Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ   ԾՈՎԸ

Ծովափ իջայ, ալիքներէն մագնիսուած,

Ի՜նչ աղուոր է, գիշեր ատեն, հպա՛րտ ծով,

Սաղմոսերգու   այս ջուրերուդ երգը ցած՝

Որ կ՚ողողէ զիս, անաստուածս, աստուածո՜վ…

 

Ու մինչ արձան կ՚ըլլամ սա մեծ ժայռին քով,

Աչքըս տուած հորիզոնի մը վայրի՝

Երգըդ այնպե՛ս կ՚օրօրէ   զիս աղօթքով

Որ խունկի պէս այս մռայլ սիրտըս կ՚այրի… ։