Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻԱՅՆ ԹԷ…

Ճերմա՛կ աղջիկ, ինծի կ՚ըսես,

Ականջս ի վար,

Որ ըլլաս փոքր իմ սիրահա՛ր

Տըրտումերես։

 

Եղի՛ր։ Միայն թէ կը լըսե՞ս

Ողբն անտառին…

Հովերն աշնան անկէ առի՜ն

Երազն իր վէս.

 

Իմ սիրտս է ճի՛շտ անտառին պէս… ։