Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ըսէ՛, ըսէ՛, ով անգին ու վիրաւոր Աղթամար. երգէ՛ քու հեռաւոր ծիրանի փառքդ: Ահա պայծառ ու անարատ ջուրերդ, զորս լացիր չարչարանքի գիշերներուդ, անհունօրէն կ’ադամանդանան. ահա քու անապատ ջուրերդ կը կայծկլտան, մինչ այգուն նորազարթ շողերը ոսկեփոշի կը սրսկեն Սիփանն ի վար, Վարագն ի վար: Ա՜, լոյսն է, լուսածագն է: Ի՜նչպէս երազային է մեղեդին զոր թաղծաթրթիռ զանգիւնները կը մեներգեն քու պաշտելի կաթուղիկէիդ, մինչ ծիծառները քու խորշերուդ մէջ ապաստանած՝ ահա կ’արթննան ու իրենց թեւթափներով կը քերովբէանան. ու աղկիոնները քու գրգանոյշ ալեակներուդ վրայէն կը սահին, ու ահա ճամբորդ կռունկները՝ քու բարձունքներուդ վրայ գիշերուան մը հանգրուանէն ետք, կը տարագրուին՝ իրենց ցաւակոծ հոգին պտտցնելու հայրենի այերին ընդմէջէն: Պերճաշուք ու դիցական գիշերէն ետք, ուր «հրեղէն աղջիկներ»ուդ ցայգապարը տօնուեցաւ, ահա լոյսն է, լոյսին փառքն է. ու դուն որ ազնուական տրտմութիւնդ կ’արձանացնես, Աղթամա՛ր, երգէ՛ պահ մը քու բիւրեղացած փառքդ:

Բայց վիրաւո՜ր, վիրաւո՜ր ես, գիտեմ, Աղթամա՜ր, եւ քու դարաւոր վէրքերուդ արիւնովը կը մկրտես մուսէոնիդ պատմական հպարտութիւնը: Դուն կը լռես, եւ քու հեծքերդ, ու քու տանջանքներդ, ու քու գաղտնիքներդ ու մոլեգին ցասումը շղթայակապ լանջքիդ՝ բոլորը ծովակիդ խորքին կը յանձնես, անոր գաղտնապահ հոգիին մէջ կը թագցնես: Եւ այն ատեն, ատո՜ր համար, ծովակը կը փրփրի, կը զայրանայ ու կը մռնչէ, ու իր ապստամբ հոգին կը պոռթկայ մինչեւ հեռուի ափանց կուրծքին: Եւ այն ատեն դուն ալ, ա՜խ, ի՜նչ մեծ ըլլալու է տառապանքդ, այն ատեն դուն ալ անասելի յուսահատութեան մը նոպայէն կը բռնուիս, ու մենաւոր աշտարակիդ ծայրէն սեւ օրերու սուգը կը կախես: Եւ այն ատեն ի՜նչպէս պաշտելի կ’ըլլաս, ա՛յ իմ հայրենի կղզեակ, ա՛յ իմ վերան աշխարհի լքուած մենարան:

Եւ ահա որ, օ՜, եւ ահա որ դահիճը իր քայքայիչ թաթը քեզի կ’երկարէ, բիրտ ու գազանային հարուածը կը կռփէ քու համբուրելի ճակատիդ, քեզ քանդելու ու մահացնելու: Եւ ահա որ քու խարիսխներուդ մէջ կը դղրդաս պահ մը, քու պանծալի քանդակներդ իրենց թանկագին արուեստին մէջ կը դողան, քու պատկառելի պատմութիւնդ իր պատուանդանին վրայ կը սարսռայ վայրկեան մը, եւ քու սիրուն դիմագծութիւնդ զահանդագին կերպարանափոխութեան մը մէջէն կ’անցնի: Դահի՜ճն է, քեզի պիտի չքացնէ, քեզ պիտի մոխրացնէ, Աղթամա՛ր: Եւ այն ատեն ո՞ւր պիտի գտնէի քեզ, ա՛յ դու գոհար Բզնունեաց ծովակի:

Դարե՛ր, դարե՛ր, ինչպէս սրբակեաց անապատական, քու յաւիտենական հսկումիդ մէջ կեցար ուղղաձիգ՝ թէեւ ամէն օր նոր վիշտ մը կը փղձկեցնէր քեզ, եւ թէեւ ալեակներդ արիւնի պղպջակներով կը դառնային քեզի:

Դարե՜ր, դարե՜ր, ամպրոպներն իսկ իրենց հրային զայրոյթներուն մէջ խնայեցին քու գգուելի գլուխդ, եւ դուն կեցար գոթական խիզախումով՝ թէեւ նահատակներուն ձայնը կը լսէիր սարսուռով՝ ջուրերուդ կողերէն, եւ ահաւոր անձկութեամբ կը տեսնէիր ցնորեցնող ոճիրները, ինչպէս կապանքուած մայրը իր առջեւ մորթոտուող զաւակը: Բայց նորէն կը մնայիր հաստատակեաց, վիզդ միշտ բարձր: Եւ հիմա դահիճը եղեռնի իր ծարաւին մէջ արիւնատենչ նայուածքը քեզի կը դարձնէ, իր ժպիրհ թաթը քեզի կ’երկարէ՝ որպէս զի քեզ գլխատէ, իր թունաւոր նետը քու միւռոնաբոյր ճակատիդ կ’արձակէ, որպէս զի քեզ սպաննէ:

Ու դուն, Աղթամա՛ր, այդ եղեռներուն մէջ ու այդ արիւնին մէջ, ու դահճային հարուածներու ներքեւ, առանձնակեաց ու անձկայրեաց վիրաւորն ես, եւ լուռ, տառապագին սպասումիդ մէջ, քու երբեմնի ծիրանի փառքիդ հանդիսաւորութեամբը, մեր հայրենի եղերգը կը կոթողացնես:

«Ռազմիկ»1908, թ. 8.