ՀՈԳԻՍ
Հոգիս
պըզտիկ
աղբիւր
մըն
է
արծաթէ,
Գիշերին
մէջ
գըլգըլացող
ու
լացող,
Որ
քէն
չունի
ժայռերուն
դէմ,
կ՚աղօթէ՜,
Ու
լուսնակէն
կը
սպասէ
լոկ
շիթ
մը
ցօղ…
Ո՛չ
մէկ
ուռի՝
ճամբուս
վըրայ
ամայի.
Կործանեցան
բոլորը
մե՜ծ
հովերէն.
Հոս-հոն
ագռա՛ւ
մը
լոկ
ջուրիս
կը
նայի՝
Բայց
ես
կ՚երթա՜մ
գըլգըլալէն
ու
լալէն…
Ինչու
որ,
օ՜,
գիտե՛մ
թէ
օր
մը
աղուոր
Պիտի
գայ
Կոյսն,
անտառներու
խորերէ,
Ու
հակելով
ջուրիս
վըրայ
մենաւոր՝
Պիտի
ափին
մէջ
մարգրիտնե՛րըս
համրէ…
։