Անջրպետի մը գրաւումը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Արծաթազօծ երկնքին սանդուխներուն կատարէն

Կ’իջնէ իմ աստղս բարի, իմ հըրեշտակըս՝ նորէն։

 

Ան կը հասնի ատենին՝ իմ ժամերուս մէջ յոյզի,

Օգնել, թօթուել ուզելով՝ թարմացընել քիչ մը զիս։

 

Ան կը խըրէ կըտուցին իր ադամանդը՝ ինծի.

Անցեալներու հոսանուտ կախարդական թախիծի

 

Հայելիիս՝ ուր իսկոյն կը կանգնի ծառ մը, որուն

Ճիւղերէն վար կը տեղան չոր կըտորներ դէմքերու։

 

Իր մազերու, թեւերու լոյսերուն մէջ վէտվէտուն՝

Հրեշտակս յետոյ կը բանայ կատաղութեամբ՝ աչքերուն

 

Զոյգ անդունդները, որոնց մէջ պայքարի մը երգին

Կ’արիւնի հուրը՝ որուն դէմ հեզաբար կ’ընկրկիմ։

 

Թո՛ղ քեզ այսպէս իմ կողքիս ես ունենամ յաւիտեան,

Քու սուրիդ շողը դէմքիս, ո՛վ իմ հրեշտակըս պաշտպան։

 

Ես փրկըւիմ մահացու՝ քու եւ կեանքին միջեւ՝ այս

Փնտռտուքէն, փախուստէն, տատանումէն անիմաստ։

 

Ես պրկըւիմ, աղեղում, նետեմ հոգիս՝ անսահման

Ազատութիւնըդ դէպի, փայլուն նետի մը նըման։

 

Հացի, գործի, պանդոկի մտածումէն ես փախչիմ,

Մարդոց շունչէն կազմըւած առաստաղէն այդ ճղճիմ։

 

Քարէ բարձի մը վըրայ դընեմ գըլուխս ու ննջեմ.

Բաւական է՝ որ դուն գաս երկինքներէն սիգաճեմ

 

Ու առագաստդ զարնես, նոր առագաստըդ՝ հրեշտա՛կ,

Սրտիս վրայ՝ թօթուելէն քու փետուրներդ ըսպիտակ։

 

Կարծըր մշուշ՝ կը շարժի իմ հըրեշտակըս տեղէն,

Կը դընէ ոտքը սրտիս, որ յամրօրէն կը պեղէ։

 

Դուրսը քաղաք մը կ’եռայ կէս գիշերին մէջ աշնան,

Տխրահռչակ, երազուն աղաւնետան մը նման։

 

Դուրսը ծառեր փրփըրուն՝ պատուհանիս անկիւնէն՝

Որոնց մէջէն կը կախուի լիալուսին մը ձիւնէ։

 

Կղզիներուն, ծոցերուն ու գետերուն իր կապոյտ

Երակներով ճիւաղ մ’է աշխարհն ու սեւ հողակոյտ։

 

Զայն ճանչնալու, ապրելու իմ երբեմնի խենթ տենչէն

Աստղիս տուած տանջանքներս ես կը սկսիմ վերյիշել։

 

Ես յանցաւոր եմ, կը զգամ, ես ուզեցի քեզ պահել,

Ես ամչցայ միշտ քեզմով, քեզ դատելով անվայել,

 

Քու կոշտութիւնըդ, հրեշտա՛կ, կրնար խըզել տալ մեր հետ

Մարդիկ՝ որոնք ճանչնալու մէջ անճարակ ես յաւէտ։

 

Ես յանցաւոր եմ նորէն՝ քեզ սիրելուս խենթ տենդէն.

Ես դողացի քու մահէդ՝ որ իմս ալ էր նոյն ատեն։

 

Հարուածեցի ես ըզքեզ, քեզ տաշեցի, մաշեցի.

Նոր թեւերով ուզեցի՝ գաս հեղեղով դուն ինծի,

 

Չչարչարես դուն միշտ զիս, դուն բացակայ կամ ներկայ՝

Զիս անտեղեակ պահելով քու խորհուրդէդ ապագայ,

 

Բանտարկելով զիս մըթին ճամբաներու երկայնքին՝

Ինչպէս երբեմըն եղայ սարդոստայնին մէջ ձեռքիս։

 

Հրեշտակ, հրեշտակ, մի՛ երթար, մի՛ հեռանար իմ ուսէս։

Ըրէ՛ ինծմով, հըրեշտա՛կ, ինչ որ երկինքը կ’ուզէ։

 

Մի՛ ձըգեր զիս ուրիշին ցոլքերուն մէջ վերըստին

Փնտըռելով թափառիլ, տալ զիս անդարձ կորուստին։

 

Տոկունութիւնըս, հրեշտա՛կ, ու տանջանքներս անմեկին՝

Ինծի փխրուն քերթողի ազատութիւնըս բերին։

 

Առին սրտիս վըրայէն՝ որթատերեւը յիմար,

Ինէ ամէն բան յուսալ ա՛լ կարելի է հիմա։

 

Ես կը լըռեմ, կը լըսեմ, հըրեշտակիս ես կը զգամ

Առասպելներ ունկնդրող տըղու խնդուքը դժկամ։

 

Ի՞նչ կը դառնայ անոր մէջ, աչքերուն մէջ հեռատես…։

Ան կը քաշէ իր ոտքին քաղցըր բեռը՝ իմ սրտէս։

 

Պատուհանիս առջեւէն կը հեռանայ լուսընկան՝

Չարագուշակ, լրտեսող, կոյր պառաւի մը նըման։

 

Խանութներու փեղկերէն առագաստներ կը բացուին

Դուրսը՝ լոյսէ ու զըւարթ, գորշ թռչուններ ճչոցի։

 

Արշալոյսէն բռնըւած՝ կը սըլանայ վեր յանկարծ

Աստղըս՝ որուն ետեւէն ես կը նայիմ ընկճըւած։

 

Ես առանձին եմ նորէն մահճակալիս մէջ ու մերկ։

Կեանքը վըրաս կը նետէ նոր հայելի մ’ու թամբեր։

 

Հրեշտակս եկաւ լռելեայն ու հեռացաւ ան ինէ,

Ինչպէս որսորդ մը կու գայ դաշտին ծուղակը քննել։