Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Եւ այն գիշեր կալանաւորներու երազը ճառագայթեց աշտարակին աչքերէն,
եւ կալանաւորներ լսեցին մրրկեղէն դաշնակութիւնը պայքարներուն
եւ անոնք լսեցին Ցայգերգը «Գերագոյն Յիմարութեան» պաշտամունքին…

 

Ընծայ Ռուսաստանի կալանաւորներուն

Եւ այն գիշերը կալանաւորներու երազը ճառագայթեց պարսպակերտ աշտարակին հազիւ թէ բացուող աչքերէն դուրս:

Եւ աշտարակը ուր կալանաւորներ կը բնակէին, կը խոյանար ու կը կոթողանար անվրդով ու մեծ-վայելուչ ու անմարդաբնակ միայնութեան ծոցէն: Անիկա կարմիր տենչն էր որ կը խոյանար ու կը կոթողանար դէպի վեր:

Անիկա կայծակնագեղ տեսիլքներու եւ բոցավառ կամքերու նուիրուած բագինն էր, ուր կալանաւորներ, ընծայաբերուած, գերագոյն ու գեղեցիկ յիմարութեան պաշտամունքը կը կատարէին խռովայոյզ:

Եւ այն գիշեր լիալուսինը անոր կատարը կը լուսազարդէր՝ մեծարանքի ջահակալութեամբը գերագոյն յիմարութեան նուիրուած պաշտամունքին:

Եւ երազը զարմանալիօրէն գեղեցիկ էր՝ որ այդ գիշեր կալանաւորներու տանջալիր նինջը կ’արշալուսէր, ու աշտարակին աչքերէն դուրս կը ճառագայթէր:

Եւ յետոյ, զանոնք կը զարթուցանէր իրենց սեւ խուցերուն անկիւնը՝ անճառելի սարսուռներու վայրկեանի մը մէջ:

Բայց կը լսէին, այո՛, բայց կալանաւորները կը լսէին մրրիկեղէն դաշնակութիւնը պայքարներուն եւ երգերուն՝ հեռաւոր հորիզոններուն վրայ փոթորկող, եւ անիկա ցայգերգի մը քաղցրութեամբը կ’օրրէր զիրենք…

Եւ երազը կը փայլատակէր նորէն իրենց հոգիներուն մէջ, եւ իրենց տանջալիր նինջը կ’երջանկացնէր, զի գերագոյն յիմարութեան պաշտամունքին նուիրաբերուած նոր թափօրներ կը յառնէին…

Եւ կը թուէր իրենց թէ աշտարակը ուր կալանաւորուած էին, աւելի եւս մոլեգնօրէն կ’ապստամբէր դէպի վեր, ինչպէս կարմիր տենչ մը, ինչպէս բագինը մռնչագեղ տեսիլքներուն եւ բոցավառ կամքերուն:

Եւ, զարթած, տակաւին, այո՛, տակաւին կը լսէին երկարաձգուող փոթորկայոյզ դաշնակութիւնը բոցաշունչ ու բոսորագեղ ու դիւցազնական ցայգերգին որ իրենց պարիսպները կը թրթռացնէր.

ՑԱՅԳԵՐԳԸ. Դէպի գերագոյն յիմարութի՛ւնը: Անիկա մեր կրօնքն է որ տիեզերական գեղեցկութիւնները կը համադրէ: Անիկա տեսիլքն է որուն յաճախանքներէն մեր հոգիները կ’աստղազարդուին:

Եւ կալանաւորները պարսպակերտ աշտարակին՝ իրենց հոգւոյն ամէնէն անասելի ու ամէնէն հանդիսաւոր եղանակովը կը պատասխանէին.

ԿԱԼԱՆԱՒՈՐՆԵՐԸ. Անիկա նորաստեղծող ոյժն է, եղբայրնե՛ր որ դէպի մեզ կուգաք: Կը ճանչնա՞ք զայն, գերագոյն յիմարութիւնը. ուրեմն գերագոյն իմաստութիւնը կը խմէք: Անիկա կը կառուցանէ չարչարանքի գիշերներու բագինները, որ կարմիր տենչերու պէս կ’աշտարակուին:

ՑԱՅԳԵՐԳԸ. Եղեռնագործ ձեռք մը չարչարանքի գիշերներու բագինները կառոյց, որպէսզի շիրիմը կառուցանէր մեր տենչերուն եւ երազներուն. բայց մենք բագիններու կը վերածենք զանոնք մեր նուիրական պաշտամունքներուն, եւ անոնցմով կը կոթողացնենք մեր տեսիլքները: Միայն թէ տօնե՛նք մեր տեսիլքներուն հանդէսը, եւ թո՛ղ արիւնը կարմիր մկրտութիւնը հեղու անոնց վրայ…

ԿԱԼԱՆԱՒՈՐՆԵՐԸ. Ո՜վ մխիթարութեան տօնը մեր կսկիծներուն… Ո՜վ արձագանգը հնչեղ՝ մեր տրամներուն՝ լուսաւէտ իրենց մթին խորշերուն մէջ: Ո՜վ փառաբանութեան համերգը՝ որ կը մատուցուի յաղթանակներու հաւատքին համար… Ուրեմն մենք ենք որ կ’ապրինք հեռուն, մեր կրկնութիւնը…

ՑԱՅԳԵՐԳԸ. Մեր ամպրոպումներուն մէջէն նոր մարդկութիւնը կը շնչէ, եւ կը շնչէ՝ գրոհ ու քանդում հեւալէն ու հրաբուխներ ժայթքելէն. Օ՛հ, ու պատմելէն սեւ ու կարմիր ցնորքները իր ճամբուն, անիկա երկունքը կը ճչայ նոր ժամանակներու մեծ հէքեաթին: Ահա այդ հէքեաթը կ’ընթեռնունք բարձրաղաղակ: Ահա գերագոյն պաշտամունքի վայրկեանը « Գերագոյն Յիմարութեան », ո՜վ աշտարակները մեր կալանաւոր եղբայրներուն՝ մոռացուած ամայութիւններու մէջ կոթողացած, ո՜վ բագինները շանթամռունչ տեսիլքներու եւ բոցավառ կամքերու, ո՜վ խորանները մեր կրօնքին պատրուճակներու՝ ուր տարօրինակ մղձաւանջները կը ծաղկին…

Եւ լուսնկայ գիշերին մէջ ցայգերգը կ’երկարէր՝ հրեղէն ու դիւցազնանուագ, եւ այն գիշերը, ցայգերգին օրրանքէն, կալանաւորներու երազն ու յետոյ զարթումը կը ճառագայթէին պարսպակերտ աշտարակին հազիւ թէ բացուող աչքերէն դուրս, մինչ լիալուսինը անոր կատարը կը լուսազարդէր՝ մեծարանքի ջահակալութեամբը գերագոյն յիմարութեան նուիրական պաշտամունքին…

«Ազատամարտ» 1911, թ 480