ՎՃԻՏ
ԲԱՂՁԱՆՔ
Կ՚ուզէի
որ,
Գոնէ
մէ՛կ
օր,
Մատներս
ըլլան
մանիշակ՝
Կարենալու,
անսայթաք,
Հըպիլ
վըտիտ
Մարմինիդ…
Կ՚ուզէի
որ
ճակատս
ըլլար
Ճերմակ
մարմար՝
Կարենալու
անգամ
մըն
ալ
Մօտենալ
Քու
այն
խորունկ
ու
լըռին
Համբոյրին՝
Զոր
շրթունքներդ,
հոգիիդ
հետ,
ինձ
տուին
Միայն
մէ՛կ
օր…
Միայն
մէ՛կ
օր՝
Երբ
մենաւոր
Ես
կ՚երթայի
Այն
ամայի
Ճամբաներեն
Անյուսօրեն…
Այն
իրիկու՛ն
միայն,
գիտե՞ս,
Ամպոտ
սըրտէս,
Կապոյտ
երկինքը,
հոգիիդ
կրցայ
տեսնել
Ու
ե՛տ
դառնալ
ճամբէս
անել՝
Գալու
համար
Քու
անհամար
Աստղերուդ…
Ու,
կը
յիշե՞ս,
դուն
քու
այդ
մութ
Աչքերդ
ինծի
դարձուցած՝
Ըսիր,
ցած.
«Եկո՛ւր,
եկո՛ւր,
քեզ
համբուրե՛մ.
Երկընքէն
վա՜րդ
քեզ
կը
բերեմ…
»
Կ՚ուզէի
որ,
կ՚ուզէի
որ
ճակատս
ըլլար
Ճերմակ
մարմար՝
Կարենալու
անգա՛մ
մըն
ալ
Մօտենալ
Քու
այն
խորունկ
ու
լըռին
Համբոյրին…
Կ՚ուզէի
որ,
կ՚ուզէի
որ,
Միայն
մե՛կ
օր,
Մատներս
ըլլան
մանիշակ՝
Կարենալու,
անսայթաք,
Հըպիլ
վըտիտ
Մարմինիդ
Ու
գալ
վըճիտ
Հոգիիդ…
։