Անջրպետի մը գրաւումը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՇԵՐ ՎԵՆՍԵՆԻ ԱՆՏԱՌԻՆ ՄԷՋ [1]


Մետաղ ձողէ մը մեկնող տաշեղներու պէս ձայնի՝

Օթօները թրթըռուն՝ կը հեռանան սեւ հողէն։

Անոնց լոյսերը մութին մէջ անտառ մը կ’ողողեն

Ու ծառերու ըստուերներ գըլորելով կը տանին։

 

Անոնց փոկերը լոյսի՝ բիւր անիւներ կը շարժեն

Ջուլհակատան մը հըսկայ, ուր հին խաղաղ կընոջ տեղ

Արագ թելեր կը նետէ Պենելոպէ [2] մը սրտնեղ

Առաստաղին մէջ խորունկ՝ իր մատներով ուրուաշէն։

 

Արդուկի պէս օսլայող օթօները կը խուժեն։

Օթօները եւ լըռին սիքլիսթները՝ հեւ ի հեւ։

Բիւրեղացում շուքերու, ճըրագներու՝ շէկ թուղթէ.

Կը խըճողուի, կը փըլի անտառն անոնց ետեւէն։

 

Բիւրեղացում ձայներու, լըճակներու փայլակող,

Թաւալող բեմ դիւթական տեքորներու սատափէ.

Պար ծառերու՝ որ մեղմիւ լոյս ու մետաքս կը թափեն

Ու կը նետուին արբեցած՝ խոնարհելով հողէ հող։

 

Կը բարեւեմ ձեզ ոտքի՝ նոր օրերու անրջանք

Լուսարձակներ, օթօներ ու ձեր հեղեղը սիրոյ,

Որուն տակ կին մը գրկած՝ կը ժողվեմ ծով մը գորով

Ու կը քալեմ, ծփալէն՝ երկինքներէ անվախճան։

 

Հոս կը ստանամ վերըստին՝ ես իմ թեւերըս ամպէ,

Զորըս քաղաքը կ’ուզէ փոխել մարդու թեւերու։

Հոս ստուերները կու գան հրեշտակներու պէս թրթռուն՝

Մաքրել իրենց հովերուն կոմով ցաւերըս ամէն։



[1]            Վենսենի անտառակը Փարիզի արեւելեան սահմանին կը գտնուի: Բանաստեղծին բնակարանը զայն եզերող Փրթի-փառք փողոցի թիւ 20ն էր: Քիչ մը անդին, Մեզոն-Ալֆոր աւանին մէջ, Վենսենի կից դարձեալ, Սարաֆեան ունէր այլ բնակարան մը: Պուրակը բանաստեղծին համար երբեք պիտի չդադրէր ըլլալէ ինքնամփոփման եւ ինքնացման վայր, փասռօրէն մինչեւ իր մահը: Այս մտերմութիւնը մարդուն եւ վայրին միջեւ իր ամենազօրաւոր արտայայտութիւնը պիտի գտնէր 40ական տարիներու երկրորդ կէսին ստեղծուած « Վենսենի անտառը » արձակին մէջ:

[2]            Պենելոպէ - Հելլենական Հնադարու դէմքերէն, Ոդիսեւսի կինը. ծանօթ են իր բազմամեայ համբերութիւնն ու հիւսած կտաւը: