Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՀԱՄԱՐՀԱՆՔ

Ցաւիս խորերէն, տե՛ս, Ճակատագիր,

Անսահման ծիծաղ մ՚ունիմ քեզի դէմ,

Գիտցի՛ր որ նորէն քեզ կ՚արհամարհեմ,

Չկարծես թէ ա՛լ զիս կործանեցիր…

 

Ի զո՛ւր կը թափես մսխիր սըրտիս վրայ,

Ճառագա՜յթ կայ հոն՝ իջած անհունէն…

Զոհերն հարուածիդ լոկ ոսկորներս են,

Անոնց պէտք չունի՝ միտքըս որ սուրայ…

 

Պայծա՜ռ է ճակատս՝ արշալոյսի պէս.

Հոգիս՝ միշտ աղուոր, միշտ հպարտ, ժպտուն՝

Դեռ կը սաւառնի՜ անհունէ անհուն…

 

Ի զո՛ւր սըրտիս վրայ մոխիր կը թափես.

Աստուածնե՜ր կան հոն՝ իջած երկընքէն.

Ցաւիս խորերէն, տե՛ս, անոնք կ՚երգե՜ն… ։