Անջրպետի մը գրաւումը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՍԿՈՒՄ

Առտըւան ժամը հինգին դեռ հսկումը կը տեւէ։

Տաք, աւազուտ կոպիճներ՝ ուրկէ քունը կը փետտեմ

Ըսպեղանի մը ինչպէս՝ չորցած վէրքի մ’ըստեւէն՝

Սթափելէն մերթ ընդ մերթ՝ հիւանդի մը շունչին դէմ։

 

Լոյս ու գորգեր կը ծեծեն արշալոյսին մէջ՝ հեռուն…։

Խարիսխ մ’հանդարտ՝ կը կոտտայ բացուող փեղկի մը ետեւ։

Լոյս ու ծառեր, ծովերու խոր աղմուկով մը, որուն

Մէջ թռչունի պէս կ’երթայ հիւանդին շունչն հըրաթեւ։

 

Մահուան հողով մը, երբեմն, զառանցանքով մը լեցուն՝

Կը խեղդըւի, կը խցուի խորունկ բերանը տըղուն,

Սպասելով՝ որ դընեմ կտոր մը սառ կամ մածուն,

Տեսիլներու, տենդերու իր դժոխքին մէջ եռուն։

Պատերուն թուղթը մեր շուրջ. ոսկի, արծաթ կոնտոլներ,

Նաւապետները որոնց կ’երգեն բոլորը՝ Տանթէ։

Ու դեղնութիւն մը ցրտին՝ ուրկէ շըշուկ մը կ’ելլէ։

Մահը կեանքին ետեւէն մըռայլ հէնքեր կը նետէ։