Անջրպետի մը գրաւումը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ

Վառուած գարնան անձրեւէն՝

Դուք տապակներ էք, ծառե՜ր։

Ձեր տակ տըղայ մը ծըռեր՝

Խորովածներ կը ժողվէ։

 

Թուղթի, լոյսի հրթիռներ՝

Կանանչ բոցեր կանթեղի,

Ծառե՛ր, շիշեր էք դեղին՝

Գինիներու՝ տօնաբեր։

 

Ձեր ըստուերները, ծառե՛ր,

Ըստեղներ են սատափէ,

Որ դաշտին մէջ կը թափեն

Երազային շշուկներ։

 

Պարիկ, պուպրիկ, թըռուցիկ,

Օդապարիկ դո ւք՝ ինծի,

Ծառե՛ր ծառե՜ր, կ’առկայծի

Տըղան, որ դուք վերցուցիք։

 

Ու ձեզի հետ՝ երկնքին

Արբենալէն կը տանի

Իր կուրծքին տակ՝ պատանին՝

Աշխարհէն մեծ իր հոգին։