Անջրպետի մը գրաւումը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆՍ

Հարըստութիւնս են ամբողջ՝ տըխուր պահերս անմեկին։

Աղբի դէզէն այդ դեղին՝ երակներըս կը ծաղկին։

 

Յառնող ֆաքիր մը կ’ըլլայ գարնան՝ ծառը կեռասի։

Բիւր յուռութներ կը նետէ իր դողդոջ ձեռքը մեզի։

 

Այս վայրկեանները միայն՝ կեանքին միջեւ ու մահուան,

Որ դէմ դէմի կատաղի՝ նարտ կամ ճատրակ կը խաղան։

 

Այս վայրկեանները, շանթի ակընթարթներն ընդարձակ՝

Հրաշքներ կ’ընեն, կեցընել եթէ զանոնք մենք կրցանք։

 

Լարախաղաց սուրբ զինուոր՝ ես հազար պար պարեցի,

Բայց լարէն վար ես նորէն կը դառնամ կոշտ գիւղացի։

 

Հրեշտակ մ’հարուստ՝ որ ընծայ մանուկներուն կը տանի,

Ես կը դառնամ նորէն ծառ, այդ օրէն վերջ կաղանդի։

 

Օ՜հ, ե՜րբ կու գան դառնութեան տարիներըս՝ մենութեան։

Օ՜հ, երբ պիտի տեւական այս վայրկեաններըս ըլլան։

 

Հարըստութիւնս են ամբողջ տըխուր պահերս անմեկին։

Աղբի դէզէն այդ դեղին՝ երակներըս կը ծաղկին։