Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՊԱՍՈՒՄ

Այս իրիկուն,

Ահ, տարօրէ՛ն քաղցրութիւնը իմ աչքերուս…

Իմ աչքերուս՝ որոնց շըքեղ գիշերին մէջ՝

Ահա՜, ահա՜,

Հոգիս եկեր կը քընանայ…

 

Իրա՛ւ, իրա՛ւ, աչքերուս մէջ,

-Ահ, չե՞ք տեսներ-

Հոգի՜ս է որ պառկած հիմա

Յըստակ յըստակ կը քընանայ…

Կը քընանայ՝ անտառներու կոյսի մը պէս,

Իր Երազին շըղարշներով փաթթուած…

Ու Երազին մեջ կ՚երգէ. -

Ան հիմա Պիտի գա՜յ…

 

Այս իրիկուն.

Ահ, տարօրէ՛ն քաղցրութիւնը ճամբաներուն…

Իրաւ, իրաւ, չէ՞ք լըսեր դուք,

Ե՜րգը՝ երկինք նետուող շըքեղ սա հասկերուն,

Որ հովին հետ կը պարեն պար մը հեթանոս՝

Արեգակին ու Աստուծոյ փառքին համար…

Ահ, անոնց Կեա՜նքը խորունկ…

Եւ Ո՜յժն անոնց

Քարէն աւիշ ստեղծող սեգ արմատներուն…

Եւ անոնց Սէ՜րն, ու անոնց Կա՜մքն Ըլլալու…

Տեսէ՛ք, տես՛էք, ինչ երկիւղած պատշամունքով

Սա ծերունի բաղեղն երկինք կը մագըլցի՝

Համբուրելու գեղեցկութիւնն արեգակին…

 

Այս որքա՜ն վարդ՝ հընամենի պատերն ի վար…

Իրաւ, իրաւ, չէ՞ք լըսեր դուք,

Ե՜րգը Յոյսին

Որ այս գոյն-գոյն ու կրքոտած վարդերէն դուրս

Ծիածանի շըքեղանքով մը կը հոսի…

Ան հիմա

Պիտի գա՜յ…

 

Ու կը քալե՜մ, ու կը քալեմ,

Այս բըռնկող կանանչ ու մեծ հըրդեհին մէջ՝

Հըպարտ, պայծառ քայլերով…

Ու կը հոսի մազերս ի վար, ծոծրակս ի վար,

Դղըրդելով գորշ թմրութիւնն

Իմ այս վըտիտ մարմինիս՝

Ուրախութի՜ւնն արեգակին…

Ան հիմա

Պիտի գա՜յ…

 

Ահ, խելայեղ վա՜զքը իմ նոր արիւնիս…

Շրթունքներէս ահա վարդե՜ր կը բըռնկին…

Եւ ուղեղիս գիշերին վրայ,

Արշալոյսի ցօղերուն պէս,

Ստեղծագործ   հաւա՜տքն է որ ահա անվերջ

Կ՚իջնէ՜, կ՚իջնէ՜…

Ան հիմա

Պիտի գա՜յ… ։