Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ու ես, խիզախ ուղեւոր, իմ կրակըս կ’արծարծեմ…

Երբ գիշերուան ցուրտն է արդէն,

Որ ահա

Զրկանքներուն գիտակցութիւնը կուլայ,

Եւ երբ հսկայ, ամրոցահիմ մթութիւնն է որ արդէն,

Մթութիւնը զանգուածային, ու ահաւոր, ու տիրական,

Կառուցուած է, տարածուած է անխընայ՝

Անտառին վրայ:

Կորստական կոյր վազքի մը մէջ մոլար,

Ուղիները, հէք ուղիներն անտառին,

Օ՜, մոլար են ու շուարուն.

Ու մութին մէջ, ես գիտեմ, անոնք իրար կը փնտռեն:

Ծառերն ահա ներքեւն իրենց սեւ երազին,

Զոր գրկած են աչքերնին խուփ,

Ծառերը սէգ ու բազմաթիւ,

Կը հեծեծեն ու կ’ընկճուին:

Միայնութեան գիշերն է աս, ու տքնութեան գիշերն է աս ցրտագին:

 

Ու ես, անխոնջ, տառապալից ուղեւոր, իմ կրակըս կը վառեմ:

Ծառերուն մօտ, բացատքին մէջ անտառին,

Ես կը կազմեմ իմ խարոյկըս բոցարծարծ,

Իմ տենչերուս, իմ սէրերուս,

Եւ ոյժերուս, եւ յոյսերուս ջերմութեամբը եւ հուրքովը ըստեղծուած,

 

Ու անոնցմով տենդալից,

Ու անոնցմով ճարճատալից ու շողշողուն:

Յետոյ անհուն ակնածանքով, երկիւղած,

Ծունկի կուգամ ատրուշանիս առընթեր,

Յաւերժական աւիւններուս անսահման:

 

Յետոյ երկու ձեռքերըս ես կ’երկարեմ,

Խառնարանին հրդեհուած ու լուսարձակ,

Ես կ’արբենամ այրումները այս հզօր,

Այս խոյանքը բոցալեզու, բարձրոլոր:

Դիցերգութիւնն այս կըրակէ մեծօրօր,

Զոր ես, խիզախ ուղեւոր,

Յօրինած եմ ճամբուս վըրայ,

Հոգւոյս ներզօր թըռիչներով,

Հուրի, բոցի սեգապանծ դից իբր ընծայ:

 

Ես կ’աղօթեմ ատրուշանիս մօտն ահա,

Ու մենաւոր, ես կը տաքնամ գիշերուան մէջ այս ցրտին

Երբ անդունդները մութին

Զիս իրենց մէջ կը կըլափեն,

Մինչ կը լըսեմ ձայներն ալ,

Հեծեծանքները՝ հըպարտ ու վիրաւոր ծառերուն,

Եղերգի մը մէջ խմբական՝

Շունչովը մեծ՝ ալետատան մեծ հովուն:

Ա՜հ, ուղիներն անտառի ա՛լ կորսուած են հիմա:

 

Ես կը հսկեմ մինչեւ լոյս,

Եւ իմ խարոյկըս ճամբու, միշտ կ’արծարծեմ ես ահա:

Ու մինչեւ այդ, մինչեւ լոյս,

Շողերուն դէմ արփենի,

Հսկումիս մէջ մշտարթուն,

Ես կը տաքնամ կըրակիս քով ճամբորդի,

Մինչ թերեւըս, պահ մը ետք,

Պատկերներն ալ անտառի,

Յաւերժահարս պայիկները դիցանոյշ,

Թեթեւոտըն, սահելով շոյտ, ու խուսափուկ, ու հանգուշն,

Հոծ գիշերուան խոռոչներէն յայտնուին,

Ու ամէնքն ալ լուսաւոր, ըսպիտակ, անրջային,

Շուրջըս դառնան հեշտօրէն

Իրենց պարը ցայգային:

Օ՜ այն ատեն, այդ պահուն,

Շրթունքներըս կարօտագին, տոչորուն

Ատրուշանիս բոցերովը հրկիզուն,

Մոռացումի վայրկեանովը երջանիկ

Հանգչեցնէի պիտի վըրան անոնց ծաղկած շրթներուն:

 

Եւ ահա՛ եմ,

Ու միշտ արթուն ուղեւոր, իմ կըրակըս կ’արծարծեմ:

 

«Ազդակ» 1909, թիւ 31