Անջրպետի մը գրաւումը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱՄԵՐՈՒՆ ԵՐԳԸ

Թաթխելէն արիւնիս մէջ տաքուկ՝ ամէն օր,

Կրծելէն, ծամելէն հացի տեղ իմ հոգիս,

Կ’անցընեմ, կը խաբեմ իմ քաղցերըս բոլոր։

Տա՜նկ, տա՜նկ, տա՜նկ,

Ժամեր կը զարնեն

Սալեր՝ բրտօրէն,

Շուներ հողին տակ

Մինչդեռ կը լըզեն

Շղթաները հաստ՝

Դարաւոր, անզէն՝

Խենթին Արտաւազդ։

Բուռ-բուռ հուր՝ ձեռքերուս, պըղինձէ սերմնացան՝

Մութին մէջ, ձիւնին վրայ, երակներըս բոցեղ՝

Կը նետեմ գայլերուն, կը սպասեմ լուսացման։

Տա՜նկ, տա՜նկ, տա՜նկ,

Ժամերը անվերջ՝

Վայրագ թմբուկներ

Կը զարնեն, կու տան

Պաալ աստուծոյ՝

Զոհերը տըղոց,

Խեղդելով խանձող

Ձայները անոնց։

Գէշ օրեր, անձրեւներ, դիակներ հողազերծ…

Ծփալէն ու լալէն, խորհուրդի մը գերի,

Ես կ’երթամ Նոյին պէս, որ աշխարհ մը փրկեց։

Տա՜նկ, տա՜նկ, տա՜նկ,

Ժամեր կը թակեն

Կողեր տախտակէ

Ու մեղմ՝ կը կոտտան

Փայլուն, բոցադէմ

Ջուրերու նըման

Կը վազեն, մահուան

Տաղեր կը նետեն։

Համբերող եւ խոհեմ ես կ’ուզեմ որ ըլլամ,

Հըրէշի մ’արիւնով զմռսեմ իմ հոգիս։

Խուսափիմ, պաշտպանուիմ տերեւէ մը անգամ։

Տա՜նկ, տա՜նկ, տա՜նկ,

Ժամեր կոշտօրէն

Քաջեր կը ծաղրեն,

Կեանքին կը խնդան,

Կ’օրրեն երկաթէ

Մօրուք մը՝ պատէն,

Գաճաճի մը պէս,

Աչքի՝ լուսակէզ։

Ցաւը ցեխն է սակայն. լաւ օրերը կու գան

Հեղեղէն վերջ գարնան։ Լաւ օրեր կը յուսամ,

Ծամելէն, կրծելէն իմ հոգիս արնաքամ։

Տա՜նկ, տա՜նկ, տա՜նկ,

Ձիւներ ծամծըմող,

Հեռուն՝ ձորէ ձոր

Քայլեր կը թնդան,

Հողեր քամելէն

Սպունգի նըման,

Մեծ քայլեր կու գան,

Մինչ ես կ’արտասուեմ։

Թաթխելէն արիւնիս մէջ տաքուկ՝ ամէն օր,

Կրծելէն, ծամելէն հացի տեղ իմ հոգիս։

Կ’անցընեմ, կը խաբեմ իմ քաղցերըս բոլոր։