ԵՂԵՒԻՆՆԵՐԸ
Անտառին
մէջ։
Ո՞րքան
ատեն
է
հոս
եմ…
Եղեւիններն
ահա
ամէնքը
կ՚երգեն.
Երա՞զ
մ՚արդեօք։
Իրաւ,
ինչո՞ւ
կ՚արտասուեմ։
Բայց
այս
կատարը
հեռու
չէ՜
երկընքէն…
Եղեւինները
կ՚երգեն…
Եղեւիններն
ահա
ամէնքը
մութ
են։
Ասո՞նց
ալ
սիրտն,
իմինիս
պէս,
կը
նայի
Որ
յայտնըւի՜
Ան՝
որ
կեանքի
անդունդէն
Կ՚անցնի
մէ՛կ
հեղ։
Ահ,
այդ
ճամբա՜ն
ամայի…
Եղեւինները
մութ
են…
Եղեւիններն
ամէնքը
մէկ
կ՚աղօթեն։
Ահ,
բազուկնե՞րն
այդ
երկարած
անհունին…
Կ՚իջնեմ
խորունկն
իմ
հոգիիս՝
որ
արդէն
Տաճա՜ր
մ՚է
հին։
Տատրակներ
հոն
կը
մեռնին։
Ի՜նչ
խոր
գիշեր։
Սիրտըս
կ՚այրի՜
կարօտէն…
Եղեւիններն
ամէնքը
մէկ
կ՚աղօթեն…
։