Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Եւ արդ, բոլորուած մեծարանքի մաքուր, այս օրուան մտերիմ սեղանին շուրջը, զոր մեր խորհուրդները կը շքազարդեն, լեցնենք ոսկեհունչ բաժակները մեր հաւատքին ու յոյզերուն կարմրակայլակ փրփուրներովը, եւ բարձրացնե՛նք զանոնք վասն պանծացման հայաստանեայց գրականութեան:

Անոր լոյսը մեր Մեհեանին կիտուածանկար ապակիներէն ներս կը թափանցէ մինչեւ մեր ճակատները, եւ մեր մտածումները կը գինովնան: Մեր մտածումները կը թեւթափեն անոր գոյնզգոյն շառաւիղներուն վրայ եւ կը գինովնան զարմանալի տեսիլքներու յաճախանքովը: Այն ատեն մեր աչքերուն առջեւ կը կերտուի Անոր պատկերը, պերճ ու հոյակապ: Նախ քան անոր տեսնուիլն իր լիութեան մէջ. անոր ցոլքը, նախառաք աւետաբեր, ե՛ւ բարի ե՛ւ հրացայտ, կ’երգէ մեր վրայ արի ու հայրենի քաղցրութեամբ:

Այնպէս չէ՞ որ մեր առաջին ճիչն եղաւ առաջին դաւանանքը զոր պատգամեցինք միահագագ մեր ձգտած բազուկներուն եւ կամքերուն սիւներուն մէջէն պաշտամունք ու արտայայտութիւն հայ հոգւոյն:

Եւ գիտէինք որ հայ հոգին պիտի վերածնէր ու պիտի ապրէր այս անգամ աւելի ներուժօրէն` յանձին հայաստանեայց գրականութեան, որուն տժգոյն էր դէմքը, բայց որուն աչքերուն անկիւնը կեանքի եւ ոյժի հուրը կը պահուըտէր: Մենք գիտէինք, որ վտարանդի առկայծումներուն անբաւականութիւնը լրացնելով, մեր բնաշխարհի շուրջը մանաւանդ պիտի գար դիեցնել հայ հոգին, անոր զարկերակը պիտի երագացնէր ու կշռաւորէր, անոր տենչերը պիտի դարբնէր, անոր գոյութիւնը պիտի հաստատէր անգամ մըն ալ, բայց ամէնէն աւելի անդիմադրելի անգամ մըն ալ:

Եթէ չարագործ խորշակը մեր գիտակցութիւնը կ’ողբայ ու կ’ապստամբի ահա—, պատմութեան քառուղիներէն արշաւագնաց, քանդած էր ամէն բան, եւ անկարելի դարձուցած կառուցումներ հայ հոգւոյն հիման վրայ, չէր կրցած քանդել սակայն ինչ որ հիմն էր, հայ հոգին: Բայց այդ հոգին կիսամերկ է եւ ուրացուած, ինչպէս առաքելական մեծութիւնները: Ատենն է, ուրեմն, անոր դառնալու, զայն ճանչնալու: Եւ երբ ճանչնանք զայն` պիտի սիրենք զայն:

Ըսինք. մենէ իւրաքանչիւրին խորը կը բնակի ան, բա՛ւ է որ ուզենք լոյսին հանել զայն, հակառակ հակընդդէմ ազդեցութիւններուն որ մեզ կը նուաճեն զանազան միջավայրերու մէջ: Որովհետեւ մենք կը դաւանինք անհատը` եթէ ոչ բոլորովին, բայց շատ մեծ չափով մը անկախ միջավայրին առնչութիւններէ եւ ատակ` ինքզինքն ըլլալու, բա՛ւ է որ նկարագիրն ու տաղանդը անոր ոյժ հայթայթեն: Բայց չէինք կրնար մոռնալ որ հայ հոգին, եթէ դրուած է մենէ իւրաքանչիւրին խորն ու կրնայ յայտնաբերուիլ ամենուրեք, առաւելապէս իսկօրէն պիտի բխի իր սկզբնական աղբիւրին գրկէն, բնաշխարհին մէջ ուր, անտարակոյս, յարակից պայմաններ ու տարրեր պիտի նպաստեն անհատին դերին: Անոր համար կը հռչակենք հայաստանեայց գրականութիւնը եւ կը մեծարենք զայն: Հայաստանեայց գրականութիւնը, կը հաւատանք, պիտի ըլլայ լայն ու բացարձակ արտայայտութիւնը հայ հոգւոյն եւ հանճարին: Ան պիտի գրչագրէ ինքնուրոյն եւ տոհմիկ դիմագիծը հայ արուեստին ու գրականութեան, կը հաւատանք:

Կը հաւատա՛նք, եւ մեր հաւատքը կը տօնենք այսօր իրարու ձեռք սեղմած: Մեր եղբայրական ժպիտները անո՛նց որ հաւատացին մենէ առաջ, անո՛նց որոնց մէջ արձագանգ կրնայ գտնել մեր ձայնը:

Եւ կը յիշենք, այս առիթով, թէ մենէ առաջ, մեզ նախորդող սերունդէն մէկը հաւատաց հայաստանեայց գրականութեան: Արտաշէս Յարութիւնեան, առաջին օրէն, մտահոգուեցաւ անով, հայ գրականութեամբ, աւելի ետքը ընդլայնելով իր մտածումները, ստեղծելով վերջապէս վաղուան գրականութեան հարցը: Եւ ինչպիսի՜ խրտչում մը կը վրդովէր գրականութեան պոլսեցիները. ամէնէն երջանիկ պարագային, երբ վերջապէս կը բարեհաճէին հասկնալ զայն, «գաւառի գրականութիւն»ը այլազան նիշ մը միայն բերելու կոչուած պիտի ըլլար հայ ընդհանուր գրականութեան մէջ, գաւառիկ շեշտ մը, զոր կարելի էր սիրել իբր տարաշխարհիկ ու վայրի ծաղիկ մը` սալօնի շպարուած վայելքներու մէջտեղ: Պարագաները, քաղաքական պայմանները, ծանօթ իրենց հրէշայնութեամբ, այդ ընդհանուր տրամադրութեան վրայ աւելցած, մոռցուցին «գաւառի գրականութեան» հարցը: Բայց մենք չենք մոռցած զայն: Հայաստանեայց գրականութիւնը եւ ո՛չ թէ գաւառի գրականութիւնը, քանի որ Հայաստանէն դուրսը գաղթավայրն է գերազանցօրէն «վաղուան գրականութիւն»ն է որուն կը սեւեռենք մեր հոգիները եւ որուն կը նուիրենք Մեհեանի ներկայ համարը:

Մեր գուրգուրանքն ու յարգանքը անո՛նց` որ, միջնադարէն մինչեւ մեր օրերը, Քուչակէն մինչեւ Զարդարեան, հայաստանեայց գրականութեան ոգին թրթռացուցին զանազան եղանակներով՝ հանճարեղ երգերու եւ զմայլելի էջերու մէջ, եւ մեզի յուսալ տուին, մեզ մխիթարեցին: Եւ թէպէտ այդ յոյսին ու մխիթարանքին հաճոյքը կը դառնանայ կսկիծովը զոր կը զգանք՝ տեսնելով շիջած ստեղծագործ կրակը Հայաստանցի նոր սերունդին հոգւոյն մէջ հաստատենք եղերականութիւնը վայրկեանին, բայց ցեղին ոյժը, աւելի մեծ ու տեւական քան պատահական բոլոր երեւոյթները մեծ խոստումը կ’ընէ, հայ հոգին, արտաբերուած ցարդ, ընդհանրապէս, ժողովրդային հանճարի արտայայտութիւններու մէջէն, եւ ա՛յնքան քիչ անգամ անհատ-հանճարի բաբախումներուն շնորհիւ, պիտի պանծայ գործերով զորս արուեստագէտը պիտի կառուցանէ: Կարգը, այսուհետեւ, արուեստագէտինն է:

Հայ հոգին՝ արուեստի նորանոր ու բազմազան ձեւերուն մէջէն, ահա՛ Հայաստանեայց գրականութեան իտէալը:

Եւ իր լոյսը ահաւասիկ, տարօրինակ ու շքեղ, որ յայց կ’իջնէ մեր վրայ. իր լոյսն որ յոյսի հրեղէն թերթեր կը թափէ մեր վարսերուն վրայ: Ահաւասիկ իր լոյսն որ հեռաւոր բռնկումներու բոցովը կը ցոլայ մեր բաժակներուն մէջ եւ մեր խորհուրդներու երկնքին վրայ:

Հուռա՜, ուրեմն:

Քեզի՛, Հայաստանեա՛յց գրականութիւն, ու քսիդ ու քու բոցիդ՝ մեր բիւրեղահունչ բաժակները փրփրայեղց՝ հաւատքով, տենչով, յոյզերով:

«Մեհեան» 1914 թիւ 3.