ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Կին
մ’իր
կառքին
սատափէ
Փայլակներով,
այս
առտու՝
Կ’անցնի
յանկարծ,
կը
տըպէ
Ներսըս
նըկար
մը
տրտում։
Եթէ
գիտնար
միմիայն
Տղան՝
որուն
ան
նետեց
Արհամարհանք
մը,
նոյնքան
Պիտի
շիկնէր
ամօթէն։
Ադամանդի
պէս
սակայն
Կարծըր
ընթացքը
կառքին,
Կարծըր
իր
սիրտը՝
կու
գան
Հոգիիս
դէմ
ապակի։
Ոչ
սէր
ունի,
ոչ
ալ
վիշտ՝
Ազնուական
այդ
ոգին,
Որ
կը
կոտրէ
ըզմեզ
միշտ
Ու
կը
նետէ
իր
կողքին։
Կառքը
կ’անցնի
ճզալէն,
Տաղելէն
զիս
ու
ճամբան՝
Կու
տայ
ձիւնին
սեւ
թելեր՝
Շէկ
երկաթի
մը
նըման։
Կառքը
կ’երթայ.
ետեւէն
Խենթ
խամաճիկ
մը
գըռուզ
Թեւեր,
ոտքեր
կը
թօթուէ,
Խնդալէն
դեռ
ցաւերուս։