ԹԱՓԱՌՈՒՄ
Լըւացուհի
լաթերու
ու
գունաւոր
գորգերու՝
Անձրեւին
տակ
կը
լըւան
բոլոր
ծառերն
անտառին,
Կը
սրըսկեն,
կը
թօթուեն
ու
կ’երկարեն
իրարու
Լոյսի
ճերմակ
սաւաններն
օթօներուն,
որ
կ’անցնին։
Կաթսաներու
շըշուկի
եւ
մըշուշի
մը
մէջէն
Կը
սանտրուին,
կը
լոգնան
անոնք
յետոյ
ու
կ’օծուին
Բուրումներով,
դեղերով
ու
ժպտելէն
կը
կանչեն
Զիս՝
իրենց
քով,
կ’երկարեն
իրենց
թեւերը
ինծի։
Անձրեւներու
արծաթէ
տաւիղներուն
դէմ,
անոնք
Մեղմիւ,
մեղիմւ
ճոճուելէն,
առասպելներ
կը
պատմեն,
Կախարդական
ստուերներ
ու
նշաններ
անկանոն՝
Քաշկռտելով
սեւ
ճամբուս
հերձաքարին
կռնակէն։
Մանուկներու
սիրահար
դեւերու
մութ
թեւերով
Անոնք
կ’առնեն
զիս
յետոյ,
փսփըսալէն
կը
տանին
Ստորերկրեայ
հորերու,
կըմախքներու
մէջ
խըռով,
Մինչեւ
փարիմ
ես
անոնց,
մինչեւ
դառնամ
ընտանի։
Անոնք
կ’ուզեն
իրենց
պէս
վարժեցընել
թռչելու
Զիս՝
ու
անհոգ
թրջելու
աշուններու
անձրեւէն,
Մագլցելու,
սուլելու,
օրօրուելու
փայլփըլուն
Ճախրակներէ,
թելերէ,
զորըս
հովեր
կը
թօթուեն։
Կ’ուզեն՝
աղտոտ
ջուրերու,
ցեխերու
մէջ
ես
լողամ,
Հեծնեմ
գորգի
մը
թռչուն՝
տեսնեմ
աշխարհը
տակէս,
Ըլլամ
դպչող
երկինքին
ես
միամիտ
երեխայ
Ու
քընանամ
երբ
յոգնիմ՝
աչքերըս
բաց,
իրենց
պէս։
Կէս
գիշերի
լուսնին
տակ
կամ
գիշերներ
անձրեւի
Երթամ,
սողամ
պատերէն,
սրտերէն
ներս
մարդերուն,
Որ
իմ
ճիչէս
կամ
լըռին
երեւոյթէս
ցնցըւին
Ու
խենթանան
իմ
խարդախ
հայելիէս
իմաստուն։
Բարեկենդան,
պոռչըտուք,
ծառերը
խենթ
պարերու
Շղթաներով
կը
քաշեն
զիս՝
քաղաքէ
մը,
ուրկէ
Դեռ
կու
գայ
ձայն
մը
երբեմն
հովերուն
հետ,
որ
խորունկ
Երկնքիս
մէջ
կը
ցանեն
շատրուաններ
կըրակէ։
Գաճաճ,
գաճաճ
մը
ծերուկ,
աշուններէն
արիւնած
Կ’առնէ
իմ
սիրտս
ափերուն,
զայն
շըփելով
կը
պատմէ.
Դարեր
առաջ
եսասէր,
խենթ
ձիաւոր
մ’որ
գընաց
Անմահութեան
արիւնին
ու
չդարձաւ
ա՛լ,
երբե՛ք։
Ժխորներու
երգեհոն՝
ցեխերու
մէջ
թաթախուն՝
Կը
գըլորէ
փըչելէն
յանկարծ
ճիւաղ
մը
հեռուն
Աչքերն
իրեն՝
ծառէ
ծառ
ու
ծանըր
բեռը
գլխուն,
Ունկնդրելով
ծովային
ձայն
մը
ներքին,
անհատնում։
Ճըրագներով,
քաղաքին
կայծկլտացող
մոխիրէն
Փոսփորափայլ
կը
վառի
ճիւաղիս
մորթը
ցրտին՝
Ուր
կարօտով
մը
կ’ուզեմ
նետուիլ,
գրկել
զայն,
սիրել,
Լսել
աղմուկն
ալքերուն
ու
լռութիւնը
օդին։
Քաշել,
տանիլ,
գըրաւել,
աւազանի
մը
մէջ
խոր
Զայն
զետեղել,
ունենալ
աչքերուս
դէմ
ամէն
ժամ,
Տալ
փափաքներըս
բոլոր՝
իմ
ամբողջ
կեանքըս՝
անոր,
Նախամարդու
դարերէն
եկած
գանձին
այդ
փարթամ։
Միսի,
ճարպի
սեւ
ճահիճ,
պղպըջակի
խառնարան՝
Հրէշըս
սակայն
կը
շարժի,
կը
գըլորէ
վեր՝
ամպէ
Ու
օճառէ
մեծ
գունդեր,
որ
կը
պայթին
կէս
ճամբան։
Ճրագներու
հսկումի
կոկորդէն
ձէթ
կը
թափէ։
Ու
խըրելով
թաթերուն՝
ան
կը
մերժէ
հետեւիլ
Ինծի
ու
լուռ
կը
ծամէ
գիրքի
մ’էջերը
անտիպ։
Սուրի
մը
տեղ
գործածած
իմ
պառաւի
կամ
դեւի
Մոմէ,
թուղթէ,
մելանէ
կախարդանքէս
կը
կատղի։
Ծառերն
իսկոյն
երախէն
ելած
բոցին
դէմ
անոր՝
Մարմարիոնէ
արձաններ,
փառքեր,
փունջեր
կը
մորթեն,
Անտառին
մէջ
կը
բանան
ծառերն
իսկոյն՝
ահաւոր
Խորք
մը,
որմէ
կ’արիւնի
անոր
նայողը
մօտէն։
***
Օ՜
Տէր,
տենդային
օրեր,
զառանցանքներ,
տագնապներ,
Հովեր,
լաթեր,
տաւիղներ,
յետոյ
անկում,
անկողին,
Փրկէ՛,
օ՜
Տէր,
անոնցմէ՝
ընդ
միշտ…։
Քաշէ՛,
պաշտպանէ՛
Տղայութեան
շնորհիւ
յառնել
ուզող
քերթողին։