Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս…

Կը յիշե՞ս, կը յիշե՞ս

Գիշերն աղուոր ու սպիտակ՝

Այն սաւառնո՜ղ բաղեղին տակ՝

Ուր սէրէս

Լացի ես…

 

Ո՞վ էիր դուն…

Երա՞զն անհուն

Գիշերներուն,

Թե անդունդին

Վա՜րդը մըթին…

 

Դեռ հոգիիդ ադամանդէ

Յըստակութիւնը հազի՜ւ թէ

Էի տեսեր…

Սակայն արդէն

Հոգիիս մեծ անդունդէն

Վըճիտ սէր

Կը հոսէր…

 

Տըրտում լուսի՜նն այն գիշերուան…

Եւ ամպերուն

Ինչպէս բոլոր անգարուն

Իրերուն

Կարօ՜տն հիւանդ, անսահման…

Ծեր հովն այնքա՜ն գունատ էր,

Եւ անդադար

Բաղեղն ի վար

Նիհար անձրեւ մը կը կաթէր…

 

Ու, կը յիշե՞ս, կը յիշե՞ս

Րոպէ՛ն անոյշ ու յըստակ՝

Այն սաւառնող բաղեղին տակ՝

Երբ վերջապէս,

Ուղեկորոյս աստղի մը պես,

Գլուխդ ինկաւ ուսիս գութին…

 

Ահ, ի՜նչ մըթին

Գիշեր էր խորը աչքերուդ…

Աւելի՛ մութ

Էր անկասկած

Այն փոթորկած

Հոգիիդ մէջ…

 

Ուստի առի

Թեւերուս մէջ իրանդ աղուոր

Ու քեզ տարի

Մինչեւ Լոյսե՜րը հեռաւոր…

 

Ու, կը յիշե՞ս, ան կը յիշե՞ս,

Այն սաւառնող բաղեղին տակ՝

Առաջին Բա՜ռն ըսպիտակ

Զոր շրթունքներդ մեղմովին

Շրթունքներուս մեջ հըծծեցին…

 

Ու խելայե՛ղ իմ սէրէս,

Տղու մը պէս

Լացի ես…

Կը յիշե՞ս, կը յիշե՞ս… ։