ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ
Կ’եռան,
կ’եռան
մութին
մէջ
սեւ
կաթսաներն
անձրեւին,
Կ’օրրեն
սենեակըս
ցրտին՝
ցնցումներով
նաւերու,
Ճամբորդներու
երգերով,
զրոյցներով
մարմըրուն՝
Թմբուկներով,
պարերով,
որ
մեղմօրէն
կը
ծեծուին։
Ծառ
մ’անձրեւէն
զարնըւած,
ալիքներով
սրսըփուն՝
Վայրկեանն
անգամ
մը
պայթիլ
պատուհանիս
դէմ
կու
գայ
Գըլորելով
պարապին
ու
հըրէշի
պէս
հսկայ՝
Սեւ
պտուտակը
տենդիս,
որ
կը
տանի
զիս
հեռուն։
Լոյսէ,
յորդուն
աշխարհներ՝
ժխորներով
հեռաւոր
Զիս
կը
քաշեն
ջուրերուն
ու
խաւարին
մէջ
խորունկ՝
Որ
ծաւալած
է
չորս
դի՝
խառնած
երկինքն
հողերուն,
Որ
իր
տիղմին
մէջ
խեղդած,
թաղած
է
կեանքը
բոլոր։
Վիհերուն
հետ
դառնութեան,
զորըս
անձրեւը
կու
տայ,
Վիհերուն
հետ
անձրեւին
տիեզերքներ
կը
բացուին,
Տաք
երակներ
գինովի՝
կապոյտ
շիշեր,
որ
հովին
Տակ
կոտրելէն
կ’ընեն
իմ
ծովըս
սեղան
մը
փարթամ։
Տըղան,
տըղան
երբեմնի,
արկածասէր
ծեր
տղան,
Որ
նաւերու
մէջ
նետուած՝
թէ՛
կ’արբենար,
թէ՛
կու
լար…
Հոգի
կու
տան
յուշերուս,
աշո՜ւն,
շուներըդ
հազար,
Որ
լըզելով
մընջօրէն՝
պատերուս
շուրջ
կը
սողան։
Հին,
հին
թախծոտ
ձայներու՝
անձրեւդ
անդունդ
մը
մըթին՝
Շարժանըկար
սըրահի
կու
տայ
ջութեր
տրտմաձայն,
Որպէսզի
լոյս
մը
ուրիշ՝
լուսարձակի
մը
նըման
Գայ
թափել
բեռը
իրեն՝
ադամանդի
ու
սաթի,
Որպէսզի
սիրտըս,
այսպէս,
իր
վազքերուն
մէջ
ուժեղ՝
Իր
յարութեամբն
հին
արեան
ու
խոնջէնքով
մ’անսահման
Լաւնայ,
աշո՜ւն,
մահամերձ
եղող
ձիու
մը
նըման,
Որ
տանջելով
չարաչար,
արիւնելով
կը
բուժեն։