Երբոր
գիւղին
բանայիրը
—
Աստուածածնի
բանայիր
—
իր
վերջին
մօտեցաւ,
եւ
լոյսերու,
նուագներու,
խազերու
ու
կանչերու
մէջ
պոռթկացող
միահամուռ
ցնծութիւնը
շնչասպառ
կ’ըլլար
կամաց
կամաց,
ոտքի
ելանք
մենք:
Պիտի
վերադառնայինք:
Պիտի
վերադառնայինք՝
հակառակ
արբշռուն
երջանկութենէ
մը
ինքզինքնիս
զրկելու
գիտակցութեան:
Դեռ
չթունաւորուած
գինովութեան
հետքը
կար
մեր
երեքին
վրայ,
որուն
օրրանքին
մատնուած
էինք
քիչ
մը
առաջ,
ցորեկը,
Թաշ—Տէլէնի
ջուրերուն
շուրջը,
անտառով
ծածկուած
բլրակին
մոլորական
եւ
անկանոն
նրբանցքներուն
մէջ
մեր
թափառկոտումներուն
ատեն,
դէպի
Մալ
Խույուսի
երթալու
ճամբուն
վրայ՝
ուր
բնութիւնը
ինքնատիպ
ու
ցայտուն
յղացում
մը
կը
ցուցադրէ,
—
ուր
մամռապատ
ժայռերուն
գոգը՝
ծառերու
շարքին
տակ,
արծաթէ
ջուրը
կը
ծնծնայ:
Ժամերով
անդորրած
էինք
անմառոյց
ու
հովանուտ
կաղամախիներու
ու
կաղնիներու
բոլորտիքը
իրենց
մշտնջենի
փսփսուքը
քնացուցած
էր
մեզ,
ու
իրենց
կանանչ
գոյնը
երազել
տուած
էր.
ու
ոգեւորուած
էինք
բզէզներու
պէս՝
երբ
անոնց
կենսալից
աւիշը
մեր
երակներու
մէջ
ներարկուած
էր
ու
սէրերուն
գգուանքոտ
հպանցումները
զգացած
էինք:
Ու
յետոյ
դարձած
էինք.
արեւմտեան
ստուերներուն
հետ՝
որոնք
շուտով
կ’իջնեն
այդ
արդէն
ստուերոտ
անկիւններուն
մէջ,
վախկոտ
վայրէջքով
մը:
Ժողովրդային
տօնահանդէսը
կար
սակայն
—
հին
դարերու
անտառներու
մատուցուած
պաշտամունք
—
որ
իր
զուարթունակ
արտայայտութիւններովը
մոռցնել
կուտար
բոլոր
նրբին
ու
երազային
տրտմութիւնները
իրիկուան:
Գիւղ
եկած
էինք՝
գաղթակառքերուն
հետ,
խմբովին,
տավուլ—զուռնային
կայթի
հրաւիրող
խայտանքներով:
Հոս
ոգեւորութիւնը,
եւ
բուն
ոգեւորութիւնը
սկսաւ,
այս
պզտիկ
բանայիրին
ամէնէն
աղմկալից
մասը,
սրճարանի
պարտէզներուն
մէջ,
լապտերի
լոյսերուն
տակ:
Անդադրում
ու
տեւական
խրախճանութիւն
մը՝
որ
մինչեւ
ուշ
ատեն
տեւեց,
հրահրուած
հիմա
ալքոլին
գինովութենէն,
որ
ցորեկը
բնութեան
գինովութիւնն
էր:
Տակաւ
առ
տակաւ
ամէն
բան
կը
մարէր
սակայն,
եւ
քունին
թմբիրը
կը
մեղմէր
պոռալ-կանչելու
մարմաջները,
շարունակուելու
համար
քիչ
մըն
ալ,
ապահովաբար,
վաղը,
Էլմալըի
բարձունքը՝
զոր
ափսո՜ս,
չպիտի
կրնանք
վայլել:
Ո՛րքան
ալ
դժուար
գար
սակայն
բաժանումը՝
անտառներու
գիրկը
պահուըտած
այս
ա՛յնքան
սիրուելիք
գիւղակէն
պիտի
վերադառնայինք
անպատճառ,
դաշտերուն
մէջտեղներէն
սողոսկող
այն
երկարաձիգ
ու
մենաւորիկ
ուղիներէն,
որոնց
հողը
կակուղցած
ու
նամէտցած
էր
օգոստոսի
անձրեւներէն:
Մենաւորիկ
ուղինե՜ր,
որոնց
շուրջը
ռոտենպաքեան
թաղծութեամբ
սարսռուն
հորիզոններ
կը
պարզուին.
ջաղացք
մը
հոն,
առանձին,
գլուխը
բարձրացուցած.
գիւղ
մը
անդին՝
որուն
տուները,
առտուան
մշուշին
մէջէն
հազիւ
թէ
կը
ստուերագծուին.
պուրակներ
ասդին
անդին,
ու
դաշտեր,
ու
դաշտեր:
Պիտի
քալենք
բոլոր
այն
ճամբաներէն,
ինչպէս
որ
եկած
էինք
արդեն,
երէկ
առտու,
—
հետիոտն
ճամբորդութիւնն
իսկ
ըլլալով
մեր
գլխաւոր
հաճոյքը
—
արեւուն
կէս-քուն
կէս-արթուն
եղած
ատեն,
երբ
աքլորներու
կանչին
հեռուէն
հեռու
արձագանգ
կուտայինք
մթնշաղին
մէջէն:
Նորէն
պիտի
անցնէինք
բոլոր
այդ
տեղուանքէն.
բայց
նախ
պէտք
էր
անտառէ
մը
անցնիլ
անպատճառ:
Եւ
կէս
գիշերէ
մը
ետքը,
կուրցնող
մութին,
անտառէ
մը
անցնիլը՝
քիչ
մը
քիչ
առնական
յանդգնութիւն
չպիտի
պահանջէր:
Իբր
ամէն
ինչ՝
առինք
մեր
հետիոտն
ուղեւորի
գաւազանները,
լամբարի
շիշի
մը
մէջ
մոմ
մը
վառեցինք
—
որովհետեւ
անկարելի
եղաւ
մեզի
լապտեր
մը
գտնել
գիւղին
մէջ
—
եւ
ճամբայ
ինկանք:
Պիտի
անցնէինք
այն
անտառէն՝
որ
ուղղակի
վարի
գիւղը
կը
հանէ:
Պզտիկ
վարանում
մը
առաջին
անգամ,
երբ
անտառին
մուտքը
ըրինք.
յետոյ
ընկրկում
մը.
վիթխարի
ծառերուն
սօսափիւնը՝
մութին
արհաւիրքը
կը
բերէր
մեզի:
Եւ
մութ
մը
ա՛յնքան
թանձր
ու
այնքան
կրկնուած՝
որքան
կրնար
ըլլալ
անտառի
մը
խորը,
երբ
վերէն
լոյսի
հետք
մըն
ալ
չկայ.
վասն
զի
քիչ
առաջ
բարդ
պաստառներ
փռուեցան
մեծ
գմբէթին
վրայ,
մօտալուտ
անձրեւի
գուշակութիւնը
ընել
տալով,
պատճառ
մը
աւելի՝
որպէսզի
արտորայինք
ժամ
առաջ
անցնելու
ամայի
բացաստանները,
ճամբան
գիւղ
մը,
պատսպարան
մը
գտնելու
համար:
Չկրցանք
առաջ
մղել
քայլերնիս,
ու
ետ
դարձանք,
վտանգէ
մ’աւելի՝
անտառին
մէջ
կորսուելու
վախն
էր
որ
մեզ
դեդեւիլ
կուտար:
Գիւղին
մէջ,
սրճարանէն
քաշուած
էին
արդէն,
եւ
յետամնացներ
կը
շարունակէին
իրենց
ճռզած
խրախճանքը:
Եւ
սակայն
պէտք
է
մեկնիլ.
այն
ատեն
կոչում
մը
մեր
տղամարդու
խիզախութեան,
ու
դարձեալ
անտառին
մէջ:
Այս
անգամ
դէպի
առաջ,
այո,
անյողդողդ
քայլերով:
————————————
Քանի՛
խորը
կը
մտնէինք,
մութը
այնքան
սարսափեցնող
հանգամանք
մը
կը
ստանար:
Խաւարը
լեցուած
էր,
խտացած
էր
ամէն
խորշ.
ու
պիտի
ըսուէր
թէ
կը
թանձրանար:
Տեսած
էի
անտառը,
ցորեկ
ատեն,
վայրենօրէն
միահեծան,
մեծվայելուչ
—
մեհեանի
մը
պատկառազդու
խորհրդաւորութեամբը
—
ներշնչարան
մը
խոկումներու,
ուրկէ
մարդկային
դասեր
պիտի
հանէր
Ատոլֆ
Ռեթէ:
Բայց
անտառը,
կէս-գիշերին,
խաւարին
մէջ,
այլապէս
խորհրդապահիկ,
ու
այլապէս
հէքեաթային
նշանակութիւն
մը
կ’առնէ:
Անիմանալի,
այլ
իմաստալից
խօսքեր
կը
փսփսային
ծառերը
շարունակ,
վհուկի
մը
լրջութեամբը:
Ու
մենք
լուռ
կը
քալէինք՝
որպէս
թէ
դագաղ
մը
տանէինք:
Մենէ
մէկը
ճրագը
բռնած
էր,
—
ճղճիմ
լոյս
մը
ահաւոր
մեծութեան
մէջ,
—
միակ
ուղեցոյց
ունենալով
անուահեր
մը,
եւ
մեզ
կ’առաջնորդէր:
Ինքն
ալ
չէր
գիտեր
ճամբան,
ինչպէս
չէինք
գիտեր
մենք:
—
Հապօ՛ն,
Շահէ՛ն:
—
Քաջութի՛ւն,
Սերգօ՛:
Ու
անձագանգը
թնդաց
անտառին
մէջ՝
մենէ
երկուքին
այս
գոչերուն,
ու
նորէն
ստորերկրեայ
վայրի
մը
լռութիւնը:
Մոմը
մարած
էր
հուսկ
ուրեմն,
հովին
հալածանքներէն,
որոնք
սաստկացած
էին
հետզհետէ՝
փոթորիկի
մը
ծայր
առնելովը:
Սաղարթները
կը
հեծեծէին,
կը
գզուըտէին
հովին
դէմ,
կը
բողոքէին.
բայց
ան,
փոթորկալից
հովը,
ո՛վ
գիտէ
ո՛ր
խորութիւններէն
կը
փրթէր,
ու
կ’արշաւէր
ծառերուն
ընդմէջէն,
սուլելով,
մռնչելով:
Չէինք
գիտեր
ո՛ւր
երթալ,
ո՛ր
կողմ
բռնել,
եւ
սակայն
կը
քալէինք,
կը
քալէինք
շարունակ
երեքս
մէկ՝
թեւ
թեւի
առխարխափ,
ծառերու
անկանոն
սիւնաշարքին
ներքեւէն.
վստահաբար
կորսուած
էինք:
Սպասե՞լ
տեղ
մը,
մինչեւ
արեւածագ.
եւ
սակայն
անձրեւի
կայլակներ
կը
թրջէին
տերեւները
եւ
ամառուան
տեղատարափ
մը
անխուսափելի
էր,
վասն
զի
ահա
հեռուէն
գոռումի
խուլ
ձայն
մը
կը
հասնէր
ականջնուս.
կայծակի
մը
նախանշա՞նը
արդեօք:
Ո՛վ
գիտէ:
Ու
կը
քալէինք,
կը
քալէինք
միշտ.
վտանգի
մը
հաւանականութիւնը
քանի՛
կը
շեշտուէր,
ա՛յնքան
թեթեւ
կը
զգայինք
մենք
զմեզ,
ա՛յնքան
աներկիւղ:
Երկի՞ւղ,
օ՜հ,
շատոնց
փարատած
էր
ան.
բարձրաբերձ
եղեւնիներու
խրոխտ
արհամարհանքը
փոխ
առած
էինք,
ու
կը
քալէինք
դէպի
առաջ
միշտ,
մերթ
ծառերուն
զարնուելով,
մերթ
հանդիպելով
անցքի
մը՝
որ
շատ
նեղ
կուգար:
Ապահովաբար
շատոնց
շեղած
էինք
ուղիղ
ճամբէն,
եւ
հիմա
անտառին
մէջ
մոլորած
էինք
ամբողջովին:
Ասուպի
պէս,
ու
անոր
չափ
արագ,
մենէ
չեմ
գիտեր
որո՛ւն
աչքին
զարկաւ
լոյս
մը
եւ
կորսուեցաւ
նորէն.
բաւական
ատեն
ետքն
էր
որ
կրկին
անգամ
երեւան
ելաւ:
Հասկցանք:
Սուլթան
Չիֆթլիկինն
էր,
գիւղակը՝
ուր
պիտի
ելլէինք.
տերեւներուն
ու
սաղարթներուն
մէջէն
կը
պտլճար
ան,
լոյսը,
մի՛շտ
կորսուելով
ու
յայտնուելով
յաջորդաբար:
Ու
երբ,
մի՛շտ
այդ
լոյսին
ուղղութեամբ,
անտառին
ելքը
գտանք
ինքզինքնիս,
ուզեցինք
որ
երկարած,
երկարած
ըլլար
տակաւին,
մեր
մոլորական
գնացքը,
չեմ
գիտեր
ինչ
տարօրինակ
հաճոյք
մը
գտնելով
անոր
մէջ:
«Սուրհանդակ»
1903,
թիւ
1381.