Անջրպետի մը գրաւումը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ԳԱՐՈՒՆԸ

Ցուլի մը պէս կրկէսի

Ծանըր արեւն իրիկուան։

 

Գարունն ահա կը հոսի

Քաղցըր թոյնի մը նըման։

 

Հոս թախիծի չոր քաղաք,

Ծառերը հոս յուսաբեկ

 

Խրտուիլակներ են մէյմէկ,

Երգեհոններ՝ ուր խառնակ

 

Փամփուշտներու, սուրերու

Խշրտոց մը կը թրթռայ։

 

Կարմիր արեան մը ծարաւ՝

Հողը հոս դեւ մ’է ծերուկ։

 

Հեռուն, սակայն, ես կը զգամ

Աքլորներու, շուներու

 

Ու զանգերու քաղցրահամ

Ժխորներով՝ վառ գարուն

 

Մ’որ հողերուն կ’ելլէ հեզ

Ալիքներէն՝ հարսի պէս։

 

Արիւններու փրփուրէն

Կը զգամ սրտերն, որ ոսկի

 

Խըցանի պէս կը ժայթքին։

Ու անձրեւները յոյսի։

 

Ու փարչերը դողդոջուն՝

Տաք առաջին կաթերուն։

 

Փուռի մը պէս գեղջկական՝

Կարմիր արեւն իրիկուան։

 

Անոր հետ քիչ-քիչ կ’այրի

Վերջին ժպիտըս բարի։

 

Հիմա աշխարհ մը մըթին…։

Ճիւաղներու սուլոցով

 

Շոգեկառքեր՝ ամէն դի…։

Հիմա լըռին առխարխափ

 

Լուսարձակ մը ափէ ափ։

Ու ձմեռուան հով մը զով։

 

Կմախքներու պէս յուզուած

Ջուրերու հետ դէմ-դիմաց՝

 

Հիմա պըսակըս փառքի,

Որ արիւնով կը ծաղկի։