Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Պատին, շէնքի մը պարտէզը պարփակող հինաւուրց պատին տակ կեցած է ան, կոյր մուրացիկը. դանդաղագնաց թափառական մը իր դեգերումներուն իբր վերջնական կայանք՝ գացած ապաստան գտած է այդ տեղը, ճամբուն եզերքը, պատին տակ: Թէեւ կռնակ չէ տուած անոր, թէեւ անկէ քիչ մը բաժնուած է, ու մեկուսացած կը կենայ, ուղղաձիգ դիրքով մը, բայց իր կոյրի բնազդումով կը հաւատայ թէ իր ետեւը կեցած է ա՛ն ալ իր կարգին, պատը, թէ զինքը կը պաշտպանէ ան, ու կը հովանաւորէ:

Եւ, ապահով, կոյր մուրացիկը կեցած է անշարժ՝ պատին տակ, անձրեւին տակ:

Բարակ, հանդարտ անձրեւ մը կը մաղուի, կը տեղայ անընդհատ. անձրեւ մը որ չ’աղմկեր, որ չի շառաչեր, որ կը քրթմնջէ քան թէ կը խօսի, եւ որուն հարուածներուն տակ տերեւները կը սարսռան քան թէ կը մտրակուին: Բայց կուգայ ան շարունակ, անայլայլ միօրինակութեամբ, կանոնաւոր վայրէջքով, վախկոտ դփրտիւններով, խոնաւութիւնը ցրցքնելով ամէն կողմ, թրջելով ու ոռոգելով ամէն ինչ:

  Թրջուած է նաեւ կոյր մուրացիկը, որ կեցած է անշարժ՝ պատին շուքին ներքեւ: Երկար բիրը, որ իր ռահահորդն է, պորտին վրայ կծկած իր ձեռքերէն մէկուն ափէն կը մեկնի, ու շեղակի կ’երթայ կը յանգի գետինը, յենարան-սիւն մը կազմելով իր ուղղաձիգ հասակին, եռանկիւն մը ձեւացնելով անոր հետ: Ծունկերը քով քովի բերած, ուսերը կծկտած՝ կը թրջուի ան անձրեւին տակ:

Իր այս խղճալի երեւոյթը ա՛լ աւելի պատկերոտ կը դարձնէ իր հնոտի զգեստը, ծռմռտկած կիսակօշիկներ իր բոպիկ ոտքերը կը պատսպարեն, եւ տաբատը, որուն ծերուըտիքը թելատուած են, հազիւ մինչեւ կէսը կը հասնի իր սրունքներուն, որոնք մերկ մնացած են արդէն: Անգոյն ժաքէթը՝ որուն ներքեւ կասկածելի է թէ իր միսը պատատուած ըլլայ ուրիշ ձորձով մը, իր կարգին կարճ քղանցքներովը չի կրնար շրջապատել մէջքը, եւ թոյլ կուտայ որ երեւայ տաբատը կալանաւորող հաստ առասանը: Կուրծքին վերնամասն ալ բաց պիտի մնար ապահովաբար, եթէ լայնշի ու աղեբեկ իր մօրուքը չի փութար վահանելու զայն: Իսկ իւղոտած, գունատած գտակը անկարող է իր մէջ հաւաքելու գլխուն թաւ մազերը, որոնց աճած խռիւները դուրս կը թափին անոր եզերքներէն:

Հակասող միակ այն արտայայտութիւնը, այս սմքած, ցաւագին ու ողորմելի ամբողջութեան մէջ՝ իր գլուխն է. վեր բռնած է զայն, սէգ, հպարտ, անկաշկանդ. իր ամրափակ արտեւանունքներուն տակէն, կը թուի թէ անիկա մտասեւեռ յառած է մաքուր ու ազնուական իտէալի մը, որ պատկառանքի մէջ կը թողու զինքը, եւ վէսութիւն կը ներշնչէ իրեն: Կոյրը կը նայի անոր, ակնածալից՝ բայց խրոխտ, երկիւղալից՝ բայց բարձրոգի. կը նայի իր խաւարամած աչուըներուն խորհրդաւորութեան ընդմէջէն. բայց կը նայի՝ որպէս թէ արշալոյսի բոցավառ ճաճանչում մը փարոս ըլլար իրեն դիմելու համար դէպի մեծվայելուչ մշտնջենի հորիզոնները:

Կոյրը կը նայի ու կը խորհի, ու այնպէս կ’երեւի թէ գոնէ դէմքով մուրացիկ մը չէ ան:

Անձրեւը կը տեղայ աւելի շուտ, անդադրում, եւ կոյր մուրացիկը, կծկուած, կծկած իր ծունկերը, կծկած իր ուսերը, թրջուած ու խխմուած է. անոգի զանգուած մը կը թուի ըլլալ, այդպէս լքուած անձրեւին տակ, որ կը տեղայ, կը տեղայ անընդհատ: Ջուրը կը մզուի իր գտակէն, ձորձերէն, մօրուքէն ու ընչացքէն, բայց կոյրը անդրդուելի՝ կը կենայ հոն, պատին տակ, ան չի ջանար ապաստան մը փնտռելու, ինչպէս սա երկու անցորդները՝ որոնք ահա կը փութան, կ’երագեն իրենց քայլերը. ան՝ կոյրը կը մնայ հոն, ինքնիրմով բաւական՝ քանի որ կը ջանայ ինքն իր մէջ ապաստանիլ, ինքն իր մէջ ամփոփուիլ. քանի որ իր դէմքը՝ զերծ մտահոգութեան նշաններէ, անտարբեր ու խրոխտ, սէգ ու վերամբարձ կ’արձանանայ բարձր մտածումի մը հանդէպ, որուն հասնելու համար ան գլուխը վեր բռնած է այդպէս, զոր գուցէ աւելի լաւ ըմբռնելու համար՝ անիկա այդպէս փակած է իր աչուըները:

«Սուրհանդակ» 1906, թիւ 2212