Անջրպետի մը գրաւումը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇԹԱՔԱՐ

Քեզի՝ Խաչիկ [1]

Մեռնիլ առանց մահի, Տէր, տարուիլ անկէ ողջ, ամբողջ.

Կամարներու տակ վայրագ՝ շթաքարի ու բոցի,

Քարայրի մէջ ըզմռսուած ծառերու պէս լուսաշող,

Բիւրեղանալ, քարանալ, անմահանալ ուզեցի։

 

Տարիներու խաւարէ վերջ արկածով մը բացուիլ,

Շարժիլ արծաթ սուրերով, վահաններով մարմարէ,

Ծերպէ մ’ինկող լոյսին տակ ու թեւերուն դէմ հովին՝

Ընդունելով քաջաբար՝ կախուող սուզակը վերէն։

 

Երազեցի ես, յետոյ, զայն գըրաւել ու տանիլ,

Կերոններու, սիւներու բեմի մը մէջ դիւթական

Պտըտցընել զայն, յուզել ստուերներով կենդանի՝

Հայելապատ սըրահի կամ դամբանի մը նըման։

 

Ես ուզեցի այդ մարդուն ցուցադըրել աւազի

Ու հանքերու մէջ փայլուն՝ կըմախացած հին կեանքեր,

Կենդանիներ, թռչուններ, զորըս աշխարհը մեզի

Ռատիոկրաֆի գործիքով մեր քննութեան կ’ուղարկէ։

 

Շատըրուանի պէս լոյսի՝ ծառերուս տակ զմրուխտէ,

Լճակներուս քարացած նայուածքներուն դէմ կլլող,

Ես ուզեցի տալ անոր՝ ինծի փարիլ եւ ուխտել

Մեռնիլ առանց մահի, Տէ՜ր, տարուիլ անկէ ողջ, ամբողջ։



[1]            Ձօնագրումը կ’ուղղուի Խաչիկ Ջուլֆայեանին, գրասէր երիտասարդ բարեկամ մը: Անոր կ’ակնարկէ նաեւ «Հոն» քերթուածը, վերջին բաժինին մէջ: