Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԵԶՄԷ ՀԵՌՈՒ

Քեզմէ հեռու՝

Անդունդներու՜

Կը մտածեմ շատ անգամ.

Իսկ երբ կու գամ

Քու հոգիիդ երգին տակ՝

Այնպէ՜ս յըստակ

Կ՚ըլլայ յանկարծ ամէն բան…

Նոյնիսկ ճամբա՜ն

Որ զիս մահուան

Պիտի տանի՝

Յանկարծ ճերմակ կը հագնի…

 

Քեզմէ հեռու՝

Սարսափն անծայր գիշերներու

Այնպէ՛ս ուժգին

Կը փաթթուի իմ հոգիին՝

Որ բիւր անգամ

Ծունկի ալ գամ

Չե՜ն ունենար աչքերս արցունք,

Ու հոգիս՝ խունկ…

 

Աղօթքս ի՜նչ բուռն է ու դիւրին,

Երբ որ լըռին

Ծունկի կու գամ՝

Ա՛լ ուժաքամ,

Քու հոգիիդ երդին տակ՝

Եւ ի՜նչ յըստակ

Կ՚ըլլայ նորէն ամեն բան…

Նոյնիսկ ճամբա՜ն

Որ զիս մահուան

Պիտի տանի՝

Կ՚ըլլայ այնպէ՜ս ընտանի… ։