Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Անգամ մըն ալ թղթատելէ յետոյ ձեռագիրներու տրցակը իր վերջին երկին, որուն տիտղոսն էր Վաղուան Հայերը, Արեգ Արտազեան երիտասարդ քերթողը գրեց իր ընկերակցին, Նորայր Շահապեանի.

«Ձգեցի, այսօր, վարագոյրը քնարերգական պզտիկ թատրերգութեանս, վերջին վարագոյրը որուն ծալքերուն տարածումը՝ ծանրածանր հանդիսաւորութեամբ՝ ինծի կը թուի թէ սարսուռով կը խոնարհի իմ հերոսներուս, Արիազնի եւ Վահազնի վերջին խօսքերուն, անոնց անձկայրեաց մրմունջին խորհրդաւոր ներդաշնակութեանը առջեւ… Ձգեցի վարագոյրը, բայց գիտե՛մ, անոր ետեւ ձայները անհունօրէն կ’երկարին հնչական փոխասացութեան մը, զոր վաղուան հայերու խռովքները կը քնարերգեն… Ձգեցի վարագոյրը, բայց անոր ետեւ բիւրեղացած կը մնայ պատկերը զոր դէպի վաղը սեւեռումներս յափշտակեցին վաղուան հայերու տեսիլքներէն…

Աստուածս, թերեւս իր ամէնէն սքանչելահուր յղացման կարելի աղբիւրը ժայթքելէ ետքը, այնպէս կը հաւատամ— կը հանգչի: Իր արարչական թեւերը՝ խանդի, խռովքի, երազի ու սրբազան կրքի մեղադիրներուն բանալէ ետքը՝ կը ծալլէ ու կը հանգչի: Այսօր աւարտեցի Վաղուան Հայերը: Ամէնէն մոգական պատմութիւնը զոր պիտի կարենայի ընել՝ անուրջներէն եւ մտածումէն հմայուած իրենց նայուածքով զիս ունկնդրող տարեկիցներու խումբի մը, որոնց ադամանդահունչ երիտասարդութիւնը կեանքին կրակը կը խառնէ, արծարծուն տենչերու անդաստանի մը մէջ…

Նաւորդնե՛ր մենք խօլական, դէպի անյայտ կղզին խորհուրդներու,

Մեր տեսիլքներու թեւերը բանալով, եւ մեր ճակատն ալ մրրիկներուն որ մեր շունչէն կը յօրինուին:

Չէ՞ որ, ճանապարհին, հին փառքերը կայծտարր ըրինք մեր կամքերու արոյրին,

Նոր կրակն ստեղծելով հոգիներու եւ կեանքերու բաբախմանց»:

«Այսպէս կ’ըսէ վաղուան հայերէն մէկը, ընդմիջելով, խումբէն մէկը երիտասարդ գրողներու եւ արուեստագէտներու, որ Խորհուրդներու Մեհեանին մէջ ժողովուած, կը վիճին իրենցմէ մէկուն, անդրիագործ Արիազնի նորաւարտ գործին վրայ, հարթ-քանդակ մը, գլուխ մը՝ թատրոնի մը դրան կամարին ճակատը զետեղուելու համար կերտուած, հերարձակ ու մօրուսաւոր գլուխ մը, խորահայեաց եւ ուժեղ նայուածքով, խորհրդանշան ցեղին հոգւոյն:

«Եւ կամ ահա ինքն իսկ Արիազն է որ, իր գործին համար լեցուած խանդով, գուրգուրանքով եւ անձկութեամբ, կը խօսի. կ’ըսէ թէ ի՛նչպէս կը սպասէ իր հարթ-քանդակին զետեղման վաղայաջորդ առաւօտեան, երբ՝

«— Կամարին հզօր լռութեան ներքեւ, իմ յոյզերուս կրակին քով սպասումս ջեռուցանելէն,

Պիտի կրնա՞մ ողջունել այգածագը արքենի,

Որպէսզի երբ առաջին ճառագայթները գան մկրտել իմ գործս,

Քանդակիս վրայ կաղապարուած արփիական լոյսը հոգւոյս մէջ փոխադրեմ…

 

Վահազն

 

Բայց հաւատա՛ ինծի, Արիա՛զն, կը տեսնեմ արդէն,

Արեւէն առաջ, ցեղիդ հոգւոյն խռովքները պիտի գան իրենց համբոյրներովը օծել քու գործդ:

«Եւ կը վերջանայ Վաղուան հայերը:

«Յաջողեցա՞յ գործադրութեանս մէջ, եւ ի՞նչ չափ: Չեմ գիտեր: Բայց գիտեմ, Շահա՛պ, գիտեմ որ ներքին ձայներուս ամէնէն խորին եւ ամէնէն անկեղծ հունչը փոխ տուի գործի մը, որ երազներուս ամէնէն մաքուր արգանդին մէջ արթնցաւ: Անիկա ո՛րքան առոյգ՝ նոյնքան միամիտ ճիգ մը եղաւ, միամի՛տ միամտութեամբը հզօրաշունչ հաւատքի մը, իմ վաղնջական հաւատքիս որ յաղթական հիասթափմանց կործանումներուն ներքեւ իսկ, կը յամառի խօսիլ ինծի ա՛յնքան բարեկամօրէն, եւ յանդգնօրէն՝ որքան որ կ’ուզես…

«Կը խօսի ան ինծի՝ ազատագիր ուղեւոր ցնորքներուս կարմիր յակնթաքարերով ճամբաներուն, որոնց վրայ կ’իյնալ առհաւութենէն ներզօր ճառագայթ մը, ու իր բեկբեկումներէն հեռաւոր ապառնիներու յառումներս կը ժայթքին: Կը կրեմ զայն, եւ ի՜նչպէս, առհաւութեան ոգին՝ այսօրուան ու վաղուան ալ համար, վայրկեանի ապրումներուս մշտահոլով յեղաշրջականութեան մէջէն: Ծիրանի փառքեր կ’անցնին, մեծաթափօր, արիւնոտ Յորդանաններու մէջէն, հոգիիս մէջէն, դէպի վաղը երթալու համար, եւ կը լսեմ տաղերը որոնցմով անոնք հանդիպակաց եզերքներուն վրայ կը ցոլացնեն գեղեցկութեան տիրապետութիւնը ոյժի եւ գեր-մարդու կրօնքին: Կը տեսնեմ պատկերները, զորս վաղուանները, հաւատարիմները նոր կրօնքին, կը ստեղծագործեն իրենց ճամբուն վրայ՝ ինչպէս պաշտամունքի նշանակներ՝ յարուցանելով զանոնք իրենց հոգւոյն խորէն… Եւ ի՛նչ որ կը լսեմ ու կը տեսնեմ, եւ ի՛նչ որ կը սիրեմ որ ըլլայ հիմներգը վաղուան հայերու բանին ու մտածման, անոնց ստեղծագործական ճիգերուն, այդ էր որ պատմեցի երգելով, իմ նոր գործիս մէջ:

«Ի՜նչպէս պինդ հանգոյց մը կը զգամ ինքզինքս՝ երէկուանին, այսօրուանին ու վաղուանին, ցեղիս հոգւոյն անհունին վրայ յածելով, վաղուան տեսիլքներովս բոցավառելով այն փշուրը զոր Բագեւանի հուրերէն կը պահեմ:

«Այս պահուս որ այս նամակը կը գրեմ քեզի, զայրագնաշունչ հով մը կը մռնչէ չորրորդ յարկի սենեակիս գլխուն եւ ուսերուն վրայ, կոտրելով ու փշրելով, իր հարուածներուն տակ, գռեհկութիւններն ու ապականութիւնները զորս մեր շրջավայրի պչրուհիին մոգիչ նայուածքը կը կառուցանէ: Փոթորիկ կայ այս գիշեր, եւ ոգեկոչէ այն նկարը վերարտադրութիւնը գերման նկարչի մը գործին փոթորիկը, զոր տեսած ես սենեակիս մէջ, գրասեղանիս ճակատը, նիզակաւորներու կարմիր փաղանգը, հրացայտ աչքերով, դէպ առաջ հակած մէջքերով, մոլեգին վճռականութեամբ, սեղմ ու միակամ ու միաշարժ շարքերով, փոթորիկը։ Փոթորի՜կը մաքրուած:

«Եւ այս ժամուս, Շահա՛պ, փոթորիկին ձիաւորն եմ, որ արշաւասոյր սուրհանդակ, քեզի պիտի հաղորդէ հոգիի մը կրակն ու երազները, եւ դէմքերուն ցոլքը վաղուան հայերուն: Կը սպասեմ քեզի, կիրակի օր սենեակս, ուր պիտի գտնուին նաեւ Վահէն, Զինուորեանը, Կարօն եւ ուրիշ բարեկամներ, եւ Աննան, եւ ուր ձեզի պիտի կարդամ Վաղուան Հայերը:

«Վաղուան Հայե՞րը, կը հարցնէր երազանքի խորութեան վրայ աչքերուն խաժ թերթերը բանալով, Աննան, որուն ձայնը կուգայ շոյել տենդերուս սարսռացող բաշը, երբ իմացաւ նոր գրուածքիս անունը: Եւ երեւակայէ՛ որ խոստացած եմ, վաղն առտու իսկ, բացատրել զայն իրեն, հանդարտեցնելու համար իր հետաքրքրութիւնը: Եթէ օր մը կարելի ըլլար ներկայացնել, հաւաքոյթի մը մէջ այս գործս, պիտի կարենար Սիննան ըլլալ Արիազնի բարեկամուհին, շքեղ գիշերներու երգչուհին:

«Համբոյր քեզի ինէ ու Վաղուան Հայերէն, որոնց հեռաւոր եղբայրութիւնը ահա կ’արձանանայ՝ փոթորիկին թողած մաքրութեան մէջ»: