ՊԱՂԱՏԱՆՔ
Լա՜ց…
Արցունքներեդ
իղձերըս
վա՛րդ
եղան,
տե՛ս.
Հոգիս՝
ճերմա՜կ,
ձիւնի
պէս…
Լա՜ց…
Աստղի
աղբիւրն
այդ
քու
վըճիտ
Հոգիիդ
Բա՜ց,
բա՜ց…
Ահ,
քի՛չ
մըն
ալ,
քի՛չ
մըն
ալ
Կ՚ուզեմ
մընալ
Մարգարտաշիթ
այդ
անձրեւին
տակ
քու
վճիտ
Հոգիիդ…
Յետոյ
քեզ
հետ
Ըլլանք
անհետ
Սա
տարօրեն
ճամբաներէն
անհունին…
Կը
տըժգունին,
Տե՛ս,
աչքերըս
կիսաբաց.
Լա՜ց,
քոյ՜ր,
լա՜ց…