Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԷՊԻ ԽՈՐՈՒՆԿԸ

Գիշեր։

Մինակ՝ հոգիիս հետ, ինչպէս միշտ։

Հին ցաւերէն՝ լոկ մութ յուշեր.

Ո՛չ մէկ վիշտ։

 

Մինա՜կ, մինա՜կ հոգիիս հետ ու ծովուն...

Ծովն ալ հոգիս է արդէն՝

Հպարտ, թշուառ, խռովուն...

Մութին մէջէն ալիքներն իր կը վազեն

- Մտրակուած ո՞ր երազէն -

Գունատ հեռուն...

Ժայռերն հոն կը սպասեն.

Ու ժայռերը ճակատագրին բռունցքներն են...

 

Մինա՜կ, մինա՜կ հոգիին հետ այս ծովուն...

Տակաւ,

Օրօրումով մը ամբաւ,

Նուագն իր մութ ջուրերուն

Կը զգամ թէ զիս մըտածումէս կը բաժնէ...

Ու գիշերին մէջ դըժնէ՝

Կը տանի զիս

Դէպի խորունկն իմ Եսիս...

 

Հոս ամէն ինչ, նոյնիսկ Գիշե՛րը դըժնէ,

Ի՜նչ դաշն է...

Օ տատրակնե՜րը ճերմակ՝

Ծառերուն տակ...

Մանիշակներն ի՛նչ շատ են՝

Ձըմեռ ատեն...

 

Բայց ինչո՞ւ այս օրհասի լացը հեռուն...

Կարծես կարապ մը կը մեռնի թախիծէն,

Ու կարապներն ամէ՛ն, ամէ՛ն լիճերուն

Իրեն համար կը հեծեն...

 

Ահա աստղե՜ր կը տեսնեմ...

Եւ անտառնե՜ր՝ լուսընկայով կապուտցած՝

Որոնց խորէն, աղօթելով երկիւղած,

Կոյսե՜ր կ՚անցնին տրտմադէմ...

 

Ու կը տեսնեմ թէ լելակներ Մայիսի՝

Ձիւնով լեցուն ճամբաներու երկայնքին՝

Պատերն ի վար կը թափին...

Անոնցմէ քի՛չ մը անդին՝

Ագռաւ մը ծեր կը մսի

Որբ հիւղակի մը քիւին...

Օ սո՜յզն այս լուռ ու մըթին

Դէպի խորունկն իմ հոգիիս անդունդին...

 

Մարգարիտի՛ն մը, ծովերու պէս անհուն,

Որուն խոտերն ու ծաղիկները մէկին

Ալիք-ալիք կը թեքին...

Մինչ հեռուն,

Բըլուրի մը կողերուն՝

Գառնուկներ սուրբ, նորածին՝

Մոխի՜ր, մոխի՜ր կ՚արածին...

 

Արիւնի գոյն շուշաններ...

Անոնց մէջէն

Գերեզմանի քամիներ մերթ կը փըչեն...

Եւ այդ ճամբուն քովն ի վեր

Հիւծախտաւոր մանուկներ՝

Կըմախքն իրենց ճերմակներու մէջ փաթթած՝

Բոպիկ-բոպիկ կը քալեն,

Տըքալէն,

Սառած գետնի մը վըրայ...

Ու վիզերնին պաղատագին կ՚երկննայ

Դէպի երկինք մը կարմիր՝

Ուրկէ Աստուած անոնց ցաւին կը տեղայ

Արհամարհա՜նքն իր անծիր...

 

Ու մինչ, տըժգոյն, կը փախչիմ այս երազէն՝

Մութին մէջէն ջուրերը դեռ կը վազեն... ։