Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Օ՜ այդ հոյակապ մարդը, օ՜ այդ անտառապահը:

Սէգ սօսիներու համադրած անհուն լրջախոհութեան ցոլքը կայ իր նայուածքին խորը, եւ անոնց մեծվայելչութեան ալ շուքը՝ իր երեւոյթին մէջ. խորհրդամած անտառին թաքթաքուն ուղիներու մէկ անկիւնը կորսուած, ու անտառին խառնուած, նստած է ինքը, անտառապահը, եւ կը թուի թէ իր անշարժութեան մէջ իսկ կ՚ուզէ հասնիլ ամբարձիկ ծառերուն, կ’ուզէ իր խրոխտութեամբ լեցնել անտառը բովանդակ: Խրոխտ, ո՜րքան է ինքը, իր դէմքովը, իր դէմքին արտայայտութեամբը եւ իր դիրքովը՝ նստած հանդարտ, նստած լռին, ծառերուն ներքեւ, սօսիներուն ներքեւ:

Նստած է ան, ենթարկուած բարի ու մեծոգի ծառերուն պահպանութեանը, բայց, միեւնոյն ատեն, ինքզինքը նուիրած անոնց պահպանութեան, անտառապահը, օ՜ այդ հոյակապ մարդը, օ՜ այդ անտառապահը: Կը լսէ անոնց ձայնը, ծառերուն ձայնը, հիմա որ անոնք հանդարտ են ամառնային արեւի տակ. լսած է ան սակայն անոնց զայրագնութիւններն ալ, մոլեգնած փոթորիկներն ալ, երբ անտառը դղրդուելու պէս կ’ըլլայ, մրրիկին յարձակման դէմ իր գօտեմարտին ատեն: Այն ատեն ժխորը կը լեցուի անտառին մէջ, վայրի հեւք մը կը սաւառնի ծառէ ծառ, ոստէ ոստ, եւ մինչեւ յետին ծղին, մինչեւ յետին տերեւը, փրփրալից յուզում մը կը ցնցէ զանոնք: Բայց անտառապահը անվրդով է. հաւատքն ունի իր դից պայքարին վրայ, ինչպէս քուրմը՝ իր մեհեանի դից վրայ:

Ինչպէս քուրմը մեհեանին, անտառապահը ինքզինքն է նուիրած սպասարկութեանը իր մեհեանին, որ անտառն է, ուր մշտնջենի աղօթերգութիւնը կ՚երկարաձգուի դաշն սօսափիւններուն։ Եւ ուր ահա, անտառապահը, երկիւղած, լուռ, ակնածալիր, կը մասնակցի անոր:

Եւ կ’ունկնդրէ:

Տեսայ ես զայն, անտառապահը, անտառէ անցքի մը միջոցին: Օ՜, այդ հոյակապ մարդը. անտառը չէ՞ր որ այդպէս ըրած էր զինքը, այդպէս հոյակապ, այդպէս խրոխտ եւ այդպէս խոհուն: Ա՜հ, ի՜նչ դէմք, ի՜նչ վէս դէմք, զոր կը շքեղաւորէր շէկ փառաւոր մօրուք մը, եւ որ կ’արտայայտէր մեծանձն անխտրական ազնուութիւն մը. արտեւանունքները քիչ անգամ կը շարժէին ակնթարթերէն. ու արձանային դիրք մը. գլուխը ուղղաձիգ՝ կուռքի մը հպարտութեամբն ու անտարբերութեամբը: Կ’ըսէր, կարծես թէ պզտիկ ռամկութիւններէն զերծ կ’ուզէր մնալ, չէր շահագրգռուեր, բնա՜ւ, անոնցմով. կ’ըսէր, կարծես թէ ինք անտառին երանութեամբն է արբեցած, անոր ազդեցութեամբն է շաղախուած, անոր աւիշովն է լեցուած, անոր մաքուր մթնոլորտին մէջ մաքրագործուած:

Ու կ’ըսէր, կարծես, թէ անտառին ոգին է ինքը:

Գիշեր ցորեկ, հէքեաթային աշխարհին բնակիչն է ան, անտառապահը. անոր բոլոր գաղտնիքներուն թափանցած վհուկն է, որ գիտէ քալել՝ անոր մթին ու մանուածապատ ուղիներուն մէջ, եւ գտնել ելքը՝ եթէ խորասուզուած ու մոլորած ալ ըլլայ անոնց միջեւ: Երբ կ’անցնի ծառերուն քովէն, անոնց ներքեւէն, անոնցմէ իւրաքանչիւրը բան մը կը փսփսայ իրեն, եւ անտառապահը, բարիօրէն, ազնուօրէն մտիկ կ’ընէ անոնց, անտառապահը խղճամիտ աւանդապահ բոլոր այդ թաքնասացութիւններուն: Երբեմն, անտառեզրին կը մօտենայ, եւ լուսաւէտ հորիզոնը կ’ողջունէ, յետոյ, կամաց կամաց, կը վերադառնայ. քայլ առ քայլ կը մխրճուի խորը անտառին եւ ամէն քայլին՝ անտառին համայնութիւնը աւելի եւս կը վայելէ:

Ահա նստած է ան՝ անտառապահը. դարաւոր սօսիին տակ ապաստանած: Կ’ունկնդրէ ծառերու երգասացութեան, որ ա՜յնքան քաղցր եղանակաւորումով մը կը լեցնէ անհուն ու ահաւոր անտառը: Անշարժ, վէս ու հոյակապ, խորին ուշքով մը կ’ունկնդրէ, եւ, ապահովաբար, կը հասկնայ անոր իմաստը, քանի որ ահա ա՜յնքան պատկառոտ է, քանի որ ահա կը խորհրդածէ մտամփոփ, եւ քանի որ զայն ըմբոշխնած ըլլալու ժուժկալ, լուրջ երանութիւն մը կը ճառագայթէ իր դէմքը:

Ու վայելքին մէջ գերազանց հաճոյքի մը, որ անտառին խորն է պահուըտած, ու վէս եւ հպարտօրէն գեղեցիկ մթնոլորտին մէջ որ մաքրասրբող ու մեծանձնացող ոյժ մը կը սնուցանէ, ահա կ’ունկնդրէ, կը խոկայ, թերեւս կ’իմաստասիրէ անտառապահը. օ՜, այդ հոյակապ մարդը, օ՜, այդ անտառապահը:

«Սուրհանդակ» 1906, թ. 2278