Անջրպետի մը գրաւումը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԽԵՆԹ ՍԷՐԷՆ

Խռֆած բուեր կը սուլեն գիշերները ու կ’անցնին

Կայարանէ կայարան։ Հեռուներէն տակաւին,

Շոգեկառքե՛ր, կը դողամ. ձեր հեւոցին, ցուրտ հովին

Դէմ ես տըղայ մ’եմ կարծէք ու պատուհանըս՝ հանի։

 

Նոճիներու պէս հոսուն՝ ձեր ծուխերուն մէջէն դեռ

Ես կը տեսնեմ մեռելներ։ Վիշապներու բոցացան՝

Պըտուտակները կ’ոռնան։ Քաղաքներէն` որ անցանք,

Շոգեկառքե՛ր, մերկ սրտէս միս ու արիւն են փետտեր։

 

Քարափներու գոյնըզգոյն ճըրագներ դեռ կը ծորին

Խէժի նըման՝ ուղեղէս։ Սրճարաններ կան վհուկ։

Ճամբաներուն ծառը քար՝ որուն օձերն էիք դուք,

Շոգեկառքեր, քանդըւէր ծառը կախարդ խնձորին։

 

Ճամբորդելու խենթ սէրէն առողջութիւնըս գընաց։

Ապսենթներու յորդում մ’է անիւներնուդ շունչը սառ։

Ծաղկախտաւոր խափշիկը պաղ գետերէն կը յուսայ

Մարել կըրակը ներքին ու կը մեռնի արբեցած։

 

Շոգեկառքե՛ր, սեւ յուշեր, ո՜հ, ձըգեցէ՛ք զիս հանգիստ։

Դադրեցուցէ՛ք ձեր անքուն մեքենաները կարի։

Հոգիս յոգնած ու հիւանդ՝ մեռելի պէս կ’երկարի։

Ոչ ուժ ունի, ոչ փափաք ճամբորդելու՝ ա՛լ հոգիս։