Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Ես այսօր

Ճառագա՜յթ մ՚եմ բոսոր…

 

Աչքերուս, հեշտօրօր,

Ա՛յնքան լոյս ունիմ որ

Կը ժպտիմ՝

Մըտերիմ՝

Արեւին…

Ու վարդե՜ր կ՚երեւին

Արեւին

Ոսկեղեն

Հոգիէն…

 

Ես այսօր, ես այսօր,

Արեգա՜կ մ՚եմ բոսոր… ։