Անջրպետի մը գրաւումը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱԽԱՐԴԱՆՔ

Կախարդական դեղերու, լեզուներու մահերգակ՝

Հսկայ կաթսայ մը ահա՝ ամբողջ գիշերը կ’եռայ

Տանիքներուն, ծառերուն, հողերուն մէջ՝ գանկէ գանկ

Տարածելով, թոյնի պէս, թանձըր անձրեւ մը ձմրան։

 

Մերկ, մերկ անզօր տղու պէս, ես նետուեր եմ նորէն-նոր՝

Սմքեր, կապուեր եմ նորէն՝ դեւերու դէմ արիւնող,

Ոգիներու դէմ գըձուձ, օձերու դէմ, որ անցորդ

Հով մը սըրինգ զարնելով կը գալարէ ամէն կողմ։

 

Հեռուն, ասեղ առ ասեղ՝ վհուկներու շունչին տակ՝

Կը ծածկի, կը սեւնայ խեղճ խամաճիկ մը մոմէ,

Փառքի արձանըս տժգոյն՝ որ իրեն հետ, իր դատարկ

Ստեղծումին ու մահուան հետ իմ հոգիս կը քամէ։