Անջրպետի մը գրաւումը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ

Ա.

Երազ մ’երբեմըն կու գայ խանգարել քունը խաղաղ.

Ջըրաղացքի մը նըման կը կենայ քունը, յանկարծ՝

Պայքարելով մութին մէջ՝ դիի մը հետ, որ կառչած

Մեծ անիւին առանցքին՝ դեռ խօլաբար կը լողայ։

 

Երազն երբեմըն կու գայ, ծերտ-ծերտ՝ ցեռի մը նըման,

Շորերուն մէջ փաթթըւած զինք արտադրողը վառել,

Նեխոտել սիրտը քունին ու խորհուրդով մը քարէ

Մարդուն վիզէն կախուելով առաջնորդել զայն անկման։

 

Երազը մարդը քունէն՝ երջանկութեան լայն ճամբէն՝

Ոստիկանի մը գաղտնի՝ կախարդանքով կը խըլէ,

Տանիլ տալով զայն կեանքին, որուն դիմաց՝ դողալէն՝

Յանցաւորի քրտինքներ խեղճ անմեղը կը թափէ։

 

Կապիկն ինչպէս միրգերուն կ’ուտէ կեղեւը միայն,

Այնպէս ալ մարդը կ’առնէ երազն յաճախ խորքի տեղ

Ու տենդոտ թոյնը անոր՝ թմրեցուցիչ իբրեւ դեղ,

Յանձնըւելով կուրաբար՝ անքընութեանն անսահման։

Բ.

Թռչունները ծովերուն վըրայ ինչպէս կ’աւետեն

Հող մը՝ մոլար ճամբորդին, կեանքի շերտէ մ’անտեսուած՝

Այնպէս, ճախրող թեւերով կու գան յուշերը յանկարծ՝

Զիս փրկելու ամայի անքընութեան անդունդէն։

 

Անոնք կու գան ծըփալէն՝ անջրպետի մը խորէն՝

Թրթըռալէն, շողալէն՝ նըման կարմիր լաթերու,

Ցըլամարտի լաթերու, կախարդելով փրփըրուն

Ցաւըս, որ բիւր խաղերով, սուրով մ’հողին կը փըռեն։

 

Ո՞վ քենէ զատ, յիշատա՛կ, կրնայ կորով տալ ինծի,

Վերակազմել իմ հոգիս, որ տենդերու մէջ լքուած,

Կտոր-կտոր բաժնըւած՝ կ’ըլլայ մասունք ու սուրբ հաց

Մղձաւանջի մ’ամբոխին, որ մորթիս տակ կ’առկայծի։

 

Չարչարանքին ու կեանքին հարուածներուն դէմ որքա՜ն

Պիտի սմքած մընայի ու ես լայի տակաւին,

Սիրոյ, գութի մուրացկան՝ եթէ մէկ-մէկ չըգային

Յուշերն անդունդը բանալ ցաւերուն հին եւ ունայն։

 

Ոտքի՜, նաւազ, առյաւէտ եթէ Աստուած քեզ զրկեց

Քոլոմպոսի մ’հանճարէն, մեծ հոգեկան գիւտերէն՝

Նըւազ անճար ալ չ’ըներ այն հերոսէն, որ իրեն

Դէմ դըրախտի պէս բացուող կղզիին մէջ յետընկէց

 

Սկըսաւ կեանք մը ծայրէն ու հեքիաթ մը խորունկ։

Մի՛ վախնար քեզ ծովերէն քաշող հողին մագնիսէն,

Անդունդներէն՝ որ կարծես քու քայլերուդ կը սպասեն.

Ատոնք բոլորը փոխէ պիտի գիշերը, որուն

 

Դէմքը արդէն կ’անուշնայ սեւ ծառայի մը նըման.

Ատոնք բոլորն առժամեայ ապաստաններ են քեզի՝

Մինչեւ որ կեանք մը ուրիշ, իր առագաստը լոյսի,

Լայն պատուհանըդ բացած՝ գայ վեհօրէն՝ ազատման։