Աստղեր կան ու չկա՛ն…
Հեռուէն կը հոսի
Ցաւոտ երգ մ՚աղջըկան՝
Որ Ցաւիս կը խօսի…
Մինչեւ ե՞րբ պիտի լայ
Հիւանդ երգն աղջըկան.
Ամպերուն խըղճին վրայ
Աստղեր կան ու չկա՜ն…
Դեռ կու լա՜յ, դեռ լա՜յ
Մեռնող երգն աղջըկան.
Հոգիիս սուգին վրայ
Սէրեր կան ու չկա՜ն… ։
Չունե՞ք հաշիւ` գրանցուէք