Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՇԵՐ

Ո՛չ մեկ հաւատք…

Հիմա հոգիս աւելի՛ մերկ է քան անտառ մը հրդեհուած,

Ու մտածումս աւելի ցուրտ՝ քան թէ ձիւնը   լեռներուն,

Թէեւ նո՛յնքան վըճիտ…

Իսկ յոյզերս ու հին սէրերս կարօտագին կ՚երազեն՝

Իմաստութեան այս ձիւնին տեղ՝

Խե՜նթ արեւը իմ պատանի օրերուս…

 

Ո՛չ մէկ հաւատք…

Ահ, մինչեւ իսկ չեմ հաւատար,

- Թէեւ ահա մայրամուտ է անամպ, պայծառ-

Թէ աստղերը, րոպէ մ՚յետոյ,

Երկընքին վրայ,

Հոգիներու պէս տարօրէն,

Իրենց յստակ կուսութիւնը պիտի բերեն…

Եւ թէ կարող պիտի ըլլամ,

Այս գիշեր ալ,

Իրենց լացած նիհար լոյսով,

Հին յուշերու սա ալեւոր ճամբուն վրայ

Քի՜չ մը քալել…

 

Ո՛չ մեկ հաւատք, ո՛չ մեկ հաւատք…

Աչուըներուս գիշերին մէջ.

Ինձ կը թուի,

Մռայլ մատներ երբեմն յանկարծ կը մըխրճին,

Հոն խեղդելու յոյսս անարիւն,

Որ անտերունջ ջահի մը պես կ՚ոգեվարի…

Իսկ հոգիիս քարայրներուն տակաւ կ՚իջնէ

Լռութիւն մը հոգի գոյն՝

Ուր կը ճօճին,

Դաշոյններու պես առկախ,

Սառոյցնե՜րը Ճակատագրին…

Անոնցմէ վար, շիթ առ շիթ,

Մա՜հն է որ իմ կեանքիս վրայ

Ցուրտ նուագով մը կ՚իյնայ…։