջ
բոլոր՝
Անակնկալ
բերքերու
փեղկերս
ալքեր
կը
բանան,
Որոնց
մէջէն՝
յոյսերով,
հըրաշքներով
բեռնաւոր՝
Կ’ելլեն
ջիղերըս
յանկարծ՝
ծանր
ուռկանի
մը
նըման։
Լոյսէ,
սաթէ,
արեւէ,
մարմարիոնէ
կառափնատ՝
Իմ
պատուհանըս
կ’առնէ
քունի
անուշ
հարուածով՝
Աղօթքներով
ծանրացած՝
ինէ
գըլուխըս
քընատ
Ու
կը
նետէ
զայն
մեղմիւ՝
գըլորելով
ծովէ
ծով։